Սուրբ Գրութեան եւ Աւանդութեան փոխյարաբերութիւնը. Հրապարակային ունկնդրութիւն

Աստուծոյ Խօսքի «աւանդը» այսօր ալ Եկեղեցւոյ ձեռքերուն մէջ է, եւ մենք բոլորս, Եկեղեցւոյ տարբեր ծառայութիւններուն մէջ, պարտաւոր ենք շարունակ զայն պահել ամբողջականութեամբ՝ ինչպէս հիւսիսեան աստղը մեր ճանապարհի համար, պատմութեան եւ գոյութեան բարդութեան մէջ»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Չորեքշաբթի` 28 Յունուարին` Սուրբ Թովմաս Աքուինացիի տօնին օրը, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Պօղոս Զ. անուան դահլիճէն ներս գլխաւորեց չորեքշաբթի օրուայ աւանդական ընդհանուր ունկնդրութիւնը, որուն առիթով շարունակելով այս տարուայ որպէս կեդրոնական նիւթ ընտրած ` Վատիկանի Բ. Տիեզերական Ժողովի փաստաթուղթերուն նուիրուած խորհրդածութիւններու շարքը, շարունակեց խօսիլ «Dei Verbum» վարդապետական սահմանադրութեան մասին, եւ ի մասնաւորի Սուրբ Գրութեան եւ Աւանդութեան փոխյարաբերութեան մասին։

Սուրբ Գիրքի և Աւանդոյթի միջև եղած փոխյարաբերութիւնը

«Շարունակելով Աստուածային Յայտնութեան վերաբերեալ Dei Verbum ժողովական սահմանադրութեան մեր ընթերցանութիւնը, այսօր կը խորհրդածենք Սուրբ Գիրքի և Աւանդոյթի միջև եղած փոխյարաբերութեան մասին» ըսաւ Սրբազան Պապը սկիզբ տալով խորհրդածութեան, եւ որպէս այդ խորհրդածութեան նիւթի հիմք առնելով աւետարանական երկու տեսարաններ` որոնցմէ առաջինը տեղի կ՜ունենայ Վերնատան մէջ, երբ Յիսուս իր աշակերտներէն հրաժեշտ առնելէն առաջ անոնց կը թողու իր կտակը. ««Այս բաները ըսի ձեզի, երբ տակաւին ձեզի հետ եմ։ Բայց Մխիթարիչը՝ Սուրբ Հոգին, որ Հայրը պիտի ղրկէ իմ անունովս, անիկա ձեզի պիտի սորվեցնէ ամէն բան եւ ձեզի պիտի յիշեցնէ այն ամէնը, որ ես ձեզի ըսի... Երբ Ինք գայ ճշմարտութեան հոգին, պիտի առաջնորդէ ձեզ դէպի ամբողջական ճշմարտութիւնը» (Յովհ. 14,25-26; 16,13).

Իսկ երկրորդ տեսարանը մեզ կը տանի Գալիլիոյ բարձունքներուն վրայ։ Յարուցեալ Յիսուս կը յայտնուի իր աշակերտներուն` որոնք զարմացած ու տատամսոտ են եւ անոնց կու տայ հրահանգը. «Գացէք եւ աշակերտեցէք բոլոր ազգերը....սորվեցնելով անոնց պահել այն ինչ որ պատուիրեցի ձեզի» (Մատթ. 28,19-20).

Սուրբ Գիրքը և սուրբ Աւանդոյթը սերտօրէն կապուած են և իրար միջեւ հաղորդակցուած

«Երկու այս տեսարաններուն մէջ ի յայտ կու գայ կապը ընդմէջ Քրիստոսի հռչակած խօսքին ու անոր դարերու ընթացքին տարածումին», ըսաւ  Լեւոն ԺԴ. դիտել տալով, թէ այս մէկը հաստատուած է նաեւ Տիեզերական Բ Ժողովի կողմէ. «Սուրբ Գիրքը և սուրբ Աւանդոյթը սերտօրէն կապուած են և իրար միջեւ հաղորդակցուած։ Քանի որ երկուքն ալ կը բխին նոյն աստուածային աղբիւրէն, անոնք որոշակի ձևով կը կազմեն ամբողջութիւն մը և կը ձգտին նոյն նպատակին» (Dei Verbum, 9):

