Լեւոն ԺԴ. Պապի Հեռախօսազրոյցը Պաղեստինի Պետութեան Նախագահին Հետ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Երկուշաբթի, մարտ 16-ին, Լեւոն ԺԴ.Քահանայապետը հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Պաղեստինի Պետութեան նախագահ Վսեմաշուք Տիար Մահմուտ Ապպասի հետ։ Զրոյցի առանցքը կազմեցին Միջին Արևելքի հակամարտութեան մտահոգիչ զարգացումները և պաղեստինցի ժողովուրդի ապրուստի ծանր պայմանները։
Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած հաղորագրութեան մէջ կը կարդանքը, որ զրոյցի ընթացքին Քահանայապետը վերահաստատեց Սուրբ Աթոռի յանձնառութիւնը ի նպաստ խաղաղութեան շեշտելով, որ խաղաղութիւնը պէտք է իրականանայ քաղաքական ու դիւանագիտական երկխօսութեան միջոցաւ՝ հիմնուած Միջազգային Օրէնքի լիակատար յարգանքին վրայ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
