Լեւոն ԺԴ Պապին պատգամը` Զուիցերիոյ Քրան-Մոնթանայի հրդեհի զոհերու հոգեհանգստեան աղօթքի հսկումին առիթով
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Քրան-Մոնթանայի մէջ նոր տարուայ օրը տեղի ունեցած ողբերգական դէպքէն մէկ ամիս ետք, Վալէի Կաթողիկէ Եկեղեցին՝ Վալէի Աւետարանական Բարեկարգ Եկեղեցւոյ հետ միասին, կազմակերպեցին Հոգեհանգստեան աղօթքի հսկում մը, որ տեղի ունեցաւ Կիրակի, մէկ Փետրուար 2026-ի ժամը 16։00-ին, Սիոնի Մայր Տաճարին մէջ։
Փետրուար մէկի այս հսկումը, որ կատարուեցաւ Տեառնընդառաջի տօնի նախօրէին, ապրուեցաւ որպէս լռութեան, աղօթքի եւ լոյսի որոնման պահ մը։
Լեւոն ԺԴ Պապին մօտիկութիւնն ու աղօթքը
Սոյն աղօթքի հսկումին առիթով Լեւոն ԺԴ. Պապը եւս ուզեց իր մասնակցութիւնը բերել աղօթքին, ներկաներուն ուղղելով իր պատգամը, որուն մէջ իր մօտիկութիւնը արտայայտեց զոհերու հարազատներուն եւ վիրաւորներուն ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն, համայն Եկեղեցւոյ մօտիկութեան հետ միասին, որ գրեց Սրբազան Պապը «կ՛ուզէ կարելիին չափ ձեր հետ կրել այս բեռը, եւ կ՛աղօթէ Յիսուսին` որպէսզի փորձութեան մէջ թիկունք կանգնի ձեր հաւատքին»։
Քահանայապետը ապա մաղթեց, որ անոնք քրիստոնեայ հասարակութիւններու ու քահանաներուն մէջ գտնեն եղբայրական եւ հոգեւոր օգնութիւնը, որպէսզի դիմագրաւեն ցաւը եւ պահպանեն քաջութիւնը։
Տիրամօր հետ միասին նայիլ Խաչին
«Այս ժամերուն, երբ ձեր հոգիները խոցուած են ոչ միայն տառապանքով, այլ նաեւ անհասկացողութեամբ ու լքուած ըլլալու զգացումով, ուրիշ բան չեմ կրնար ընել, եթէ ոչ ձեզ յանձնել Սուրբ Կոյս Մարիամին՝ մեր Վշտերու Տիրուհիին, որպէսզի ան ձեզ սեղմէ իր սրտին եւ հրաւիրէ ձեզ՝ իր հետ միասին նայելու այն Խաչին, որուն վրայ իր սիրելի Յիսուսն ալ տառապեցաւ եւ իր կեանքը նուիրեց», գրեց Սրբազան Պապը պատգամին մէջ ակնարկելով թէ ինչպէս Խաչին վրայ Աստուածորդին ուզեց կիսել այն ինչ որ կ՜ապրին անոնք այսօր ու թէ Ան նոյնպէս պիտի կիսէ իր հրաշալի յարութիւնը` որ Եկեղեցւոյ հռչակած վստահութիւնն է, որուն վրայ կը հիմնուի մեր յոյսը։
«Յոյսը` որ օր մը դարձեալ պիտի տեսնենք անոնք զոր կորսնցուցինք» նշեց Քահանայապետը մէջբերելով Պօղոս առաքեալի Հռովմէացիներուն նամակէն (Գլ. 8,38) խօսքերը ուր ան կը հաստատէ թէ «ոչ մէկ բան մեզ ու մեր սիրելիները պիտի բաժնէ Աստուծոյ սէրէն որ Քրիստոսի մէջ է»։
Ոչ մէկ բան կորսուած է
«Եւ ոչ մէկ բան` որ դուք ապրեցաք անոնց հետ, գեղեցիկ ու երջանիկ, պիտի կորսուի. Ոչ մէկ բան վերջացած է» հաստատեց Սրբազան Պապը Մարիամի հրաւէրով առաջարկելով այս տխուր եւ մութ օրերուն նայելու Խաչին, ու նաեւ նայելու Երկինքին, որ միշտ լուսաւոր է, կառչելով յոյսի խարիսխին որ խարսխուած է ամուր կերպով եւ զոր Յիսուս անոնց կ՜երկարէ, որպէսզի ընդունին քաջութիւն եւ ուժ յառաջ ընթանալու համար իրենց ուղեւորութեան մէջ։
Սրբազան Պապը պատգամը աւարտեց նշեով թէ ինք իր աղօթքին մէջ կը կրէ վերոնշեալ մտադրութիւնը եւ Տիրոջմէնկը խնդրէ` «հանգուցեալներուն հանգիստը եւ անոնց սիրելիներուն մխիթարութիւնը» ապա ի սրտէ շնորհեց սիրառատ Առաքելական Օրհնութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
