Որոնել

Եկեղեցին Մայր է. Լեւոն ԺԴ. Պապին քարոզը Ընծայումի Ս. Մարիամ Ժողովրդապետութեան մէջ մատուցած պատարագի ընթացքին.

«Ձեր ժողովրդապետութիւնը կը դիմագրաւէ տարբեր մարտահրաւէրներ, պակաս չեն մեկուսացումի իրավիճակներ, նիւթական եւ բարոյական աղքատութիւններ...պատանիները եւ երիտասարդները եւս կ՛ապրին վտանգը մեծնալու խաբուելով մահուան վաճառողներէն կամ հիասթափուելով ապագայէն։ Շատեր տուներու մէջ կը սպասեն աշխատանք մը` որ անոնց ապահովէ արժանապատիւ կեանք, ապահով վայր, ուր կարողանան հանդիպիլ, խաղալ, ու միասին ծրագրել գեղեցիկ բան մը» ըսաւ Սրբազան Պապը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի` 8 մարտ 2026-ի կէսօրէն ետքը, Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը այցելեց Հռոմի Թոռէվեքիա շրջանի Ընծայումի Սուրբ Մարիամ (Santa Maria della Presentatione) ժողովրդապետութիւնը։ Այցելութիւն` որ մաս կը կազմէր Լեւոն ԺԴ. Պապին իր Թեմին այսինքն Հռոմի Թեմին կատարած հովուական այցելութիւններուն եւ հանդիսացաւ անոր չորրորդ այցելութիւնը։

Նորին Սրբութիւնը այցելութեան վայր ժամանեց կէսօրէն ետք ժամը չորսի ժամանակները ու դիմաւորուեցաւ Հռոմի թեմի տեղակալ Արքեպիսկիոպս, Կարդինալ Պալտօ Ռէյնանյի եւ Եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Հայր Փաուլօ Սթաքիոթթիի կողմէ: Ան ապա Եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ հանդիպեցաւ քրիստոնէական դասընթացքներու հետեւող մանուկներուն, երիտասարդներուն ու ընտանիքներուն անոնց հետ ունենալով մտերիմ զրոյց մը, ապա հանդիպում ունեցաւ հաշմանդամներու, հիւանդներու եւ ընկերային դժուարութիւններ դիմագրաւող շուրջ վաթսուն անձերու հետ։

Վերոնշեալ հանդիպումներէն ետքը Լեւոն ԺԴ. Ժողովրդապետութեան Եկեղեցւոյն մէջ մատուցանեց Սուրբ Պատարագը, որուն աւարտին հանդիպում ունեցաւ նաեւ Ժողովրդապետութեան հովուական խորհուրդի անդամներուն եւ քահանաներուն հետ։

Քարոզը

Սուրբ զոհի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Սրբազան Պապը շեշտը դրաւ քառասնորդաց ուղեւորութեան վրայ, որ, ըսաւ Ան, «ժամանակ է ուղեւորութեան դէպի Յիսուսին Զատիկը, որուն մէջ Աստուած մեզի մօտիկ կը դառնայ ու կը հրաւիրէ բոլորը նորոգելու հաւատքը եւ ապաշխարելու մաքրելով սիրտը սիրով ու բարեսիրութեան արարքներով»։

Քահանայապետը ապա մեկնաբանեց օրուան աւետարանը որ կը պատմէ Յիսուսին Սամարացի կնոջ հետ հանդիպումին դէպքը։

Տէրը մեզ կը սպասէ ու մեզի կը նուիրէ հնարաւորութիւնը փոխելու մեր կեանքը

Սամարացի կինը, ըսաւ Սրբազան Պապը, կը խորհրդանշէ մեր մեկուսացումի եւ մեղքի վիճակը մինչ Տէրը մեզ կը սպասէ ու մեզի կը նուիրէ հնարաւորութիւնը փոխելու մեր կեանքը։

Արդարեւ Յիսուսին ու սամարացի կնոջ միջեւ այդ հանդիպումը կը ներկայացնէ իւրաքանչիւր անհատի սրտին մէջ գոյութիւն ունեցող սիրոյ եւ իմաստի ծարաւը եւ նոյնիսկ երբ մենք չենք գիտակցիր այդ մէկին, զԱստուած կը փնտռենք ինչպէս ջուրը կը փնտռուի, դիտել տուաւ Նորին Սրբութիւնը բացատրելով, թէ ինչպէս Յիսուս սամարացիին կը հանդիպի անոր կեանքի պահի մը ընթացքին երբ ան միայնակ էր ու մեկուսացուած իր ապրած դժուար կեանքին հետեւանքով։ Հակառակ ասոր սակայն Յիսուս զայն կը սպասէ եւ կ՛ընկալէ Անոր ցոյց տալով, որ Աստուած ողորմութեան եւ ակնկալներու Աստուած է` որ կարող է հանդիպիլ իւրաքանչիւր մարդու փոխելով անոր կեանքը։

