Pope Leo XIV visits the parish of Santa Maria della Presentazione in Rome

Լեւոն ԺԴ. Թոռէվեքիայի մէջ. բոլորս կրնանք դառնալ խաղաղութեան եւ հաշտութեան կառուցողներ

Սրբազան Պապը` քառասնորդաց մեծ պահքի շրջանին կազմակերպուած հովուական այցելութիւններու ծիրէն ներս այցելեց Հռոմի թեմի Santa Maria della Presentazione Եկեղեցին ուր հանդիպեցաւ Առաջին Հաղորդութեան պատրաստուող պատանիներուն եւ երիտասարդական խումբերուն հետ հրաւիրելով զանոնք մերժելու բռնութիւնը եւ ընդունելու Յիսուսը։ Ան ապա հանդիպեցաւ հիւանդներն, տարեցներուն ու կամաւորներուն հետ, ինչպէս նաեւ ժողովրդապետութեան Հովուական Խորհուրդի անդամներուն հետ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը Կիրակի 8 Մարտին այցելեց Հռոմի Ընծայման Սուրբ Կոյսի Եկեղեցւոյ ժողովրդապետութիւնը որուն ընթացքին Ան հանդիպում ունեցաւ համայնքի տարբեր խումբերու հետ՝ սկսեալ երեխաներէն և երիտասարդներէն, ապա տարեցներն ու հիւանդները հուսկ ծխական հովուական խորհուրդի անդամները։ Հանդիպումները յատկանշուեցան քաջալերանքի խօսքերով, հաւատքի մասին մտորումներով և համերաշխութեան ու խաղաղութեան կոչերով։

Երեխաներու և երիտասարդներու հետ հանդիպում

Երեխաներուն ուղղած իր ողջոյնի խօսքին մէջ Քահանայապետը Պապը յիշեցուց որ քրիստոնէական կեանքին մէջ միայն մենք չենք, որ Աստուած կը փնտռենք, այլ ճիշտ Յիսուսն է, որ մեզ կը փնտռէ եւ կը բախէ մեր սրտին դուռը։ Ան ապա ընդգծեց Առաջին Հաղորդութեան, աղօթքի և ժողովրդապետական համայնքի կեանքին մասնակցելու կարևորութիւնը։

Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց ապա երիտասարդները Աւետարանը ապրելու գործնական կերպով՝ սիրոյ և օգնութեան գործերով անոնց հանդէպ, որոնք կը տառապին կամ կարիքի մէջ են։

Ան մասնաւորապէս կոչ ուղղեց երիտասարդներուն մերժելու բռնութիւնն ու պատանեկան հալածանքը և դառնալու խաղաղութեան, բարեկամութեան և հաշտութեան կառուցողներ։

Ողջոյնի խօսք հիւանդներուն և տարեցներուն

Այնուհետև Պապը հանդիպեցաւ հիւանդներուն և տարեցներուն հետ՝ յիշեցնելով, որ ինք ժողովրդապետութիւնը կ՛այցելէ է իր որպէս Հռոմի եպիսկոպոս ընտրուելէն տասը ամիս ետք եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ և համայնքին՝ իրենց ջերմ ընդունելութեան համար, ինչպէս նաև ողջունեց հանդիպումին մասնակցող կարդինալներն ու համագործակիցները։

Նորին Սրբութիւնը երախտագիտութիւն արտայայտեց թեմական և ծխական Քարիթասի ծառայութիւններուն, որոնք ամէն օր հոգ կը տանին առաւել խոցելի մարդկանց՝ տարեցներուն, հիւանդներուն, աղքատներուն և գաղթականներուն։

Ան նշեց որ իւրաքանչիւր մարդ մեծ արժէք ունի, քանի որ ստեղծուած է Աստուծոյ պատկերին համաձայն, և որ նոյնիսկ տառապող մարդիկ իրենց ներկայութեամբ, աղօթքով և վկայութեամբ կը մասնակցին Եկեղեցւոյ կեանքին։

Այնուհետև Պապը քաջալերեց բոլորին շարունակել ապրիլ Աւետարանի արժէքներով և իրար աջակցելով որպէս մեծ ընտանիք՝ կիսելով Աստուծոյ սէրը։ Հանդիպումը արտավար Սուրբ Կոյս Մարիամին ուղղուած աղօթքով և օրհնութեամբ։

Հովուական խորհուրդի հետ հանդիպում

Այցի աւարտին տեղի ունեցաւ նաեւ ծխական հովուական խորհուրդի հետ հանդիպումը որուն ընթացքին Լեւոն ԺԴ. Պապը ակնարկեց քսան տարի առաջ տեղի ունեցած վերջին Քահանայապետական այցելութեան երբ 1982-ին Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Այցելած էր համայնքը ու պատարագ մատուցած էր կայանատեղի մը մէջ, նոյն տարին երբ Լեւոն ԺԴ. Պապը քահանայ ձեռնադրուեցաւ։

Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց ծխական համայնքի կարևորութիւնը որպէս բոլորի համար բաց ընտանիք, որ կոչուած է ընդունելու և վկայելու Աստծու ողորմութիւնը։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց համայնքին տարիների ընթացքին անցած ճանապարհին համար՝ եւ անոնց վկայած աճող հաւատքին համար։

Ապագայի մասին խօսելով Սրբազան Պապը հրաւիրեց ծխական համայնքը դառնալու «դէպի դուրս Եկեղեցի», արտայայտութիւն, որ յաճախ օգտագործած է Ֆրանչիսկոս Պապը։․ Եկեղեցի, որ չի սպասեր, որ մարդիկ գան իր մօտ, այլ ինք կ՛երթայ անոնց ընդառաջ, յատկապէս անոնց, որոնք հաւատքէն հեռացած են։

Նորին Սրբութիւնը յիշեց նաեւ թէ այսօր շատ ընտանիքներ և երեխաներ այլևս չեն ճանչնար քրիստոնէական հաւատքը, քանի որ ընտանիքներուն հաւատքի փոխանցումը նուազած է։ Այդ պատճառով ան խրախուսեց համայնքը նուիրուիլ Աւետարանի հռչակումին ՝ ուղեկցելով մարդոց և օգնելով անոնց բացայայտելու Յիսուսին հետ հանդիպման գեղեցկութիւնը։

Հրաւէր հաւատքի և խաղաղութեան

Այցելութեան աւարտին Սրբազան Պապը իր եզրափակիչ խօսքին մէջ հրաւիրեց բոլորը ապրել կիրակին որպէս իրական հանդիպում Տիրոջ հետ՝ խանդավառութեամբ և ուրախութեամբ։ Ան անգամ մը եւս շեշտեց որ Աստուած միշտ մօտ է մարդուն և իւրաքանչիւր քրիստոնեայի կոչ կ՛ընէ աշխարհին մէջ դառնալու խաղաղութեան գործիչ։

Տիրոջ օրհնութեան վստահելով համայնքը՝ Լեւոն ԺԴ Պապը հրաժեշտ առաւ հաւատացեալներէն՝ մաղթելով, որ անոնք շարունակեն ըլլալ Աստուծոյ ներկայութեան կենդանի վկայութիւնը առօրեայ կեանքին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/03/2026, 19:17