Լեւոն ԺԴ. Պապին ցաւակցութիւնը՝ Քրան-Մոնթանայի հրդեհի զոհերուն համար
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Տեղեկանալով Յունուար 1-ի գիշերը Քրան-Մոնթանա շրջանին մէջ պատահած ողբերգական հրդեհիր մասին, որ պատճառ դարձած է աւելի քան 40 զոհերու եւ բազմաթիւ վիրաւորներու, Լեւոն ԺԴ. Կը միանայ «ընտանիքներու եւ համայն Զուիեցերիոյ Համադաշնութեան ցաւին»՝ Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի ստորագրութեամբ հեռագիր մը յղելով Սիոնի թեմի եպիսկոպոս Ժան-Մարի Լովիին:
Քահանայապետը իր «մասնակցութիւնն ու հոգածութիւնը» կը յայտնէ զոհերու հարազատներուն եւ կ՚աղօթէ Աստուծոյ, որպէսզի ընդունի իրենց կեանքը կորսնցուցածները «Իր խաղաղութեան եւ լոյսի օթեւանին մէջ» եւ «զօրավիգ կանգնի անոնց, որոնք կը տառապին հոգեպէս կամ մարմնապէս»: Պապին մաղթանքն է, որ «Աստուածամայրը իր գուրգուրանքով» կարենայ «հաւատքի սփոփանքը բերել այս ողբերգութենէն տուժած բոլոր մարդոց»՝ զանոնք պահելով «յոյսի մէջ»:
Նշենթ- թէ, Զուիցերիոյ մէջ իշխանութիւնները հնգօրեայ սուգ յայտարարած են, իսկ հիւանդանոց փոխադրուած շուրջ հարիւր անձերու ինքնութիւնը տակաւին ճանչցուած չէ: «Le Constellation» սրճարանի տարածքին մէջ, որ երիտասարդներու սիրուած վայր մըն է, ժամ առ ժամ կ՚աւելնան ծաղիկներն ու յարգանքի տուրքերը: Քրան-Մոնթանայի համագումարներու կեդրոնին մէջ կը շարունակուի հարազատներու եւ բարեկամներու հոսքը՝ ոստիկանութենէն տեղեկութիւններ ստանալու եւ հոգեբաններու աջակցութենէն օգտուելու համար:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
