Որոնել

2026.02.04 Udienza Generale

Աստուած մարդոց կը խօսի հասկնալի լեզուով` 4 Փետրուարի հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը

Սուրբ Գրութեան աստուածային ծագումը նաեւ կը յիշեցնէ, որ Աւետարանը, որ վստահուած է մկրտուածներու վկայութեան, թէեւ կ’ընդգրկէ կեանքի եւ իրականութեան բոլոր չափանիշերը, կը գերազանցէ զանոնք. ան չի կրնար սահմանափակուիլ պարզ մարդասիրական կամ հասարակական պատգամի, այլ կեանքի լիութեան եւ յաւիտենական կեանքի ուրախ աւետիսն է, զոր Աստուած մեզի շնորհեց Յիսուսի մէջ։ Աղօթենք` որպէսզի մեր խօսքերն ու առ աւելիով մեր կեանքը երբեք չխաւարեն Աստուծոյ սէրը, որ անոնց մէջ պատմուած է։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան 

Չորեքշաբթի` 4 Փետրուար 2026-ի առաւօտեան Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը գլխաւորեց աւանդական հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Վատիկանի Պօղոս Զ.ի անուան դահլիճին մէջ։

Աստուած կը շարունակէ խօսիլ բոլոր ժամանակներու մարդոց հետ

Շարունակելով Վատիկանեան Տիեզերական Ժողովի «Dei Verbum» վարդապետական սահմանադրութեան մասին իր խորհրդածութիւնները Սրբազան Պապը նշեց` թէ ըստ այդ սահմանադրութեան, Սուրբ Գիրքը, որ կը կարդացուի Եկեղեցւոյ կենդանի Աւանդութեան մէջ, «կը հանդիսանայ արտօնեալ վայր մը, ուր Աստուած կը շարունակէ խօսիլ բոլոր ժամանակներու մարդոց հետ, որպէսզի անոնք զինք ճանչնան եւ սիրեն»:

«Այսուհանդերձ Աստուածաշնչեան գրութիւնները երկնային կամ գերմարդկային լեզուով չեն գրուած այլ մարդկային լեզուով, որպէսզի ըլլան հասկնալի, որովհետեւ մէկը միւսը հասկնալը յաճախ սիրոյ առաջին արարք մըն է» յարեց Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով, որ Աստուած ընտրեց խօսիլ մարդկային լեզուով եւ մէջբերեց ժողովական փաստաթուղթին խօսքերը. «Աստուծոյ խօսքերը, մարդկային լեզուներով արտայայտուած, նման եղան մարդու խօսելակերպին, ինչպէս որ արդէն յաւիտենական Հօր Բանը, ընդունելով մարդկային բնութեան տկարութիւնները, նման եղաւ մարդուն» (DV, 13)։

Աստուած չի վերացներ մարդը, այլ զայն կ'օգտագործէ սուրբ գրութիւններու ստեղծման համար

 Ուստի ոչ միայն իր պարունակութեամբ այլեւ ոճով է` որ Սուրբ Գիրգը կը յայտնէ Աստուծոյ ողորմած խոնարհումը մարդոց հանդէպ եւ անոնց մօտենալու անոր փափաքը, ըսաւ  Սրբազան Պապը եւ մատնանշեց  թէ դարերու ընթացքին Աստուածաբանութիւնը գնահատեց աստուածաշնչական գրողներու ներդրումը սուրբ գրութիւններու ստեղծման մէջ։ Ըստ այդ գնահատման, Աստուած կը հանդիսանայ սուրբ գրութիւններուն «հեղինակը», իսկ աստուածաշնչական գրողները` «իրական հեղինակները»: Այս մօտեցումը կը գնահատէ մարդկային կարողութիւնները եւ կը ճանչնայ, որ Աստուած չի վերացներ մարդը, այլ զայն կ'օգտագործէ սուրբ գրութիւններու ստեղծման համար:

Աստուածային եւ մարդկային կողմերուն միաժամանակ դիտարկումը

Սուրբ Գրութեան ճիշտ ըմբռնումը կը պահանջէ անոր աստուածային եւ մարդկային կողմերուն միաժամանակ դիտարկում, առանց անտեսելու պատմական միջավայրը եւ գրական ձեւերը: Այս սկզբունքը կը վերաբերի նաեւ Աստուծոյ Խօսքի հռչակումին. եթէ ան կը կորսնցնէ կապը իրականութեան հետ, մարդոց յոյսերուն եւ տառապանքներուն հետ, եթէ կը գործածէ անհասկանալի, սակաւ հաղորդակցական կամ ժամանակավրէպ լեզու, ապա ան կը դառնայ անարդիւնաւէտ։

Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը Աստուածային խօսքը վերամարմնաւորելու մարդկային լեուզով

«Ամէն ժամանակաշրջանի մէջ, Եկեղեցին կանչուած է վերամարմնաւորելու Աստուածային Խօսքը մարդկային լեզուով, որպէսզի ան կարողանայ մարմնանալ պատմութեան մէջ եւ հասնիլ սրտերուն: Սակայն այդ Խօսքը չի կարող գնահատուիլ լոկ որպէս մարդկային կամ հասարակական պատգամ: Ան կը մնայ Յիսուսի մէջ տրուած լիակատար եւ յաւերժական կեանքի ուրախ յայտարարութիւնը` զոր կարելի է հասկնալ երբ հաւատացեալը այդ գրութիւնները կը կարդայ ու կը մեկնաբանէ Սուրբ Հոգիի առաջնորդութեամբ, որ ներշնչած է զանոնք» ըսաւ ի միջի այլոց Նորին Սրբութիւնը։

Այս իմաստով Սուրբ Գիրգը կը ծառայէ սնուցելու հաւատացեալներուն կեանքն ու սէրը ինչպէս կ՜ըսէ Սուրբ Օգոստինոսը. «Ով` որ կը կարծէ թէ հասկցած է աստուածային Գրութիւնները […], եթէ այդ հասկնալով չի կարողանար բարձրացնել այս կրկնակի սիրոյ շինութիւնը՝ Աստուծոյ եւ մերձաւորին, ապա տակաւին իսկապէս չէ հասկցած զանոնք»։

Աւետարանը կեանքի լիութեան եւ յաւիտենական կեանքի ուրախ աւետիս

Սուրբ Գրութեան աստուածային ծագումը նաեւ կը յիշեցնէ, որ Աւետարանը, որ վստահուած է մկրտուածներու վկայութեան, թէեւ կ’ընդգրկէ կեանքի եւ իրականութեան բոլոր չափանիշերը, կը գերազանցէ զանոնք. ան չի կրնար սահմանափակուիլ պարզ մարդասիրական կամ հասարակական պատգամի, այլ կեանքի լիութեան եւ յաւիտենական կեանքի ուրախ աւետիսն է, զոր Աստուած մեզի շնորհեց Յիսուսի մէջ։

«Շնորհակալութիւն յայտնենք Տիրոջ` որ իր բարութեամբ երբեք մեր կեանքէն չի պակսեցնէր իր Խօսքին հիմնական սնունդը եւ աղօթենք որպէսզի մեր խօսքերն ու առ աւելիով մեր կեանքը երբեք չխաւարեն Աստուծոյ սէրը, որ անոնց մէջ պատմուած է» եղան Լեւոն ԺԴ. Պապի խորհրդածութեան եզրափակիչ խօսքերը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/02/2026, 10:24

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >