Որոնել

Լեւոն Պապ Լեւոն Պապ  (@Vatican Media)

Լեւոն ԺԴ.ը «Tgcom24»ին. Ազատ և յարգալից լրատուութիւնը՝ խաղաղութեան միջոց է

Նորին Սրբութեան պատգամին մէջ առանձնայատուկ ուշադրութիւն յատկացուած է նաև ճշմարտութեան և բարոյական պատասխանատուութեան, հակազդելու համար կեղծ լուրերու տարածումը և խթանելու հանդիպման մշակոյթ, որ կը միացնէ հասարակութեան տարբեր խաւերը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Իտալական Mediaset ընկերութեան Tgcom24-ի 25-ամեակին առիթով Լեւոն Պապը գրաւոր պատգամ մը ուղղած է խմբագրութեան՝ ընդգծելով լրատուամիջոցներու կարևոր դերը փոփոխութիւններու ժամանակաշրջանին մէջ և համացանցի մէջ յաճախ բացայայտուած յարձակողական հաղորդակցութեան դէպքի պարագային։

Քահանայապետը յիշեցուցած է` որ զանգուածային լրատուամիջոցները պարտաւորութիւնն ունին կառուցել երկխօսութեան կամուրջներ, տարածելով տեղեկութիւններ, որոնք չեն սահմանափակուիր միայն նորութիւններու մակերեսային ներկայացմամբ, այլ յարգանքով և համակրանքով կը նային տառապանքի շրջաններուն:

Նորին Սրբութեան պատգամին մէջ առանձնայատուկ ուշադրութիւն յատկացուած է նաև ճշմարտութեան և բարոյական պատասխանատուութեան, հակազդելու համար կեղծ լուրերու տարածումը և խթանելու հանդիպման մշակոյթ, որ կը միացնէ հասարակութեան տարբեր խաւերը:

Լեւոն ԺԴ.ի խօսքերով, ազատ և յարգալից լրատուութիւնը մարդու արժանապատուութիւնը յարգելու միջոցաւ հզօր միջոց է քալելու դէպի անզէն և հաստատակամ խաղաղութիւն:

Սրբազան Պապը պատգամը աւարտած է Tgcom24-ի համայնքին շնորհելով իր Օրհնութիւնները ու զանոնք վստահելով կաթողիկէ հաղորդամիջոցներու պաշտպան սուրբ` Սուրբ Ֆրանչիսկոս Սալեսի հովանիին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/03/2026, 12:00