Լեւոն ԺԴ. Պապ. Իսկական երջանկութիւնը կը գտնուի Աստուծոյ հետ մտերմութեան եւ դիմացինին սիրով ծառայելու մէջ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Շաբաթ, 10 յունուարին, յետմիջօրէի ժամը հինգին, Լեւոն ԺԴ. Պապը Վատիկանի մէջ ընդունեց Հռոմի երիտասարդները ու պատանիները ու անոնց ուղղած իր սիրտը խօսքին սկզիբը ջերմօրէն ողջունեց բոլոր ներկաները, յատկապէս անոնք, որոնք դուրսը՝ ցուրտին տակ պաստառներու միջոցաւ կը հետեւին հաւաքոյթին ու Իր ուրախութիւնը յայտնեց այս հանդիպման համար՝ շեշտելով կեանքի կարեւոր հարցումներուն պատասխաններ փնտռելու անհրաժեշտութիւնը։ Յիշելով իր զարմուհիին հետ ունեցած մտերիմ զրոյցը՝ նշեց, թէ աշխարհի հոգերուն ու դժուարութիւններուն դիմաց երբեք առանձին չի զգար, որովհետեւ երիտասարդներու ներկայութիւնն ու խանդավառութիւնը իրեն ուժ կու տան։
Միասին՝ ընդդէմ մենակութեան եւ ցաւի
Նորին Սրբութիւնը հաստատեց որ նոյնիսկ ամենադժուար պահերուն մենք մինակ չենք, քանի որ Յիսուս մեզի հետ է, եւ հաւատքի ու միասնականութեան գեղեցկութիւնը կրնայ յաղթահարել ամէն յուսահատութիւն։ Իր խոր ցաւը յայտնեց Քրան-Մոնթանայի ողբերգութեան պատճառով զոհուած 40 երիտասարդներուն համար՝ կոչ ուղղելով աղօթելու անոնց ընտանիքներուն համար եւ միշտ յիշելու կեանքի թանկարժէք ըլլալը։ Նորին Սրբութիւնը յորդորեց բոլորին մնալ միացած որպէս քոյրեր ու եղբայրներ՝ իր երախտագիտութիւնը յայտնելով նաեւ բոլոր հոգեւորականներուն, որոնք կ’ընկերակցին երիտասարդութեան այս ճանապարհին։
Յոյսի ուխտաւորներէն՝ դէպի ճշմարիտ վկաներ
Նորին Սրբութիւնը պատգամը շարունակեց ըսելով . «Սիրելի՛ երիտասարդներ, բարի եկած էք։ Մեծապէս ուրախ եմ ձեր հետ հանդիպելու համար՝ Յոբելենական տարուան աւարտին» ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով, «Սուրբ Տարուան ընթացքին մենք Հռոմի մէջ ապրեցանք հզօր պահեր՝ աշխարհի չորս կողմերէն ժամանած ձեր հազարաւոր տարեկիցներուն հետ։ Տարբեր լեզուներու եւ մշակոյթներուն տէր մարդիկ միացան նոյն աղօթքին շուրջ՝ Աստուծոյ փառք տալով եւ եւ ազգերուն համար խաղաղութիւն հայցելով։ Այսօր, դուք՝ Հռոմէացի երիտասարդները կը վերանորոգէք այդ օրերուն ոգին՝ յանձն առնելով՝ ըլլայ ոչ միայն յոյսի ուխտաւորներ, այլեւ վկաներ, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ապա հարց տալով, թէ ինչպէ՞ս կարելի է ըլլալ իսկական վկաներ, մէջբերեց հանդիպումի ընթացքի իր վկայութիւն տուած Մաթտէոս անունով երիտասարդին խօսքերը, որոնք կը շեշտէին շատ մը երիտասարդներուն մինակութիւնը, յուսախաբութիւնն ու ձանձրոյթը ու այս ուղղութեամբ նորին սրբութիւնը նշեց «երբ մոխրագոյնը կը պատէ կեանքը, մարդը կրնայ ինքզինք առանձին զգալ, նոյնիսկ բազմութեան մէջ ու այդ պահուն միայնութիւնը կը յայտնէ իր գէշ երեսը. Մենք չենք լսեր, որովհետեւ խեղդուած ենք կարծիքներուն աղմուկի մէջ եւ ոչինչ կը տեսնենք՝ կուրցած ըլլալով անկայուն պատկերներէն։
«Լայքերէն» դէպի ճշմարիտ յարաբերութիւն
«Լայքերուն» եւ «լինքերու» վրայ հիմնուած կեանքը մեզ կը յուսահատ կ՝ընէ, որովհետեւ մենք ստեղծուած ենք ճշմարտութեան եւ բարիին համար, իսկ ժամանակաւոր հաճոյքները կը դաւաճանեն մեր խորին ցանկութիւնները, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը յորդորելով որ յուսահատութեան այդ պահերուն, մենք կրնանք սրել մեր զգայնութիւնները։ Բնութիւնը մեզի կը յիշեցնէ, որ առանձին չենք. Աշխարհը կապերու ամբողջութիւն մըն է ։ Բայց միայն նիւթականը մեզի չի բաւեր։ Մենք եզակի արարածներ ենք, որովհետեւ մեր մէջ կը կրենք Աստուծոյ պատկերը, որ կեանքի, սիրոյ եւ փրկութեան յարաբերութիւն է։ Եւ երբ դուն քեզի առանձին կը զգաս, յիշէ՛ որ Աստուած քեզ երբեք չի լքեր, Անոր ներկայութիւնը ուժ կու տայ առաջին քայլեր առնելու դէպի մերձաւորին, որ նոյնպէս միայնակ է։
