Որոնել

2025.11.27 Viaggio Apostolico in Türkiye - Partenza da Fiumicino

Ափրիկէ, Սպանիա, Մոնաքոյի Իշխանութիւն, Յոբելենական տարիէն ետքը Քահանայապետը կը վերսկսի ճամբորդութիւնները

Յայտարարուեցան Լեւոն ԺԴ. Պապին յառաջիկայ ամիսներուն կատարելիք առաքելական ճամբորդութիւնները. Տասը օր Ափրիկէի մէջ, Ալճերիոյ, Քամերունի, Անկոլայի եւ Հասարակարծային Կինէայի միջեւ, մէկ օր Մոնթեքարլօ ապա վեց օր Սպանիա, Մատրիտ, Պարսելոնա եւ Քանարեան կղզիներու կղզեխումբ։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք

Տասը օր տեւող ճամբորդութիւն մը Ափրիկէ, երկու ճամբորդութիւններ Եւրոպա, մէկը միայն մէկ օրուայ տեւողութեամբ դէպի Մոնաքոյի Իշխանութիւն, եւ միւսը  վեց օրուան՝ դէպի Սպանիա եւ անոր Քանարեան կղզեխումբը։

2025-ի վերջաւորութեան դէպի Թուրքիա եւ Լիբանան կատարած նշանակալից ճամբորդութենէն ետք, եւ յաջորդ ճամբորդութիւններուն մասին յայտարարութենէն ետք Իտալիոյ տարածքին մինչեւ Լամփետուզա, Լեւոն ԺԴ. Պապը կը վերսկսի իր միջազգային ուխտագնացութիւնները` ինչպէս յայտարարեց այսօր Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը։

Անոնցմէ ամենաերկարը 13էն 23 ապրիլ զայն պիտի տանի Սուրբ Օգոստինոսի հետքերուն վրայ Ալճերիա` (Ալճեր եւ Աննապա), հուսկ Կեդրոնական Ափրիկէ` Քամերուն, ուր պիտի այցելէ Եաունտէն, Պամենտան եւ Տուալան, ապա Անկոլա ուր նախատեսուած է այց Լուանտայի, Մուքսիմայի եւ Սաուրիմոյի, եւ ի վերջոյ Հասարակարծային Կինէայ` անցնելով Մալապոյէն, Մոնկոմոյէն եւ Պաթայէն։

Բարդ առաքելութիւն մը, որ միաժամանակ ճամբորդութիւն է «Յիփփոնի» սուրբին` Սուրբ Օգոստինոսի յիշատակով, որուն անձին հետ սերտօրէն կապուած է Պետրոսին Յաջորդը, ապա կարգն է երկու զարգացող երկիրներու՝ յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով վերջիններուն, աղքատներուն եւ անոնց հոգ տանողներուն։

Խաղաղութիւնը եւս պիտի հանդիսանայ Լեւոն ԺԴ.ի նպատակներէն մէկը. Ան կը մեկնի դէպի Քամերունի հիւսիսային անգլիախօս շրջանը, ուր տասը տարիէ ի վեր քաղաքացիական պատերազմ մը կը շարունակուի՝ կանոնաւոր զինուած ուժերուն եւ ապստամբներուն միջեւ։ Վերջին հանգրուանը կը կազմէ Հասարակարծային Կինէան` Ափրիկէի միակ սպանախօս երկիրը։

Ուխտագնացութիւն մը, որ իր տեւողութեամբ կը մօտենայ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի 1985-ին Ափրիկէ կատարուած ճամբորդութեան, 11 օրուան ընթացքին այցելելով 7 երկիրներ։

2026-ի առաջին կիսուն արտասահմանեան ճամբորդութիւնները պիտի սկսին միօրեայ արագ ճամբորդութեամբ մը` դէպի Մոնաքոյի Իշխանութիւն` որ նախատեսուած Մարտ 28-ին՝ Աւագ Շաբաթուան նախօրէին։ Լեւոն ԺԴ. դրական պատասխան տուաւ աշխարհի ամենափոքր երկիրներէն մին համարուած իշխանապետութեան իշխանութիւններուն բազմիցս ուղղած հրաւէրներուն, որոնք նախ ուղղուած էին Ֆրանչիսկոս Պապին, որ չկարողացաւ իրականացնել զայն, ապա՝ իրեն։

