Աստուածայայտնութիւն. «Խաղաղութիւնը սիրելը եւ փնտռելը կը նշանակէ պաշտպանել այն ինչ որ սուրբ է». Լեւոն ԺԴ.
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Երեքշաբթի` վեց Յունուար 2026-ի առաւօտեան ժամը 9,30-ին Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը Սուրբ Պետրոս պազիլիքայի ներքնագաւիթին մէջ գլխաւորեց Յոյսին նուիրուած Յոբելենական Սուրբ Դռան փակման արարողութիւնը որմէ ետքը Սուրբ Պետրոս Պազիլիքային մէջ գլխաւորեց Յիսուսի Աստուածայայտնութեան տօնին նուիրուած պատարագը որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին բազմահազար հաւատացեալներ` որոնցմէ 5800 Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ իսկ տասը հազարէ աւելի արարողութեան հետեւեցան Սուրբ Պետրոս հրապարակէն։
Սուրբ Զոհի ընթացքին ընթերցուած Մատթէոս Աւետարանիչէն քաղուած նորածին մանուկ Յիսուսին ծննդեան լուրը իմացած Մոգերու ժամանումին դրուագը պատմող հատուածէն ետքը Սարկաւագը յայտարարեց Սուրբ Զատկուայ տօնին թուականը` որ այս տարի պիտի նշուի հինգ ապրիլին, ու նաեւ տարուան ընթացքին նշուող այ տօներ, ապա Լեւոն ԺԴ Պապը ներկայացուց իր քարոզը զայն կեդրոնացնելով օրուան տօնի Խորհուրդին վրայ` Աստուածայայտնութիւնը։
Ուրախութիւն եւ անհանգստութիւն
Այսօրուան Աւետարանը (Մատթ. 2,1-12) մեզի նկարագրեց Մոգերուն մեծ ուրախութիւնը երբ անոնք տեսան աստղը բայց նաեւ անհանգստութիւնը, որ զգաց Հերովդէսը և ամբողջ Երուսաղեմը, մոգերու որոնումին դիմաց», ըսաւ Քահանայապետը քարոզին սկիզբը հաստատելով` որ այսօր «մենք կը տօնենք Յիսուսին յայտնութիւնը այն գիտակցութեամբ, որ անոր ներկայութեամբ ոչ մէկ բան կը մնայ ինչպէս որ էր։ Ասիկա յոյսին սկիզբն է։ Աստուած կը յայտնուի եւ ոչ մէկ բան կարող է մնալ անշարժ», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով, որ Աստուծոյ յայտնութիւնը կը բերէ նորութիւն, շարժում եւ յոյս ինչպէս եղաւ մոգերու պարագային, բայց կը յառաջացնէ նաեւ անհանգստութիւն եւ վախ, անոնց մէջ որոնք կը մերժեն զայն կամ զայն կը նկատեն սպառնալիք, ինչպէս ըրաւ Հերովդէսը։
Յոյսի ուխտաւորներն ու Մոգերը
«Այս մէկը մեզ ալ կը հարցաքննէ որպէս Եկեղեցի» նշեց Քահանայապետը եւ ակնարկեց Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի Սուրբ Դռան փակումին, որ եղաւ վերջին դուռը, որ փակուեցաւ եւ որ, ըսաւ Ան, «ճանչցաւ բազմաթիւ մարդոց եւ կիներու հոսքը, յոյսի ուխտաւորներ, դէպի Քաղաք` որուն դռները միշտ բաց են, նոր Երուսաղէմը»։
«Մոգերը տակաւին գոյութիւն ունին»յարեց Սրբազան Պապը Սուրբ Տարուան ուխտաւորները նմանեցնելով մոգերուն, որոնք ընդունեցան դիմագրաւել մարտահրաւէրները եւ յանդգնութիւնը ունեցան մեկնելու եւ փնտռելու։
Վախը արդարեւ կը կուրցնէ մինչ Աւետարանի ուրախութիւնը կ՛ազատէ
«Սուրբ վայրերը` որոնք դարձան յոբելենական ուխտագնացութեան նպատակակէտ պէտք է տարածեն կեանքին բոյրը, այն անջնջելի տպաւորութիւնը, որ այլ աշխարհ մը սկսած է» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը դարձեալ մատնանշելով աւետարանական հատուածին ու յատկապէս Հերովդէսի վարուելակերպին` որ Յիսուսի ծննդեան լուրը լսելով կ՜անհանգստանայ եւ պատրաստ է նոյնիսկ սուտ խօսելու մոգերուն, որպէսզի անոնց որոնումը ծառայեցնէ իր նպատակներուն։ «Վախը արդարեւ կը կուրացնէ։ Մինչ Աւետարանի ուրախութիւնը կ՛ազատէ, կը դարձնէ խոհեմ, բայց նաեւ քաջ, ուշադիր եւ ստեղծագործ» ըսաւ Լեւոն ԺԴ.
