Լեւոն ԺԴ. Պապին ողջոյնն ու կոչերը մէկ Փետրուարի Մաեմեան աղօթքին առիթով
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Կիրակի` մէկ Փետրուարին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան աղօթքի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը խօսքը ուղղելով հրապարակ գտնուող ուխտաւորներուն եւ լրատուամիջոցներու միջոցաւ աղօթքին մասնակցող հաւատացեալներուն նշեց` թէ ինք մեծ մտահոգութեամբ լսեց Քուպայի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ լարուածութեան աճումի լուրը։
Քուպայի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ լարուածութիւնը
«Կը միանամ Քուպայի եպիսկոպոսներու կոչին եւ կը հրաւիրեմ բոլոր պատասխանատուները աշխատելու անկեղծ երկխօսութեան մը համար, որպէսզի խուսափին բռնութենէն եւ քայլերէն, որոնք կրնան աւելի ծանրացնել քուպացի ժողովուրդին տառապանքը» ըսաւ Սրբազան Պապը եւ Virgen de la Caridad del Cobre-էն հայցեց` որ պաշտպանէ այդ երկրին բոլոր զաւակները։
Բնական աղէտներու զոհերուն համար աղօթքներ
Ան ապա աղօթք բարձրացուց Հիւսիսային Քիվուի մէջ հանքավայրի փլատակի զոհերուն համար՝ Քոնկոյի Ժողովրդավարական Հանրապետութեան մէջ։ «Թող Աստուած զօրացնէ այդ ժողովուրդը իր տառապանքին մէջ» ըսաւ Քահանայապետը եւ հրաւիրեց աղօթելու նաեւ բոլոր անոնց համար, որոնք զոհուեցան կամ կը տառապին, վերջերս Փորթուկալի եւ Իտալիոյ հարաւը հարուածող փոթորիկներուն պատճառով, ինչպէս նաեւ Մոզամբիկի ժողովուրդին համար, որ ծանր կերպով տուժած է ջրհեղեղներէն։
Պատերազմներու եւ հակամարտութիւններու քաղաքացիական զոհերու ազգային օր
«Այսօր Իտալիոյ մէջ կը նշուի պատերազմներու եւ հակամարտութիւններու քաղաքացիական զոհերու ազգային օրը։ Ցաւօք, այս յիշատակը այսօր ալ շատ այժմէական է, որովհետեւ ամէն օր անմեղ մարդիկ կը զոհուին պատերազմական բռնութեան պատճառով։ Անոնք իսկապէս պիտի պատուուին միայն այն ատեն, երբ վերջ տրուի այս անարդարութեան» հաստատեց Լեւոն ԺԴ.
Ձմեռային Ողիմպիական Խաղերը եղբայրութեան եւ խաղաղութեան կարեւոր պատգամ մը
Ան ապա ակնարկեց յառաջիկայ ուրբաթ օրը սկիզբ առնող Միլանօ-Քորթինայի Ձմեռային Ողիմպիական Խաղերուն, եւ Փարա-օլիմփիքներուն, մաղթելով «յաջողութիւն կազմակերպիչներուն եւ մարզիկներուն»։
«Այս մեծ մարզական միջոցառումները եղբայրութեան ուժեղ պատգամ մը կը կազմեն եւ խաղաղ աշխարհ մը ունենալու յոյսը կը վերակենդանացնեն։ Սա նաեւ ողիմպիական զինադադարի իմաստն է, հնագոյն սովորութիւն մը, որ կ՛ ուղեկցի խաղերուն», ըսաւ Սրբազան Պապը յոյս յայտնելով` որ «անոնք, որոնք սրտին մէջ կը կրեն ժողովուրդներու միջեւ խաղաղութիւնը եւ ունին իշխանական պատասխանատուութիւն, այս առիթով գիտնան կատարել լարուածութեան մեղմացման եւ երկխօսութեան ուղղուած յստակ քայլեր։
Ան ապա ողջոյնը ուղղեց աշխարհի տարբեր վայրերէն սուրբ Պետրոս ժամանած ուխտաւորներու խումբերուն շնորհակալութիւն յայտնելով իրեն վերապահուած աղօթքներուն համար եւ խօսքը աւարտեց բոլորին մաղթելով Բարի Կիրակի։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
