Երկաթուղային ողբերգական արկած Երկաթուղային ողբերգական արկած  (AFP or licensors)

Լեւոն ԺԴ. կը սգայ Ատամուզի զոհերը. Աղօթք եւ մխիթարութիւն սպանացի ժողովուրդին

Լեւոն ԺԴ. Պապը իր խորին վիշտն ու ցաւակցութիւնը յայտնեց Սպանիոյ Ատամուզ քաղաքին մէջ պատահած երկաթուղային ողբերգական արկածի զոհերուն եւ անոնց ընտանիքներուն համար։ Սրբազան Քահանայապետը աղօթք բարձրացուց ննջեցեալներուն համար եւ իր օրհնութիւնն ու քաջալերանքը փոխանցեց վիրաւորներուն ու փրկարարական աշխատակազմերուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը իր խորին ցաւակցութիւնը յայտնեց Սպանիոյ Քորտոպա նահանգի Ատամուզ քաղաքին մէջ պատահած  երկաթուղային ողբերգական արկածին առիթով, որ պատճառ դարձած է բազմաթիւ զոհերու եւ վիրաւորներու:

Վատիկանի Պետական քարտուղար, Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի ստորագրութեամբ ղրկուած հեռագիրին մէջ, որ ուղղուած է Սպանիոյ Եպիսկոպոսաց Համահաւաք դասի նախագահ` Վալատոլիտի արքեպիսկոպոս Գերպ. Լուիս Խաւիէր Արկուէյօ Կարսիային, նշուած է, որ Նորին Սրբութիւնը «խորապէս վշտացած է» ստացուած տխուր լուրերէն:

Ան իր աղօթքները կը բարձրացնէ առ Աստուած՝ ննջեցեալներու հոգիներու հանգստութեան համար եւ իր սրտակից ցաւակցութիւնը կը յայտնէ զոհերու ընտանիքներուն ու հարազատներուն: Հեռագիրին մէջ Պապը նաեւ մխիթարութեան խօսքեր ուղղած է վիրաւորներուն՝ անոնց մաղթելով շուտափոյթ ապաքինում:

Միեւնոյն ժամանակ, Քահանայապետը քաջալերած է փրկարարական աշխատակազմերը, որպէսզի անձնուէր կերպով շարունակեն օգնութեան եւ խնամքի իրենց ջանքերը, ապա որպէս յոյսի նշան՝ Ան հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնը, իր առաքելական օրհնութիւնը շնորհած է աղէտէն տուժած բոլոր անձերուն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/01/2026, 12:04