Լեւոն ԺԴ.ը «Tgcom24»ին. Ազատ և յարգալից լրատուութիւնը՝ խաղաղութեան միջոց է
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Իտալական Mediaset ընկերութեան Tgcom24-ի 25-ամեակին առիթով Լեւոն Պապը գրաւոր պատգամ մը ուղղած է խմբագրութեան՝ ընդգծելով լրատուամիջոցներու կարևոր դերը փոփոխութիւններու ժամանակաշրջանին մէջ և համացանցի մէջ յաճախ բացայայտուած յարձակողական հաղորդակցութեան դէպքի պարագային։
Քահանայապետը յիշեցուցած է` որ զանգուածային լրատուամիջոցները պարտաւորութիւնն ունին կառուցել երկխօսութեան կամուրջներ, տարածելով տեղեկութիւններ, որոնք չեն սահմանափակուիր միայն նորութիւններու մակերեսային ներկայացմամբ, այլ յարգանքով և համակրանքով կը նային տառապանքի շրջաններուն:
Նորին Սրբութեան պատգամին մէջ առանձնայատուկ ուշադրութիւն յատկացուած է նաև ճշմարտութեան և բարոյական պատասխանատուութեան, հակազդելու համար կեղծ լուրերու տարածումը և խթանելու հանդիպման մշակոյթ, որ կը միացնէ հասարակութեան տարբեր խաւերը:
Լեւոն ԺԴ.ի խօսքերով, ազատ և յարգալից լրատուութիւնը մարդու արժանապատուութիւնը յարգելու միջոցաւ հզօր միջոց է քալելու դէպի անզէն և հաստատակամ խաղաղութիւն:
Սրբազան Պապը պատգամը աւարտած է Tgcom24-ի համայնքին շնորհելով իր Օրհնութիւնները ու զանոնք վստահելով կաթողիկէ հաղորդամիջոցներու պաշտպան սուրբ` Սուրբ Ֆրանչիսկոս Սալեսի հովանիին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
