Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց Սպանիոյ Թագաւորն ու Թագուհին Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց Սպանիոյ Թագաւորն ու Թագուհին  (ANSA)

Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց Սպանիոյ Թագաւորն ու Թագուհին

Լեւոն ԺԴ. Պապը Վատիկանի մէջ ընդունեց Սպանիոյ Ֆիլիփ Զ. Թագաւորն ու Լեթիսիա Թագուհին՝ վերահաստատելով երկկողմանի ջերմ յարաբերութիւնները եւ յառաջիկայ Առաքելական ճամբորդութեան կարեւորութիւնը: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Սպանիոյ ներքին կացութիւնը, Եկեղեցւոյ դերը ընկերութեան մէջ եւ միջազգային խաղաղութեան ու համակեցութեան սկզբունքներու զօրացման անհրաժեշտութիւնը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Այսօր՝ ուրբաթ, մարտ 20-ին, առաւօտեան, Վատիկանի Առաքելական պալատին մէջ,Լեւոն ԺԴ. Պապը պաշտօնական ունկնդրութիւն մը շնորհեց Սպանիոյ Ֆիլիփ Զ. Թագաւորին եւ Լեթիսիա Թագուհիին: հանդիպումէն ետք, Արքայական զոյգը հանդիպեցաւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար՝ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ, որուն կ’ընկերակցէր Պետութիւններու եւ Միջազգային Կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութեանց քարտուղար՝ Գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալակէր:

Երկկողմանի յարաբերութիւններ եւ առաքելական ճամբորդութիւն

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած հաղորագրութեան մէջ կը կարդանք, որ Պետական Քարտուղարութեան մէջ տեղի ունեցած սրտագին խորհրդակցութիւններու ընթացքին, կողմերը գոհունակութիւն յայտնեցին Սուրբ Աթոռի եւ Սպանիոյ միջեւ գոյութիւն ունեցող ջերմ յարաբերութիւններուն համար: Յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապին սպասուող Առաքելական Ճամբորդութեան, որ պիտի հանդիսանայ երկու կողմերու կապերու ամրապնդման նշանակալից հանգրուան մը:

Այս ծիրէն ներս, քննարկուեցան Սպանիոյ ներքին կացութեան առնչուող այժմէական հարցեր, ինչպէս նաեւ Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը սպանական ընկերութեան մէջ:

Միջազգային խաղաղութեան հրամայականը

Հանդիպման աւարտին, կողմերը անդրադարձան նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային կարեւորութիւն ներկայացնող խնդիրներու: Շեշտուեցաւ խաղաղութեան պահպանման ուղղուած հետեւողական յանձնառութեան անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ միջազգային համակեցութեան հիմքը կազմող սկզբունքներու եւ արժէքներու զօրացման կարեւորութիւնը:

Վատիկանէն մեկնելէ ետք, Արքայական զոյգը ուղղուեցաւ Սանթա Մարիա Մաճորէ պազիլիքան, ուր Ֆիլիփ Զ. Թագաւորին շնորհուեցաւ Լիպերեան պազիլիքայի «Նախականոնիկոս»-ի տիտղոսը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/03/2026, 13:02