Պապին Մոնաքօ այցելութիւնը պիտի ըլլայ հաւատքի եւ հանդիպումի հրաւէր. Կարդինալ Փարոլին
Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք
Լեւոն ԺԴ. Պապի Մոնաքօ ճամբորդութեան նախօրէին Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը հարցազրոյց մը ունեցաւ Վատիկանի լրատուամիջոցներուն հետ խօսելով Քահանայապետը ճամբորդութեան մասին եւ անոր Մոնքաոյի Իշխանապետութիւն այցը ներկայացուց որպէս բարձր հոգեւոր եւ քաղաքական արժէք ունեցող իրադարձութիւն։
Ասիկա 2026-ի Պապին առաջին եւրոպական ճամբորդութիւնն է Իտալիայէն դուրս, նշան մը՝ ուշադրութեան ուղղուած դէպի փոքր, բայց միջազգային դաշտին մէջ նշանակալից իրականութիւն մը, նշեց ի միջի այլոց Սուրբ Աթոռի Պետքարտուղարը աւելցնելով նաեւ թէ «Մոնաքօն օրինակ մըն է, թէ ինչպէս փոքր պետութիւնները կրնան նպաստել համաշխարհային խաղաղութեան՝ խթանելով երկխօսութիւնը, միջազգային իրաւունքի յարգանքը եւ բարոյական արժէքներու վրայ հիմնուած վստահելիութիւնը եւ ոչ թէ ուժի կիրառումը։
Հակամարտութիւններով եւ լարուածութեամբ լի ժամանակաշրջանին մը մէջ, Սրբազան Պապը կը ձգտի վերահաստատել յստակ պատգամ մը․ խաղաղութիւնը կը կառուցուի հանդիպումի եւ երկխօսութեան միջոցով, ոչ թէ զէնքերով, ըսաւ ի միջի այլոց Կարդինալ Փարոլինը։
Այցելութիւնը ունի նաեւ հովուական նշանակութիւն՝ քաջալերելով տեղական կաթողիկէ համայնքը ապրելու իր հաւատքը անկեղծ եւ բաց ձեւով՝ բազմամշակութային հասարակութեան մէջ։
Միեւնոյն ժամանակ, ասիկա հրաւէր մըն է Եւրոպային՝ վերագտնելու համերաշխութիւնն ու համագործակցութիւնը, յատկապէս գաղթականութեան եւ միջազգային ճգնաժամերու դիմաց, յարեց ծիրանաւորը նշելով նեաւ թէ այս ծիրէն ներս Մոնաքօն կը դառնայ երկխօսութեան եւ համակեցութեան խորհրդանիշ, մինչ Պապին պատգամը կը յիշեցնէ ապագայ մը կերտելու անհրաժեշտութիւնը, հիմնուած մարդկային արժանապատուութեան եւ տեւական խաղաղութեան վրայ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
