Լեւոն ԺԴ․ Պապի՝ յառաջիկայ ամիսներուն միջազգային ճամբորդութիւնները՝ ի նշան ուրախութեան, յոյսի, խաղաղութեան եւ հաւատքի
Մարիամ Երեմեան – Վատիկան
Խանդավառ են արձագանգները այն Երկիրներէն, զորս Լեւոն ԺԴ․ պիտի այցելէ յառաջիկայ ամիսներուն։
Սուրբ Աթոռի Մամլոյ Գրասենեակի կողմէ 25 Փետրուարին տարածած հաղորդագրութեան համաձայն ՝ Սրբազան Քահանայապետի 2026 թուականի յառաջիկայ ամիսներուն միջազգային առաքելական ուղեւորութիւններու ծրագիրը պիտի սկսի Մոնաքոյի Իշխանութիւն մէկօրեայ կարճատեւ այցով՝ 28 Մարտին, ապա՝ 13-23 Ապրիլին, նախատեսուած է այցելութիւն Ափրիկէ՝ Ալճերիա, Քամերուն, Անկոլա եւ Հասարակածային Կինէա՝ տասնօրեայ ուղեւորութիւն տասնմէկ հանգրուաններով, ի վերջոյ՝ 6-12 Յունիսին, կ’աւարտի Սպանիա՝ Մատրիտ, Պարսելոնա եւ Քանարեան կղզեխումբ՝ ներառեալ Թեներիֆէ եւ Կրան Քանարիա, այցելութեամբ։վերջոյ՝ 6-12 Յունիսին, կ’աւարտի Սպանիա՝ Մատրիտ, Պարսելոնա եւ Քանարեան կղզեխումբ՝ ներառեալ Թեներիֆէ եւ Կրան Քանարիա, այցելութեամբ։
ՄՈՆԱՔՕ՝ պատմական իրադարձութիւն
Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Պապի՝ Մոնթէքարլօ մէկօրեայ այցը նախադէպ չունեցող պատմական իրադարձութիւն մըն է, քանզի առաջին անգամն է, որ Քահանայապետ մը կ’այցելէ Մոնաքոյի Իշխանութիւն։ Այս փոքրիկ Քաղաք-Պետութեան Արքեպիսկոպոսութիւնը եւ Իշխանական Պալատը բարձր գնահատած են պահը, այցի առթիւ տարածած հաղորդագրութեան մէջ, յիշեցնելով նաեւ որ 2027 թուականին պիտի նշուին երկու յոբելենական տարեդարձեր՝ Ռոշէրի վրայ առաջին ծխական համայնքի հիմնադրութեան 780-ամեակը եւ «Quemadmodum sollicitus Pastor» պապական հրովարտակի 140ամեակը, որով Լեւոն ԺԳ․ Քահանայապետը 15 Մարտ 1887ին հաստատեց Մոնաքոյի թեմը՝ ուղղակի ենթակայ Սուրբ Աթոռին։ Հաղորդագրութեան մէջ վերահաստատուած է` որ Մոնաքոյի Իշխանութիւնը «այն քիչ Երկիրներէն մէկն է, ուր կաթողիկէութիւնը պետական կրօն է»։
Մոնաքոյի Արքայազն Արլպերթօ Բ․, որուն 17 Յունուարին Լեւոն ԺԴ․ Պապ ունկնդրութիւն շնորհած էր Վատիկանի մէջ, իշխանուհի Շարլէնի հետ միասին յայտարարած են, թէ Քահանայապետի այցելութիւնը «կը տեղաւորուի դարաւոր այն կապերուն շարունակութեան մէջ, որոնք կը միացնեն Կրիմալտիի արքայատոհմը Պետրոսի իրաւայաջորդներուն, ինչպէս նաեւ Մոնաքոյի Իշխանութեան եւ Սուրբ Աթոռին միջեւ հին եւ վստահելի դիւանագիտական յարաբերութիւններու շրջանակին մէջ»։
ԱՓՐԻԿԷ
Ալճերիա՝ Լեւոն ԺԴ․ «խաղաղութեան առաքեալ»՝ Սուրբ Օգոստինոսի հետքերով
Ալճերիոյ Եպիսկոպոսները քաղաքացիները եւ համայնքները կը հրաւիրեն աղօթքի եւ սրտանց պատրաստութեան, ուր Պապի այցելութիւնը կը դիտուի որպէս «խաղաղութեան եւ յոյսի պատգամ»։
