Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Պապն ու Պաղեստինի Պետութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս Լեւոն ԺԴ. Պապն ու Պաղեստինի Պետութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս  (ANSA)

Լեւոն ԺԴ. Պապի Հեռախօսազրոյցը Պաղեստինի Պետութեան Նախագահին Հետ

Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը Մահմուտ Ապպասի հետ հեռախօսազրոյցի ընթացքին քննարկած է Միջին Արեւելքի մտահոգիչ իրավիճակը եւ պաղեստինցի ժողովուրդի ծանր կացութիւնը: Քահանայապետը վերահաստատած է Սուրբ Աթոռի յանձնառութիւնը՝ խաղաղութեան հասնելու դիւանագիտական երկխօսութեան եւ միջազգային օրէնքի պահպանման միջոցաւ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, մարտ 16-ին, Լեւոն ԺԴ.Քահանայապետը հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Պաղեստինի Պետութեան նախագահ Վսեմաշուք Տիար Մահմուտ Ապպասի հետ։ Զրոյցի առանցքը կազմեցին Միջին Արևելքի հակամարտութեան մտահոգիչ զարգացումները և պաղեստինցի ժողովուրդի ապրուստի ծանր պայմանները։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած հաղորագրութեան մէջ կը կարդանքը, որ զրոյցի ընթացքին Քահանայապետը վերահաստատեց Սուրբ Աթոռի յանձնառութիւնը ի նպաստ խաղաղութեան շեշտելով, որ խաղաղութիւնը պէտք է իրականանայ քաղաքական ու դիւանագիտական երկխօսութեան միջոցաւ՝ հիմնուած Միջազգային Օրէնքի լիակատար յարգանքին վրայ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/03/2026, 13:45