Ազատենք սրտերը եսասիրութեան, նիւթապաշտութեան և բռնութեան գերեզմաններէն. Լեւոն Պապ
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
«Սիրելի՛ եղբայրներ և քոյրեր, բարի լոյս։ Մեծ Պահքի այս հինգերորդ կիրակի օրը Ծէսը կը հռչակէ Ղազարոսի յարութեան Աւետարանը (տե՛ս Յովհաննէս 11։1-45)» այս խօսքերով է որ Լեւոն Քահանայապետը սկիզբ տուաւ 22 Մարտի Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութեան զոր ներկայացուց առաքելական պալատի իր գրասենեակէն Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գտնուող հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ, որոնց շարքին էին նաեւ Հռոմի մարաթոնի վազորդները
Ես եմ Յարութիւն եւ Կեանք
«Մեծ Պահքի ճանապարհորդութեան մէջ ասիկա նշան է, որ կը խօսի Քրիստոսի յաղթանակի և յաւիտենական կեանքի պարգևի մասին, որ մենք կը ստանանք Մկրտութեան ժամանակ (տե՛ս Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ քրիստոնէական, 1265)» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը դիտել տալով, որ «այսօր Յիսուս մեզի եւս կը կրկնէ Ղազարոսի քրոջ Մարթային ուղղած խօսքերը. «Ես եմ յարութիւն և կեանք. Ով որ ինծի հաւատայ, նոյնիսկ եթէ մեռնի, պիտի ապրի եւ ով որ կ՛ապրի և ինծի կը հաւատայ, երբեր պիտի չմեռնի» (Յովհ. 11:25-26):
Լոյսով ապրիլ Աւագ Շաբաթը
Ծիսակատարութիւնը մեզ կը հրաւիրէ այս լոյսով վերապրելու մօտալուտ Աւագ Շաբաթուան մէջ Տիրոջ չարչարանքներու իրադարձութիւնները` Երուսաղէմ մուտքը, Վերջին Ընթրիքը, դատավարութիւնը, Խաչելութիւնն ու թաղումը, որպէսզի հասկանանք անոնց ճշգրիտ իմաստը եւ բացուինք շնորհքի պարգեւին, զոր անոնց մէջ է։
Յաւիտենականութեան պահանջի կարիքը
«Արդարեւ, մահը յաղթող ու մեր մէջ մկրտութեան շնորհքով բնակող Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան մէջ է, որ այդ դէպքերը իրենց աւարտը կը գտնեն, մեր փրկութեան և կեանքի ամբողջականութեան համար» ըսաւ Սրբազան Պապը նշելով` որ անոր շնորհքն է, որ կը լուսաւորէ մեր այս աշխարհը, որ կը թուայ միշտ նորութեան ու փոփոխութեան փնտռտուքի մէջ ըլլալ, նաեւ զոհելով շատ մը կարեւոր բաներ, ինչպէս ժամանակը, արժէքը, ուժն ու սէրը, կարծես թէ հռչակաւոր դառնալը, նիւթական հարստութիւնը, զուարճութիւնները եւ անցողիկ յարաբերութիւնները կարողանային լեցնել մեր սիրտը կամ մեզ անմահ դարձնել» նշեց Ան նկատելով տալով որ` «Սա յաւիտենականութեան պահանջի նշան է, որ կը գտնուի իւրաքանչիւրիս մէջ, բայց որուն պատասխանը կարելի չէ վստահել այն բաներուն` որոնք անցողիկ են»։
Ստեղծուած ենք Աստուծոյ համար և խաղաղութիւն չենք գտներ մինչև չհանգստանանք Անոր մէջ
«Ոչ մէկ սահմանափակ բան կարող է յագեցնել մեր ներքին ծարաւը, քանի որ մենք ստեղծուած ենք Աստուծոյ համար, և մենք խաղաղութիւն չենք գտներ, մինչև չհանգստանանք Անոր մէջ (հմմտ. Խոստովանութիւններ, I, 1.1), յարեց հուսկ Քահանայապետը, մէջբերելով Սուրբ Օգոստինոսին խօսքերը եւ նշեց որ «Ղազարոսի Յարութեան դրուագը մեզ կը հրաւիրէ մենք մեզ ունկնդրութեան մէջ դնելու այդ խոր կարիքին, եւ Սուրբ Հոգիի զօրութեամբ ազատելու մեր սրտերը այնպիսի սովորութիւններէ, պայմանաւորուածութիւններէ եւ մտածելակերպերէ, որոնք ժայռաբեկորներու նման, մեզ կը փակեն եսասիրութեան, նիւթապաշտութեան, բռնութեան և մակերեսայնութեան դամբարաններուն մէջ» որոնք վայրեր են ուր «կեանք չկայ եւ կայ միայն շփոթութիւն, դժգոհութիւն և առանձնութիւն» հաստատեց Սրբազան Պապը։
Դուրս գալ
Ան նաեւ աւելցուց «Յիսուս մեզի եւս այսօր կ՛ըսէ. «Դուրս եկուր», մեզ խրախուսելով դուրս գալ, եւ իր շնորհքով ոգեւորուած քալելու սիրոյ լոյսին մէջ, որպէս մարդիկ եւ կիներ, որոնք կարող են յուսալ եւ սիրել, անոր անսահման սիրոյ օրինակով, առանց հաշուարկներու եւ առանց չափի։
«Թող Սուրբ Կոյս Մարիամը օգնէ մեզի այս սուրբ օրերը ապրելու այդպէս՝ իր հաւատքով, իր վստահութեամբ, իր հաւատարմութեամբ, որպէսզի մենք նոյնպէս ամէն օր նորոգենք Անոր յարութիւն առած Որդիին հետ հանդիպման լուսաւոր փորձառութիւնը» եղան Լեւոն ԺԴ. Պապին Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութեան եզրափակիչ խօսքերը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