2025.05.21 Udienza Generale

Փոմփէյէն մինչեւ Լամփետուզա. Իտալիոյ մէջ Սրբազան Պապին հովուական այցելութիւններուն յայտագիրները

Լեւոն ԺԴ Պապը Մայիս 8-էն մինչեւ Յուլիս 4 պիտի իրականացնէ Հռոմէն դուրս չորս ճամբորդութիւններ։ Առաջինը պիտի ըլլայ դէպի Փոմփէյի Սուրբ Վարդարանի Տիրամօր սրբավայր եւ Նափոլի, ապա Մայիս 23-ին՝ Աչերրա՝ հանդիպելու «Կրակներու երկրի» (Terra dei Fuochi) բնակչութեան հետ։ Մայիս 14-ին Ան կ՛այցելէ Հռոմի Սափիենցա համալսարանը. Յունիս 20-ին նախատեսուած են այցելութիւններ Փավիա, ուր կը գտնուին Սուրբ Օգոստինոսի մասունքները, եւ Սանթ’Անճելօ Լոտիճանօ։ Վերջապէս, Յուլիս 4-ին, Լամփետուզա։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ – Հայկական բաժանմունք

Սուրբ Աթոռի Մամլոյ Գրասենեակը Ապրիլ 25-ին, հրապարակեց Լեւոն ԺԴ Պապին Իտալիոյ մէջ կատարելիք յառաջիկայ հովուական այցելութիւններուն յայտագիրները՝ որոնք կ՛ընգրկեն Փոմփէյ, Նափոլի, Աչերրա, Փավիա, Սանթ’Անճելօ Լոտիճանօ եւ Լամփետուզա։ Մինչ մայիս 14-ին նախատեսուած է այցելութիւն Հռոմի Լա Սափիենցա համալսարանին։

Քահանայապետը Մայիս 8-ին պիտի մեկնի Փոմփէյ եւ Նափոլի՝ յարգանքի տուրք մատուցելու Սուրբ Վարդարանի Տիրամօր սրբավայրի հիմնադիր Սուրբ Պարթոլօ Լոնկոյի աճիւններուն, այնտեղ նախագահելով նաեւ Սուրբ Պատարագը եւ Տիրամօր ուղղուած աղերսանքի արարողութիւնը։ Կէսօրէն ետքը Ան պիտի փոխադրուի Նափոլի հանդիպելու համար Քամփանիոյ մայրաքաղաքի Եկեղեցւոյ եւ քաղաքացիներուն հետ, ինչպէս նախօրոք հաղորդուած էր սրբավայրին եւ Նափոլիի արքեպիսկոպոսութեան կողմէ։

Հռոմի Լա Սափիենցա համալսարանw

Հռոմէն դուրս այցելութիւններէն զատ, Քահանայապետը հինգշաբթի 14 Մայիսին պիտի այցելէ Հռոմի Լա Սափիենցա համալսարանը հանդիպելու համար համալսարանականներուն եւ ուսուցչական կազմին հետ։

Այցելութեան յայտագիրը կը նախատեսէ Հոգեւոր պահ եւ ուսանողութեան հետ հանդիպում ապա առանձնազրոյց տնօրէնուհի Անթոնելլա Փոլիմենիի հետ, Պատուոյ մատեանի ստորագրութիւն եւ յուշատախտակի բացում հուսկ հանդիպում ակադեմական ծերակոյտի եւ համալսարանի աշխատակիցներուն հետ։ Քահանայապետը պիտի այցելէնաեւ «Սափիենցա եւ Պապութիւնը» ցուցահանդէսը, իսկ յայտագրին գագաթնակէտը պիտի ըլլայ «Aula Magna» դահլիճին մէջ իր արտասանելիք ճառը՝ ուղղուած դասախօսներուն եւ ուսանողութեան։

«Կրակներու երկրին» մէջ

Մայիս 23-ին Նորին Սրբութիւնը պիտի այցելէ Աչերրա՝ «Կրակներու երկիրը»։ Անոր ուղղաթիռով ժամանումը նախատեսուած է ժամը 8:45-ին՝ «Arcoleo» մարզադաշտին մէջ։

Զինք պիտի դիմաւորեն Անթոնիօ Տի Տոննա եպիսկոպոսը, քաղաքապետ Թիթօ տ’Էրրիքոն, Քամփանիա շրջանի նախագահ Ռոպերթօ Ֆիքոն եւ Նափոլիի կուսակալ Միքելէ Տի Պարին։

