Աղետալի հրդեհ Զուիցերիոյ մէջ. աւելի քան 40 զոհ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Զուիցերիոյ Քրան-Մոնթանա զբօսաշրջային կայանին մէջ Ամանորի գիշերը տեղի ունեցած սոսկալի հրդեհ մը պատճառ դարձած է առնուազն 40 զոհերու եւ 100-է աւելի վիրաւորներու: Աղետը պատահած է «Le Constellation» ժամանցի վայրին մէջ, ուր շուրջ 400 երիտասարդներ կը տօնէին Նոր տարին: Հրդեհը բռնկած է գիշերուան ժամը 1:30-ին՝ սկիզբ առնելով շէնքի նկուղային յարկէն:
Վալէի կանթոնի ոստիկանութիւնը կը հաղորդէ, թէ զոհերուն մէջ կան նաեւ օտարերկրացիներ, սակայն մարմիններու ճանաչումը դժուարացած է ծանր այրուածքներու պատճառով:
Տեղական իշխանութիւնները, յատկապէս դատախազ Պէաթրիս Փիյուտը, պաշտօնապէս բացառած են ահաբեկչական յարձակման վարկածը՝ նշելով, որ որեւէ չարամիտ դիտաւորութեան հետք չկայ: Այսուհանդերձ, հրդեհի յստակ պատճառները տակաւին անյայտ են եւ հետաքննութիւնը կը շարունակուի:
Շրջանին մէջ յայտարարուած է արտակարգ դրութիւն. հաստատուած է ոչ-թռիչքային գօտի եւ տարածքը ամբողջութեամբ շրջափակուած է: Փրկարարական աշխատանքներուն կը մասնակցին 10 ուղղաթիռներ եւ 150 մասնագէտներ: Վալէի հիւանդանոցներու տարողութիւնը սպառած ըլլալով, բազմաթիւ վիրաւորներ փոխադրուած են երկրի այլ շրջաններու բժշկական հաստատութիւններ:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