Լեւոն ԺԴ. կը սգայ Ատամուզի զոհերը. Աղօթք եւ մխիթարութիւն սպանացի ժողովուրդին
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը իր խորին ցաւակցութիւնը յայտնեց Սպանիոյ Քորտոպա նահանգի Ատամուզ քաղաքին մէջ պատահած երկաթուղային ողբերգական արկածին առիթով, որ պատճառ դարձած է բազմաթիւ զոհերու եւ վիրաւորներու:
Վատիկանի Պետական քարտուղար, Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի ստորագրութեամբ ղրկուած հեռագիրին մէջ, որ ուղղուած է Սպանիոյ Եպիսկոպոսաց Համահաւաք դասի նախագահ` Վալատոլիտի արքեպիսկոպոս Գերպ. Լուիս Խաւիէր Արկուէյօ Կարսիային, նշուած է, որ Նորին Սրբութիւնը «խորապէս վշտացած է» ստացուած տխուր լուրերէն:
Ան իր աղօթքները կը բարձրացնէ առ Աստուած՝ ննջեցեալներու հոգիներու հանգստութեան համար եւ իր սրտակից ցաւակցութիւնը կը յայտնէ զոհերու ընտանիքներուն ու հարազատներուն: Հեռագիրին մէջ Պապը նաեւ մխիթարութեան խօսքեր ուղղած է վիրաւորներուն՝ անոնց մաղթելով շուտափոյթ ապաքինում:
Միեւնոյն ժամանակ, Քահանայապետը քաջալերած է փրկարարական աշխատակազմերը, որպէսզի անձնուէր կերպով շարունակեն օգնութեան եւ խնամքի իրենց ջանքերը, ապա որպէս յոյսի նշան՝ Ան հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնը, իր առաքելական օրհնութիւնը շնորհած է աղէտէն տուժած բոլոր անձերուն:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