Իշխանապետութիւնը կը ներկայացնէ Եւրոպական իրականութիւն մը, ուր կաթողիկէութիւնը պետական կրօն է, եւ ուր քաղաքացիական հաստատութիւններուն ու Եկեղեցւոյ միջեւ երկխօսութիւնը կը պահպանէ շօշափելի կշիռ` նաեւ հանրային քննարկումներուն մէջ։

Նշանակալից է նաեւ Իշխանապետութեան խաղաղութեան ի նպաստ յանձնառումը, որ ժամանակակից դարաշրջանին մէջ առաջին անգամ ըլլալով առիթը պիտի ունենայ ընդունելու Քահանայապետ մը։

Ի վերջոյ Լեւոն ԺԴ., Յունիս 6-էն 12 պիտի այցելէ Սպանիան. նախ մայրաքաղաք Մատրիտը, ապա՝ Պարսելոնան, որպէսզի հանդիսաւորապէս բացումը կատարէ Sagrada Familia-ի նոր եւ աւելի բարձր աշտարակին՝ այն յուշակոթող տաճարին, որ վերաձեւաւորած է քաթալոնիական քաղաքին երկնագիծը։

Այցելութիւնը կը համընկնի հանճարեղ ճարտարապետ Անթոնիօ Կաուտիի մահուան հարիւրամեակին, որ «երազեց» Տաճարը եւ սկսաւ զայն իրականացնել։ Ան անցեալ տարի հռչակուեցաւ Աստուծոյ ծառայ։

Քահանայապետը ապա, մնալով Սպանիայի մէջ, Պարսելոնայէն պիտի ուղղուի Քանարեան կղզեխումբ՝ իրականացնելու համար այն ճամբորդութիւնը, որ արդէն իսկ Ֆրանչիսկոս Պապին սրտին մէջ էր, ինչպէս անցեալ Յունուարին ընդգծեց Մատրիտի կարդինալ արքեպիսկոպոսը՝ Խօսէ Քոպօ Քանօ։ Հանգրուանները պիտի ըլլան երկու՝ Tenerife եւ Gran Canaria։

Այս երեք ճամբորդութիւններուն միջոցաւ Հռոմի Եպիսկոպոսը առիթ պիտի ունենայ հանդիպելու երկիրներու եւ իրավիճակներու ամենատարբեր տեսակներուն։ Ան պիտի անցնի իսլամական երկրէ մը, ուր քրիստոնեաները փոքրամասնութիւն են եւ եղբայրութեան սերմ, ինչպէս Ալճերիան, դէպի քրիստոնէական մեծամասնութեամբ երկիրներ, որոնք կը գտնուին Ափրիկեան ցամաքամասի սրտին մէջ իրենց խնդիրներով եւ իրենց ուրախ հաւատքի վկայութեամբ։

Ան նաեւ կարճ այցելութիւն մը պիտի կատարէ Վատիկանէն ետք աշխարհի երկրորդ ամենափոքր երկիր՝ Մոնաքոյի Իշխանութիւն, որ կը գտնուի Կապոյտ Ափին վրայ։ Ապա պիտի ուղղուի դէպի մեծ Եւրոպական երկիր մը՝ Սպանիա, որուն ինքնութիւնը ձեւաւորուած է քրիստոնէական հաւատքով, բայց որ կը զգայ աշխարհականացումի ազդեցութիւնը։

Սրբազան Պապը ճամբորդութիւնը պիտի աւարտէ Քանարեան կղզիներով՝ Ափրիկէէն դէպի Եւրոպա տանող գլխաւոր գաղթականական ուղիներէն մին, ուր ամէն տարի կը ժամանեն տասնեակ հազարաւոր ներգաղթողներ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/02/2026, 12:00