Մերձաւորին մօտենալը՝ Աստուծոյ պատկերին վերածուելու ճանապարհ
«Ընդհակառակը, մերձաւորին մօտենալը քեզ կը վերածէ այն պատկերին, թէ ի՛նչ է Աստուած քեզի համար: Ինչպէս Ան յոյս կը բերէ քու կեանքիդ մէջ, այնպէս ալ դուն կրնաս զայն բաժնեկցիլ ուրիշին հետ: Այն ատեն դուք միասնաբար պիտի դառնաք հաղորդութեան եւ եղբայրութեան որոնողներ», ըսաւ Սրբազան Հայրը
Մէջբերելով յայտնի հեղինակ Սալուադօրէն Քուազիմոտօէն այս խօսքը, որ «ամէն մարդ միայնակ կը մնայ այդ երկրի սիրտի վրայ… եւ իսկոյն իրիկուն է» նշեց որ այդ խօսքը մեզ կը հրաւիրէ արթննալու։ Այն լոյսի շողը, որ կը թափանցէ մեր հոգիին մէջ, Քրիստոսն՝ Արդարութեան արեւը, որ կը ջերմացնէ մեր սիրտը։
Յիսուսի հետ այս հանդիպումէն կը ծնի կեանքը փոխելու եւ ընկերութիւնը վերափոխելու ուժը։ Աւետարանի լոյսը կը պայծառացնէ մեր յարաբերութիւնները։ Մոխրագոյն աշխարհը կը դառնայ հիւրընկալ վայր, երբ Աստուած հոն կը բնակի։
Մի՛ սպասէք, որ աշխարհը ձեզ գրկաբաց ընդունի։ Գործեցէ՛ք ուրախութեամբ եւ յարատեւութեամբ. Ընկերութիւնը փոխելու համար նախ պէտք մենք մեզ փոխել։
Ինչպէ՞ս ապրիլ լիարժէք»,հարցումի ի պատասխան Նորին Սրբութիւնը նշեց Ես ձեզի համար կը մաղթեմ սուրբ կեանք։ Սուրբը ան է, որ կ’ապրի Աստուծոյ հետ։ Յիսուս Իր կեանքը տուաւ մեզի համար։ Քլեմենթէ Ռեպորայի նման՝ մենք ալ կրնանք գտնել խաչին վրայ հիմնուած հաստատուն յոյսը։ Աստուծոյ սէրը մեզ կը սրբէ եւ կը լուայ։ Այդ սէրը մեզ կը ձերբազատէ վախէն եւ կը պարգեւէ խաղաղութիւն, որ պէտք է բաժնեկցինք ուրիշներուն հետ։
Աղօթքը՝ ազատութեան արարք. Ինչպէ՞ս փշրել անտարբերութեան շղթաները
Յիշեցէ՛ք ձեր Յոբելեանի հսկումի ընթացքին ըսած խօսքերս. «Քրիստոսի հետ մտերմութիւնը մեր բեւեռային աստղն է»։ Այդ բարեկամութիւնը կրնայ փոխել աշխարհը եւ դառնալ ճանապարհ դէպի խաղաղութիւն։ Ֆրանչիսկոս Պապը կ’ըսէր, որ յաճախ «կորսուած ենք» եւ «լեցուն»։ Այսինքն՝ ունինք շատ բան, բայց ոչ՝ էականը։ Պարապութիւնը մեզ չպէտք է վախցնէ, այլ պէտք է մղէ փնտռելու ճշմարտութիւնը։
Ապա երիտասարդի մը հարցումին «Ի՞նչ կարելի է ընկել գործնականապէս, Նորին Սրբութիւնը հաստատատպեց թէ նախ եւ առաջ՝ պէտք է աղօթել։ Աղօթքը ազատութեան արարք է,որ կը փշրէ ձանձրոյթի եւ անտարբերութեան շղթաները, ու աշխարհը վառելու համար պէտք է բորբոքած սիրտ ունենալ, որ կը սնանի Հաղորդութեամբ եւ Սուրբ Գիրքով։
Սուրբ Կոյսը օրինակ
Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց օրինակ առնել Սուրբ Կոյս Մարիամէն, որուն հոգին կը փառաբանէր Տէրը ու քաջութիւն պէտք է այսօրուան աշխարհին մէջ այդ ուրախութիւնը վկայելու համար։ Հրաւիրեց ապրելու որպէս մարդիկ, որոնք Քրիստոսը ունին իրենց սրտին մէջ, նայելու սուրբերուն թէ« որքա՜ն ազատ են անոնք։ Անոնց հետ միասին յառաջանանք այս ուղիին վրայ՝ քաջ գիտնալով, որ կեանքի իսկական բարիքը կարելի չէ գնել դրամով եւ ոչ ալ նուաճել զէնքով. այլ կարելի է պարզապէս նուիրել զայն, որովհետեւ Աստուած զայն սիրով կը պարգեւէ բոլորին։
Նորին Սրբութիւնը խօսքը աւարտեց ըսելով «Շնորհակալութիւն ձեր այցելութեան համար: Եւ շնորհակալութիւն, որ ինծի հետ միասին կը սիրէք Հռոմի մեր այս Եկեղեցին: Կ’օրհնեմ ձեզ բոլորդ, ձեր հարազատներն ու ընկերները: Բարի ընթացք եւ ցտեսութիւն»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
