Լեւոն ԺԴ. Պապը մեկնեցաւ Մոնաքօ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Շաբաթ` 28 Մարտ 2026-ի առաւօտեան Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը փոխադրող ինքնաթիռը թռիչք առաւ Վատիկանի պարտէզներուն մէջ գտնուող Վատիկանեան Ինքնաթիռակայանէն եւ ուղղուեցաւ Մոնաքօ որ կը հանդիսանայ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին Քահանայապետութեան Երկրորդ միջազգային ճամբորդութեան վայր։ Ժամանումը նախատեսուած է ժամը ինի ժամանակները։
Իտալական օդային տարածքին վրայէն անցնելու ժամանակ Նորին Սրբութիւն աւանդութեան համաձայն հեռագիր մը յղեց Իտալիոյ հանրապետութեան նախագահ Սերճօ Մաթթարելլային, որուն մէջ բացատրեց` թէ ինք Մոնաքօ կը մեկնի իղձով «քաջալերելու քրիստոնէական վկայութիւնը ու հասարակաց բարիքին կառուցումը։ Ան ապա նախագահին ու համայն իտալիոյ հանրապետութեան յղեց իր ամենաբարի մաղթանքները «հոգեւոր, քաղաքացիական եւ ընկերային զարգացումին համար»։
Մոնաքոյի մէջ Լեւոն ԺԴ. Պապին օրակարգը կը նախատեսէ չորս պաշտօնական ժամադրութիւններ` նախ Իշխանական ընտանիքին հետ, ապա կաթողիկէ հասարակութեան հետ հուսկ երիտասարդներուն եւ սուրբ մկրտութեան խորհուրդին պատրաստուողներուն հետ ապա նախ քան Հռոմ վերադառնալը պիտի մատուցէ սուրբ պատարագը։
Այս այցի հեռանկարների մասին խօսած էր կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը՝ Պետական քարտուղարը, Վատիկանի հաղորդամիջոցներուն տուած հարցազրոյցին մէջ , յոյս յայտնելով, որ «այս ուղեւորութիւնը նոր խթան պիտի տայ տեղական եկեղեցւոյ առաքելութեան՝ ամրապնդելով ընդհանուր յանձնառութիւնը հրատապ խնդիրներու շուրջ», ինչպէս են Արարչութեան պահպանութիւնը, կեանքի պաշտպանութիւնը եւ միջազգային զօրակցութեան խթանումը, առանց մոռնալու «ամենախոցելիները»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
