Որոնել

Փոմփէի Սրբավայրը Փոմփէի Սրբավայրը 

Հաւատք եւ Բարեսիրութիւն. Լեւոն ԺԴ Պապը Մայիս 8-ին կը սպասուի Փոմփէյի եւ Նափոլիի մէջ

Ընտրութեան տարեդարձը Փոմփէյի մէջ տօնելու որոշումը պատահական չէ: Մայիս 8-ն իրապէս Փոմփէյի Վարդարանի Տիրամօր ուղղուած Աղեսրի օրն է, որ Լեւոն ԺԴ-ի քահանայապետութեան Մարեմեան հոգեւորականութեան առանցքային տարրն է: Այսպիսով, արարողութիւնը կը ստանայ գոհաբանութեան եւ յանձնառութեան իմաստ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յառաջիկայ  Մայիս 8-ին՝ իր ընտրութեան առաջին տարեդարձին առթիւ, Քահանայապետը պիտի այցելէ Փոմփէյի Սրբավայր ապա Նափոլի քաղաքը: Տասնհինգ օր ետք՝ Մայիս 23-ին, ան դարձեալ պիտի վերադառնայ Քամփանիա՝ այցելելու Աչերրա քաղաքը, Ֆրանչիսկոս Պապի «Laudato si'» շրջաբերականի տարեդարձին առիթով:

8 Մայիս 2026-ը հոգեւոր մեծ նշանակութիւն պիտի ունենայ Փոմփէյի համար, որ պիտի հիւրընկալէ Սրբազան Քահանայապետին այցելութիւնը՝ հանդիսաւոր պահերով, հանդիպումներով եւ արարողութիւններով հարուստ յայտագիրով մը:

Ընտրութեան տարեդարձը Փոմփէյի մէջ տօնելու որոշումը պատահական չէ:  Մայիս 8-ն Փոմփէյի Վարդարանի Տիրամօր ուղղուած Աղերսի  օրն է, որ Լեւոն ԺԴ-ի քահանայապետութեան Մարեմեան հոգեւորականութեան առանցքային տարրն է:

Այս ճամբորդութեան առանցքը պիտի հանդիսանան հոգեւորականութիւնը, քաղաքացիական երկխօսութիւնը եւ ուշադրութիւնը՝ բնակչութեան ամենատկար խաւերուն հանդէպ։

Առաւօտը Փոմփէյի մէջ. Մարեմեան Ջերմեռանդութեան Սրտին Մէջ

Քահանայապետին ուխտագնացութիւնը պիտի սկսի կանուխ. Վատիկանի ուղղաթիռի օդակայանէն մեկնումը նախատեսուած է ժամը 8:00-ին, իսկ ժամանումը Փոմփէյի Վարդարանի Սուրբ Կոյսին Սրբավայրը՝ ժամը 8:50-ին։

Զինք պիտի դիմաւորեն բարձրաստիճան իշխանութիւններ, որոնց կարգին՝ Թոմազօ Քափութօ Արքեպիսկոպոսը եւ Շրջանային խորհուրդի նախագահ Ռոպերթօ Ֆիքոն։

Առաւօտեան ամենայուզիչ պահերէն մէկը պիտի ըլլայ հանդիպումը «Բարեսիրութեան Տաճարին» մէջ, ուր Պապը մտիկ պիտի ընէ տագնապալի պայմաններու մէջ ապրող անձերու վկայութիւնները։ Այնուհետեւ, հաւատացեալներուն հետ շփումէ մը ետք, Քահանայապետը պիտի նախագահէ հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագը Պարթոլօ Լոնկօ հրապարակին վրայ՝ ժամը 10:30-ին, որ պիտի եզրափակուի Փոմփէյի Տիրամօր ուղղուած աւանդական Աղերսանքով։

Կէսօրէն ետք Նափոլիի մէջ. Եկեղեցական եւ Քաղաքացիական անձնաւորութիւններուն հետ բաժեկցելէ ետք կէսօրուան ճաշը, Սրբազան Պապը ճամբորդութիւնը կը շարունակուի դէպի Քամփանիայի մայրաքաղաք` Նափոլի ուր ժամանումը նախատեսուած է ժամը 15:15-ին՝ Ռոթոնտա Տիազ, ուր Սրբազան Հայրը կը դիմաւորուի Կարդինալ Տոմենիքօ Պաթալիայի եւ քաղաքապետ Կայեթանօ Մանֆրետիի կողմէ։

Նափոլիի յայտագիրը կը ներառէ երկու հիմնական հանգրուան.

Մայր Եկեղեցին (Il Duomo), Ուր Քահանայապետը պիտի հանդիպի կղերական դասին եւ ուխտաւորներուն հետ՝ աղօթքի պահի մը եւ տեղական Եկեղեցիին ուղղուած խօսքի մը համար։

«Այնուհետեւ, Քահանայապետը կը փոխադրուի քաղաքի խորհրդանշական վայրը հանդիսացող Փլեպիշիթօ Հրապարակ՝ քաղաքացիներուն հետ հանդիպելու համար։ Սան Ֆրանչեսքօ տի Փաոլա պազիլիքան այցելելէն ետք, Ան պազիլիքայի մուտքին կանգ առնելով պիտի նախագահէ ժողովրդական տօնախմբութիւնը որ կը ներառէ պաշտօնական ելոյթներ, երիտասարդներու կողմէ խանդավառութիւն եւ պապական ճպատգամը։»

«Օրը կ՛աւարտի Մարիամ Աստուածածնին ուղղուած ընծայման արարողութեամբ եւ վերջնական օրհնութեամբ, որմէ ետքը Լեւոն ԺԴ. վերադարձ կը կատարէ Վատիկան ու ժամանումը նախատեսուած է ժամը 19:30-ին։

Հովուապետական մեծ արժէք ներկայացնող այցելութիւն մը

Լեւոն ԺԴ Պապին այս այցելութիւնը կը նախատեսուի իբրեւ հոգեւոր եւ ընկերային մեծ ազդեցութիւն ունեցող իրադարձութիւն։ Ուշադրութիւն` Ամենաչքաւորներուն հանդէպ ուշադրութիւնը,  կղերական դասին հետ երկխօսութիւնը եւ  հաւատացեալներուն հետ անմիջական հանդիպումը կը հանդիսանան քահանայապետութեան մը  այն հիմնասիւները, որ կը ձգտի զօրացնել Եկեղեցւոյ ներկայութիւնը կենսական արուարձաններուն մէջ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/04/2026, 15:16