Սուրբ Գիրքը՝ Աստուծոյ Խօսք` որ Սուրբ Հոգիի ներշնչումով յանձնուած է գրաւոր , սերտօրէն կապուած է Աւանդոյթի հետ, որ կը կրէ Քրիստոսի կողմէ առաքեալներուն վստահուած այդ Աստուծոյ Խօսքը։ Իրենց կարգին, անոնք պատասխանատու են զայն փոխանցելու իրենց յաջորդներուն, որպէսզի լուսաւորուած ճշմարտութեան Հոով, կարողանան հաւատարմօրէն պահպանել, մեկնաբանել և տարածել զայն։

Աստուծոյ Խօսքը քարացած չէ, այլ կենդանի եւ օրկանական իրականութիւն է

«Եկեղեցական Աւանդոյթը պատմութեան ընթացքին կը ճիւղաւորուի Եկեղեցւոյ միջոցաւ, որ կը պահպանէ, կը մեկնաբանէ և կը մարմնաւորէ Աստուծոյ Խօսքը» յարեց հուսկ Քահանայապետը ակնարկելով Վատիկանեան Տիեզերական այլ մէկ հաստատումին այն է թէ «առաքելական ծագում ունեցող աւանդոյթը Եկեղեցւոյ մէջ կը զարգանայ Սուրբ Հոգիի օգնութեամբ» (DV, 8)։

«Աստուծոյ Խօսքը, ուրեմն, քարացած չէ, այլ կենդանի եւ օրկանական իրականութիւն մըն է, որ կը զարգանայ եւ կ՛ աճի Աւանդութեան մէջ։ Վերջինս, Սուրբ Հոգիին շնորհիւ, կը հասկանայ անոր ճշմարտութեան ամբողջ հարստութիւնը եւ զայն կը մարմնաւորէ պատմութեան փոփոխական պայմաններուն մէջ» ըսաւ ապա Լեւոն ԺԴ. եւ մատնանշեց Սուրբ Պօղոս առաքեալին` որ «բազմիցս իր աշակերտ ու գործակից՝ Տիմոթէոսին կը յորդորէ. «Ո՛վ Տիմոթէոս, պահպանէ քեզի վստահուած աւանդը» (Ա Տմ 6,20․ տե՛ս նաեւ Բ Տմ 1,12.14)։

Պահպանել վստահուած աւանդը

«Աւանդ» եզրը, իր սկզբնական ծագումով, իրաւական բնոյթ ունի եւ աւանդապահին վրայ կը դնէ բովանդակութիւնը պահպանելու պարտականութիւնը, որ այս պարագային հաւատքն է, եւ զայն անխախտ կերպով փոխանցելը» յարեց ապա Քահանայապետը աւելցնելով որ`«Աստուծոյ Խօսքի «աւանդը» այսօր ալ Եկեղեցւոյ ձեռքերուն մէջ է, եւ մենք բոլորս, Եկեղեցւոյ տարբեր ծառայութիւններուն մէջ, պարտաւոր ենք շարունակ զայն պահել ամբողջականութեամբ՝ ինչպէս հիւսիսեան աստղը մեր ճանապարհի համար, պատմութեան եւ գոյութեան բարդութեան մէջ»։

Սրբազան Քահանայապետը խորհրդածութիւնը եզրափակեց անգամ մը եւս մէջբերելով «Dei Verbum»-ի խօսքերը` որոնք կը հաստատեն Սուրբ Գիրքի եւ Աւանդութեան միջեւ սերտ կապը. «Անոնք այդքան իրար հետ կապուած են, որ չեն կարող ինքնուրոյն գոյատեւել, եւ միասին, մէկ Սուրբ Հոգիի ազդեցութեամբ, արդիւնաւէտօրէն կը նպաստեն հոգիներու փրկութեան»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/01/2026, 10:22

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >