Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը ընդունեց Լիւքսամպուրկի Մեծ Դուքսն ու Դքսուհին
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ուրբաթ, 23 յունուար 2026-ին, Վատիկանի առաքելական պալատին մէջ, Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը ընդունեց Լիւքսամպուրկի Մեղ Դուքս Կիյոմ Ե.-ն եւ Մեծ Դքսուհի Սթեֆանին։
Քահանայապետական ունկնդրութենէն ետք, թագաւորական զոյգը հանդիպում ունեցաւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար՝ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ, որուն կ՝ընկերակցէր Միջազգային Կազմակերպութիւններուն եւ Պետութիւններուն հետ յարաբերութիւններուն քարտուղար՝ Գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր։
Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է որ Պետական Քարտուղարութեան մէջ տեղի ունեցած ջերմ խորհրդակցութիւններուն ընթացքին, կողմերը գոհունակութեամբ անդրադարձան գոյութիւն ունեցող երկկողմանի բարի յարաբերութիւններուն։ Յատուկ ուշադրութեան արժանացան Եկեղեցի-Պետութիւն կապերը, ինչպէս նաեւ երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող հետեւեալ նիւթերը. «հասարակական համախմբումը, երիտասարդներու դաստիարակութիւնը եւ կեանքի ու մարդկային անհատի արժանապատուութեան պաշտպանութիւնը։»
Ի վերջոյ, տեղի ունեցաւ կարծիքներու փոխանակում միջազգային այժմէական խնդիրներու շուրջ, յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով եւրոպական համապատկերին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
