Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետn ov  Լիւքսամպուրկի Մեծ Դուքսն ու Դքսուհին Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետn ov Լիւքսամպուրկի Մեծ Դուքսն ու Դքսուհին  (@Vatican Media)

Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը ընդունեց Լիւքսամպուրկի Մեծ Դուքսն ու Դքսուհին

Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը Վատիկանի մէջ ընդունեց Լիւքսամպուրկի Մեծ Դուքսն ու Դքսուհին, որմէ ետք տեղի ունեցան պաշտօնական տեսակցութիւններ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղարութեան հետ։ Խորհրդակցութիւններու ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, հասարակական ու կրթական հարցեր, ինչպէս նաեւ եւրոպական առկայ մարտահրաւէրները։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ուրբաթ, 23 յունուար 2026-ին, Վատիկանի առաքելական պալատին մէջ, Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը ընդունեց Լիւքսամպուրկի Մեղ Դուքս Կիյոմ Ե.-ն եւ Մեծ Դքսուհի Սթեֆանին։

Քահանայապետական ունկնդրութենէն ետք, թագաւորական զոյգը հանդիպում ունեցաւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար՝ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ, որուն կ՝ընկերակցէր Միջազգային Կազմակերպութիւններուն եւ Պետութիւններուն հետ յարաբերութիւններուն քարտուղար՝ Գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է որ Պետական Քարտուղարութեան մէջ տեղի ունեցած ջերմ խորհրդակցութիւններուն ընթացքին, կողմերը գոհունակութեամբ անդրադարձան գոյութիւն ունեցող երկկողմանի բարի յարաբերութիւններուն։ Յատուկ ուշադրութեան արժանացան Եկեղեցի-Պետութիւն կապերը, ինչպէս նաեւ երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող հետեւեալ նիւթերը. «հասարակական համախմբումը, երիտասարդներու դաստիարակութիւնը եւ կեանքի ու մարդկային անհատի արժանապատուութեան պաշտպանութիւնը։»

Ի վերջոյ, տեղի ունեցաւ կարծիքներու փոխանակում միջազգային այժմէական խնդիրներու շուրջ, յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով եւրոպական համապատկերին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/01/2026, 12:31