Որոնել

Incontro del Papa con i giovani della Diocesi di Roma

Հռոմի երիտասարդները Քահանայապետին պատմեցին իրենց առանձնութեան եւ յոյսերու մասին. Մենք այստեղ ենք այո ըսելու խաղաղութեան.

Անոնց ուղղած իր խօսքին մէջ Սրբազան Պապը ընդգծեց անձնական հանդիպումի եւ բարեկամութեան արժէքները տխրութիւն յայտնելով` որ կարելի չեղաւ բոլորը միասին միեւնոյն վայրին մէջ համախմբել որովհետեւ ըսաւ Ան «հանդիպման ժամանակ է` որ մենք մեզ լաւ կը զգանք, որովհետեւ մենք եղբայրներ եւ քոյրեր ենք Քրիստոսի մէջ մեր ամենալաւ ընկերը» «Միակ մնալը շատ անգամ կը նշանակէ տառապիլ։ Բայց երբ բարեկամներու հետ ենք, երբ ընտանիքի մէջ ենք, երբ կը գտնուինք անոնց հետ որ մեզ կը սիրեն, կրնանք յառաջ ընթանալ»
Ունկնդրէ Քահանայապետին այս եւ այլ լուրերը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հռոմ քաղաքի հազարաւոր երիտասարդներ եւ պատանիներ դերակատարները դարձան յատուկ մէջ հանդիպումի մը, որ տեղի ունեցաւ շաբաթ 10 Յունուարի յետմիջօրէին, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ, որ բաւարար չեղաւ զանոնք ընկալելու եւ անոնցմէ շատեր ստիպուած եղան դուրս մնալ դահլիճէն, մաս մը Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ իսկ այլ մաս մը Վատիկանի «Petriano» հրապարակ, որ կը գտնուի Պօղոս Զ. սրահի մուտքին։

Քրիստոս մեր ամենալաւ ընկերը

Ի տես այս իրողութեան Սրբազան պապը ւոն ԺԴ. նախ քան Պօղոս Զ անուան սրահ մտնելը նախ փոխադրուեցաւ Սուրբ Պետրոս հրապարակ ապա «Petriano» հրապարակէն անցաւ ողջունելով այնտեղ գտնուող երիտասարդները եւ անոնց ուղղած իր խօսքին մէջ Ան ընդգծեց անձնական հանդիպումի եւ բարեկամութեան արժէքները, տխրութիւն յայտնելով` որ կարելի չեղաւ բոլորը միասին միեւնոյն վայրին մէջ համախմբել, «որովհետեւ - յարեց Ան -հանդիպման ժամանակ է` որ մենք մեզ լաւ կը զգանք, որովհետեւ մենք, եղբայրներ եւ քոյրեր ենք Քրիստոսի մէջ, մեր ամենալաւ ընկերը» ։


Միասին ապրիլ բարեկամութեան եւ եղբայրութեան հոգին

«Շնորհակալութիւն` որ այստեղ էք» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը, «բարի եկած էք ...ջանանք միասին ապրիլ բարեկամութեան եւ եղբայրութեան իսկական հոգին» աւելցուց Ան հաստատելով` թէ «եթէ մենք միացած ենք չկան դժուարութիւններ որ կարելի չէ յաղթահարել»։

Դժուարութիւնները կը յաղթահարուին միասին

«Առանձնութեան մէջ մնալը շատ անգամ կը նշանակէ տառապիլ։ Բայց երբ բարեկամներու հետ ենք, երբ ընտանիքի մէջ ենք, երբ կը գտնուինք անոնց հետ որ մեզ կը սիրեն, կրնանք յառաջ ընթանալ» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու հրաւիրեց զանոնք քաջութիւն ունենալու եւ կարող ըլլալու Յիսուսին ըսելու «Այս Տէրը ես քեզի կը հետեւիմ...այն գիտակցութեամբ որ Յիսուս միշտ իրենց հետ կը քալէ»։

Երիտասարդներուն վկայութիւնները

Պօղոս Զ. անուան դահլիճին մէջ կայացած հանդիպման ընթացքին եւ նախ քան Լեւոն ԺԴ. Պապին պատգամը մի քանի երիտասարդներ հարցեր ուղղեցին անոր, պատմելով սերունդի մը յոյզերն ու յոյսերը, որ յաճախ կ՜ապրի առանձնութիւնը, դիւրաբեկութիւնը եւ իմաստի իղձը, ուր դժուարութիւն կայ ապրելու իսկական յարաբերութիւններ ժամանակահատուածի մը ընթացքին որուն մէջ կը գերակշռէ մրցակցութիւնը, տեսանելիութիւնը եւ մեկուսացումը։

Առանձնութիւնը

Մատթէոս անունով պատանի մը խօսեցաւ այն խոր առանձնութեան մասին` զոր կ՛ապրին շատ մը երիտասարդներ` որոնք կը յանգեցնեն ընկճուածութեան եւ ինքնավնասման, բայց նաեւ «խաղաղութեան եւ սիրոյ» այո ըսելու ուրախութեան մասին, Քահանայապետին հարց տալով թէ ինչ կը մաղթէ ան երիտասարդներուն։

Ցուցմոլութիւնը

Ֆրանչեսքա եւ Միքելա երկւորեակ քոյրերը դատապարտին իրենց հասակակիցներուն շրջանակին մէջ ցուցադրականութիւնը և բռնութիւնը, երկխօսութիւնն ու համակրանքը ներկայացնելով որպէս խաղաղութիւնը կառուցելու ճանապարհ։

Միաձեւութիւն եւ մրցակցութիւն

Ապա Ֆրանչիսկոս անունով համալսարանական մը նկարագրեց այն յոգնածութիւնը, միաձեւութիւնը և մրցակցութիւնը, որոնք կը խոչընդոտեն զանազանելու ունակութիւնը և կ՛ աղքատացնեն ներքին կեանքը։

Crans-Montana-ի ողբերգութեան յիշատակը

Խօսք առաւ նաեւ Հռոմի Թեմի տեղապահ Արքեպիսկոպոսը Կարդինալ Պալտօ Ռէյնան` որ յիշեց Crans-Montana-ի զոհերն ու վիրաւորները հրաւիրելով չմոռնալու անոնց որոնք կը տառապին։

Հանդիպումը կայացաւ ունկնդրութեան, յուզմունքի եւ իսկական յարաբերութիւններ կիսելու ու գործնական յոյսը ապրելու մթնոլորտի մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

Photogallery

Սրբազան Պապին հանդիպումը Հռոմի երիտասարդներուն հետ
10/01/2026, 20:50