Անցեալ դեկտեմբերին՝ Պէյրութէն վերադարձի թռիչքի ընթացքին տուած հարցազրոյցին ատեն Նորին Սրբութիւնը յոյս յայտնած էր «անձամբ այցելել Ալճերիա՝ Սուրբ Օգոստինոսի վայրերը տեսնելու համար, բայց նաեւ շարունակելու համար երկխօսութիւնը, կամուրջներու կառուցումը քրիստոնէական եւ մահմետական աշխարհներուն միջեւ»։
Քամերուն, Անկոլա, Հասարակածային Կինէա՝ Պապի այցը՝ «յոյսի նշան»
Լեւոն ԺԴ․ Քամերունի մէջ պիտի այցելէ Եաունտէն, Պամենտան եւ Տուալան, Անկոլայի մէջ նախատեսուած է այց Լուանտա, Մուքսիմա եւ Սաուրիմօ, իսկ Ափրիկէի վերջին հանգրուանը կը կազմէ ցամաքամասի միակ սպանախօս Երկիրը՝ Հասարակածային Կինէան՝ Մալապօ, Մոնկոմօ եւ Պաթայէ։
Մասնաւորապէս, Քամերունի Պամենտայի թեմի հաղորդագրութեան համաձայն, այցի լուրը, որ «բարձր խանդավառութիւն յառաջացուցած է», «պիտի կեդրոնանայ Քամերունի կաթողիկէներու հաւատքի ամրապնդման, խաղաղութեան խթանման եւ երկրի մարդասիրական ճգնաժամին դիմագրաւման վրայ»։
Յիրաւի, այդ Երկիրի մէջ Լեւոն ԺԴ․ այցելութեան մասին լուրը, «յոյսի նշան» է՝ «շարունակուող քաղաքական եւ անվտանգութեան մարտահրաւէրներու համածիրէն ներս», մինչ տեղական իշխանութիւնները կը յարմարեցնեն ենթակառուցուածքները, ներառեալ օդակայանը, ապահովելու այցի անվտանգ իրականացումը։
ՍՊԱՆԻԱՆ սկսած է կազմակերպչական կառոյցներու ստեղծումը
Ի վերջոյ, Յունիսին Լեւոն Պապը պիտի այցելէ Սպանիա՝ Մատրիտ, Պարսելոնա եւ Քանարեան կղզիներ։ Երկիրը 2011 թուականէն ի վեր, ԵՀՕի ծիրէն ներս Պենետիկտոս ԺԶ.ի Մատրիտ այցելութենէն ետք, Քահանայապետ չէ հիւրընկալած։ Ուստի, հովուական եւ կազմակերպչական հարցերը լաւագոյնս կառավարելու նպատակով, սկսած են համապատասխան յանձնաժողովներ եւ կառոյցներ ստեղծելու աշխատանքները։
Պարսելոնայի մէջ Քահանայապետը հանդիսաւոր կերպով բացումը պիտի կատարէ «Sagrada Familia»ի նոր եւ աւելի բարձր աշտարակին՝ հանճարեղ ճարտարապետ, անցեալ տարի Աստուծոյ ծառայ հռչակուած, Անթոնիօ Կաուտիի մահուան հարիւրամեակին նուիրուած արարողութեան մը ընթացքին։
Մեծապէս խորհրդանշական է Լեւոն ԺԴ․ Պապի այցը Քանարեան կղզեխումբ, որ քաջալերանքի աղբիւր է բոլոր հովուական գործիչներուն համար, որոնք ներգրաւուած են գաղթականները հիւրընկալելու եւ անոնց ուղեկցելու գործընթացի մէջ, քանզի «ցամաքամասերու միջեւ կամուրջ» հանդիսացող այդ կղզեխումբը, զբօսաշրջային հրաշալի ուղղութիւն ըլլալով հանդերձ, վերջին տարիներուն նշուած է գաղթականութեան ողբերգութեամբ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