Յիսուսին նոր եւ կենդանի ջուրը

«Այս մարդը (Յիսուս) սամարացի կինը սիրեց այնպէս, ինչպէս ոչ ոք սիրած էր զայն։ Մինչ ան ամենօրեայ ջուրը կը փնտռէր, Յիսուս անոր կ՛ուզէր տալ նոր, կենդանի ջուր, որ կարող էր յագեցնել իւրաքանչիւր ծարաւ և հանգստացնել իւրաքանչիւր անհանգստութիւն, քանի որ այս ջուրը կը հոսի Աստուծոյ սրտէն՝ որ իւրաքանչիւր կարօտի անսպառ լիութիւնն է» ըսաւ Լեւոն ԺԴ. ու շարունակեց. «Նախկին դառնութեամբ և հոգևոր չորութեամբ լի ծարաւի փոխարէն, Աստուծոյ Որդին կ՛ առաջարկէ Հօր ողորմութենէն հոսող ջուրով նորոգուած կեանքի պարգևը։ Տիրոջ հետ հանդիպման ժամանակ ամէն ինչ կը փոխակերպուի. ծարաւ կինը կը դառնայ աղբիւր, մերժուածը՝ վստահ։ Ամօթով լի կինը հիմա լեցուած է ուրախութեամբ. ան, որ լուռ կը մնար գիւղին մէջ, կը դառնայ միսիոներ բոլոր բնակիչներուն համար»։

Մկրտութեան միջոցաւ մենք բոլորս ընդունեցանք նոր ջուրին շնորհքը

Սամարացի կինը Յիսուսին հանդիպելով ջրհորի մօտ, հասկցաւ իր իրական ինքնութիւնը եւ գտաւ մեղքէն ազատութիւնը։ Մերժուած եւ մեղսագործ ըլլալէն, դարձաւ Յիսուսի քաջարի վկան, բոլորին յայտնելով անոր սէրն ու ողորմութիւնը։ «Անոր պատմութիւնը օրինակ է, թէ ինչպէս Աստուծոյ շնորհքը կրող իւրաքանչիւր մարդ կը դառնայ ճշմարտութեան եւ սիրոյ աղբիւր ուրիշներուն համար», բացատրեց Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով` որ «Մկրտութեան միջոցաւ մենք բոլորս ընդունեցանք նոր ջուրին շնորհքը, որ կը լուայ բոլոր յանցանքները եւ կը յագեցնէ բոլոր ծարաւները»։

Յիսուսին նման դառնալ նուէր մեր եղբայրներուն

Քառասնորդաց շրջանին հարկ է վերագտնել այդ Խորհուրդին պարգեւը եւ Տէրը ահա մեզ կը սպասէ ու ողորմութեամբ կը բուժէ մեր վէրքերը, ինքզինք նուիրելով մեզի ու մեզ եւս կարող դարձնելով մեր կարգին նուէր դառնալու մեր եղբայրներուն համար, ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը, որ քարոզի վերջին մասը յատկացուց Ժողովրդապետական համայնքին։

Ցոյց տալ Յիսուսին մօտիկութիւնը եւ հոգ տանիլ կարօտեալներուն

«Ձեր ժողովրդապետութիւնը կը դիմագրաւէ տարբեր մարտահրաւէրներ, պակաս չեն մեկուսացումի իրավիճակներ, նիւթական եւ բարոյական աղքատութիւններ...պատանիները եւ երիտասարդները եւս կ՛ապրին վտանգը մեծնալու խաբուելով մահուան վաճառողներէն կամ հիասթափուելով ապագայէն։ Շատեր տուներու մէջ կը սպասեն աշխատանք մը` որ անոնց ապահովէ արժանապատիւ կեանք, ապահով վայր, ուր կարողանան հանդիպիլ, խաղալ, ու միասին ծրագրել գեղեցիկ բան մը» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը ժողովրդապետութեան պատասխանատուները հրաւիրելով ստանձնելու պարտականութիւնը` ցոյց տալու Յիսուսին մօտիկութիւնը եւ հոգ տանելու այն մարդոց եւ կիներուն` որոնք կը թակեն ժողովրդապետութեան դուռը։

Եկեղեցին մայր է. Վստահիլ Տիրոջ

«Եկեղեցին մայր է` որ հոգ կը տանի իր զաւակներուն, առանց զանոնք դատապարտելու, այլ հիւրընկալելով, ունկնդրելով եւ սպառնալիքներու դիմաց աջակցելով անոնց» ըսաւ ապա Քահանայապետը հրաւիրելով ներկաները Աւետարանի լոյսին տակ իմաստութեամբ զատորոշելու թէ ո՞րն է բարին եւ ո՞րն է չարը, կազմելով ազատ եւ հասուն խիղճեր։

Նորին Սրբութիւնը քարոզը եզրափակեց քաջալերելով ներկաները միշտ վստահելու Տիրոջ, «որ կը քալէ մեր հետ եւ մեզի թիկունք կը կանգնի» ըսաւ Ան հայցելով նաեւ Սուրբ Կոյս Մարիամի հովանին` որպէսզի աջակցի անոնց հաւատքի ուղեւորութեան ու անոնց պարգեւէ ուրախութիւնը ըլլալու Աւետարանի խոնարհ ու քաջ հռչակողները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/03/2026, 19:58