Ժամը 9:15-ին Աչերրայի Մայր Եկեղեցւոյ մէջ նախատեսուած է Քամփանիայի եպիսկոպոսներու, կղերական դասի, կրօնաւորներու եւ շրջակայ միջավայրի աղտոտման պատճառաւ մահացածներու ընտանիքներուն հետ հանդիպումը։ Այնուհետեւ, ժամը 10:30-ին, Քալիփարի հրապարակին վրայ տեղի պիտի ունենայ հանդիպում «Կրակներու երկրի» տարբեր համայնքներու քաղաքապետերուն եւ հաւատացեալներուն հետ, որոնց Սրբազան Պապը պիտի արտասանէ ճառ մը որուն աւարտին կը վերադառնայ Վատիկան։

Յունիս 20-ին՝ Փավիա եւ Սանթ’Անճելօ Լոտիճանօ

Լեւոն ԺԴ-ի Լոմպարտիա կատարելիք ճամբորդութիւնը` Յունիս 20-ին կը ներառէ երկու հանգրուան՝ Փավիա եւ Սանթ’Անճելօ Լոտիճանօ։

Քահանայապետը Վատիկանի ուղղաթիռի օդակայանէն կը մեկնի ժամը 13:00-ին եւ վայրէջք կատարէ 14:45-ին Քրաուինոյի CUS ռեկպիի մարզադաշտին մէջ, ուր զինք կը դիմաւորեն քաղաքացիական եւ կրօնական իշխանութիւնները։

Այնուհետեւ ինքնաշարժով կը փոխադրուի Ուռուցքաբանական ռատրոթերափիայի ազգային կեդրոն (CNAO), ուր պիտի զրուցէ տնօրէնութեան, բժշկական անձնակազմին եւ խնամք ստացող երեխաներու ու անոնց ծնողներուն հետ։

Ժամը 15:30-ին ան պիտի ուղղուի դէպի Սան Փիեթրօ ին Չիել տ’Օրօ պազիլիքա, ուր կը պահուին Սուրբ Օգոստինոսին աճիւնները։

Պապին պիտի դիմաւորեն օգոստինոսեան միաբանութեան անդամները, որոնց կարգին՝ միաբանութեան ընդհանուր վանահայր հայր Ճոզեֆ Լ. Ֆարրելը։

Օգոստինոսեան համայնքին հետ կարճ հանդիպումէն ետք, վանքի բակին մէջ տեղի պիտի ունենայ ողջոյնի պահ մը Լոմպարտիայի եպիսկոպոսներուն հետ։

Ժամը 16:15-ին Լեւոն ԺԴ պիտի նախագահէ Խօսքի արարողութիւնը, որուն պիտի յաջորդէ Իփոնայի եպիսկոպոսի (Սուրբ Օգոստինոսի) մասունքներու յարգանքի տուրքը հուսկ Սրբազան Պապին ճառը։

Ժամը 17:00-ին ԱՆ պիտի փոխադրուի Մայր Եկեղեցի, որուն առջեւի հրապարակին վրայ երեխաները ծաղիկներ պիտի մատուցեն, եւ ողջոյնի խօսք պիտի ուղղուի Հարաւային Ամերիկայի համայնքին։ Քահանայապետը պիտի աղօթէ Սուրբ Հաղորդութեան եւ քաղաքի պաշտպան սուրբ` Սուրբ Սիրոյի խորանին առջեւ։

Ժամը 17:30-ին, ան պիտի ուղղուի Վիթթորիա հրապարակ՝ քաղաքացիներուն հետ հանդիպելու։ Ճառէն ետք պիտի մեկնի Սանթ’Անճելօ Լոտիճանօ, ուր Սուրբ Անթոնիոյի եւ Սուրբ Ֆրանչեսքա Քապրինիի ժողովրդապետութեան մէջ կը հանդիպի տեղական հաւատացեալներուն անոնց փոխանցելով իր պատագմը որմէ ետքը վերադարձ կը կատարէ Վատիկան ուր ժամանումը նախատեսուած է 21:15-ին։

Այցելութիւն Լամփետուզա

Վերջապէս, Յուլիս 4-ին Լեւոն ԺԴ.ը պիտի այցելէ Լամփետուզա կղզին։ Ան կղզի պիտի հասնի օդանաւով ժամը 9:00-ին։ Նախ պիտի այցելէ գերեզմանատունը՝ ծաղիկներ զետեղելով այնտեղ, ապա «Եւրոպայի դարպասը» (Porta d’Europa) եւ Ֆավալորոյի նաւամատոյցը, ուր պիտի օրհնէ Ֆրանչիսկոս Պապի անունին նուիրուած յուշատախտակը եւ պիտի ողջունէ խումբ մը գաղթականներ։

Ժամը 10:30-ին նախատեսուած է Սուրբ Պատարագը, որմէ ետք Սրբազան Պապը կը վերադառնայ Վատիկան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/04/2026, 15:56