Յոբելեանը եկաւ մեզի յիշեցնելու որ կարելի է վերսկսիլ
Մոգերը Երուսաղէմ կը բերեն շատ պարզ եւ էական հարցում մը. «Ու՞ր է Ան որ ծնաւ»։ Որքան կարեւոր է` որ Եկեղեցւոյ դուռը հատողը զգայ, որ Մեսիան արդեն ծնած է, որ այնտեղ կը համախմբուի հասարակութիւն մը, որուն մէջ ծիլ արաւ յոյսը... Յոբելեանը եկաւ մեզի յիշեցնելու, որ կարելի է վերսկսիլ...ու թէ Տէրը կ՛ուզէ ըլլալ մեր հետ եւ մեզ կը ներգրաւէ իր ողորմութեան գործերուն մէջ... ան աղմուկ չի հաներ բայց Անոր Թագաւորութիւնը կը ծաղկի ամենուրէք աշխարհի մէջ» հաստատեց Սրբազան Պապը։
Խաղաղութիւնը սիրելը եւ փնտռելը կը նշանակէ պաշտպանել այն ինչ որ սուրբ է
Ան ապա քարոզի վերջին հատուածին մէջ ակնարկեց տիրող հակամարտութիւններուն դիտել տալով` որ Խաղաղութիւնը սիրելը եւ փնտռելը կը նշանակէ պաշտպանել այն ինչ որ սուրբ է։
Մեր շուրջը աղաւաղուած տնտեսութիւնը կը փորձէ շահոյթ ստանալ ամէն ինչէ։ Մենք ականատես ենք անոր։ Շուկան նոյնիսկ մարդկային ուսումնասիրութեան, ճանապարհորդելու, նոր սկզբի ծարաւը կը վերածէ առուտուրի։
«Ուստի հարց տանք. Յոբելեանը մեզի սորվեցու՞ց փախչիլ այնպիսի արդիւնաւէտութիւնէ, որ ամէն ինչ կը վերածէ ապրանքի, իսկ մարդս՝ սպառողի։ Այս տարուընէ ետք մենք պիտի կարողանա՞նք այցելուին մէջ ճանչնալ ուխտաւորը, անծանօթին մէջ՝ որոնողը, հեռաւորին մէջ հարևանը, տարբերին մէջ՝ ճանապարհորդող ուղեկիցը» հարցեր ուղղեց Քահանայապետը ու հրաւիրեց Յիսուսէն ընդօրինակել վարուելակերպը ու անոր հետ միասին սորվիլ կարդալ ժամանակներուն նշանները։
Անհատոյց եւ անչափելի Բարիքի յայտնութիւնը
«Մանուկը որուն կ՛երկրպագեն Մոգերը անգին և անչափելի Բարիք է։ Ան ձրիութեան Յայտնութիւնն է։ Ան մեզ կը սպասէ ոչ թէ հեղինակաւոր վայրերուն մէջ, այլ համեստ միջավայրերուն մէջ.... ասոր համար գեղեցիկ է դառնալ յոյսի ուխտաւորներ։ Գեղեցիկ է շարունակել այս մէկը ընել միասին։ Աստուծոյ հաւատարմութիւնը մեզի զարմանք պիտի պատճառէ տակաւին։ Եթէ մենք մեր եկեղեցիները չվերածենք կառոյցներու, եթէ հասարակութիւնները դարձնենք տուներ, եթէ միասին դիմակայենք հզօրներու շողոքորթութիւնները, այդ ժամանակ պիտի դառնանք արշալոյսի սերունդը։ Մարիամ` առաւօտեան Աստղը, պիտի քալէ մեր առջեւ։ Անոր Զաւկին մէջ պիտի տեսնենք եւ ծառայենք հիասքանչ մարդկութեան մը, որ վերափոխուած է ոչ թէ ամենակարողութեան մոլորութիւններով, այլ Աստուծոյ կողմէ, որ սիրոյ համար մարմին դարձաւ» եղան Լեւոն ԺԴ. Պապին Աստուածայայտնութեան տօնին օրը արտասանած քարոզին եզրափակիչ խօսքերը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
