Խաղաղութիւնը կը կառուցուի ժողովուրդներու նկատմամբ յարգանքով. Լեւոն ԺԴ
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Կիրակի` 25 Յունուարին գլխաւորած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի աւարտին Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը ողջունեց աղօթքին մասնակցող բազմահազար ուխտաւորները նշելով, որ Յունուար ամսուայ այդ երրորդ կիրակին նուիրուած է « Աստուծոյ Խօսքի»ն, զոր Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատեց եօթը տարի առաջ՝ ամբողջ Եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ Գիրքի ճանաչումը եւ Աստուծոյ Խօսքին հանդէպ ուշադրութիւնը խթանելու համար։
Աստուծոյ Խօսքի կիրակին
«Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ եւ կը քաջալերեմ բոլոր անոնք, որոնք հաւատքով եւ սիրով կը ծառայեն այս առաջնահերթ նպատակին» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը եւ յիշեց Ուքրանիան` որ «կը շարունակէ թիրախ ըլլալ շարունակական յարձակումներու», որոնք բնակչութիւնը կը թողուն ձմեռուան սառուցեալ վիճակին մէջ»։
Ուքրանիոյ ողբերգութիւնը` վերջ տակ պատերազմին
«Ցաւով կը հետեւիմ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն, մօտիկ եմ եւ կ՛ աղօթեմ բոլոր տառապողներուն համար։ Թշնամութիւններու երկարաձգումը, քաղաքացիական բնակչութեան վրայ աւելի ու աւելի ծանր հետեւանքներով կը խորացնէ ժողովուրդներու միջեւ ճեղքը եւ կը հեռացնէ արդար ու տեւական խաղաղութիւնը» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը հրաւէր ու կոչ ուղղելով բոլորին «կրկնապատկելու ջանքերը այս պատերազմին վերջ տալու համար»։
Բորոտներու Համաշխարհային Օրը
Նորին Սրբութիւնը յիշեց նաեւ կիրակի օր յիշատակուող «Բորոտներու Համաշխարհային Օրը» իր մօտիկութիւնը յայտնելով «այս հիւանդութենէն տառապող բոլոր անձերուն» եւ քաջալերելով բոլոր որոնք որոնք կը խնամեն բորոտ հիւանդները՝ պաշտպանելով անոնց արժանապատուութիւնը։
Խաղաղութեան կարաւանը
Սրբազան Պապը ողջունեց ապա Հռոմի հաւատացեալները եւ զանազան երկիրներէ ժամանած ուխտաւորները մասնաւոր ողջոյնի խօսք մը ուղղելով` Հռոմի Ացիոնէ Քաթթոլիքա շարժումի երիտասարդներուն, որոնք հրապարակ ժամանած էին իրենց ծնողներուն, դաստիարակներուն եւ քահանաներուն հետ` «Խաղաղութեան Կարաւանի» երթին առիթով։
Չարը կը յաղթուի միայն բարիով
«Սիրելի երեխաներ եւ պատանիներ, ձեզի շնորհակալ եմ, որովհետեւ կ՛օգնէք մեզ՝ մեծահասակներուս, աշխարհը ուրիշ տեսանկիւնէ դիտելու՝ տարբեր ժողովուրդներու եւ անձերու համագործակցութեան տեսանկիւնէն։ Շնորհակալութիւն։ Եղէք խաղաղութեան գործիչներ` տան մէջ, դպրոցի, մարզանքի եւ ամէն վայրերուն մէջ։ Երբեք բռնարար մի՛ ըլլաք ՝ ոչ խօսքերով եւ ոչ ալ արարքներով։ Երբե՛ք։ Չարը կը յաղթուի միայն բարիով» ըսաւ ապա Լեւոն ԺԴ։
Աղօթք ու յանձնառում վասն խաղաղութեան
Ան ապա հրաւէր ուղղեց երիտասարդներուն հետ միասին աղօթելու խաղաղութեան համար՝ «Ուքրանիոյ մէջ, Միջին Արեւելքի մէջ եւ աշխարհի բոլոր այն վայրերուն, ուր դժբախտաբար պատերազմ կը մղուի ժողովուրդներու շահերէն դուրս հետաքրքրութիւններու համար։ Խաղաղութիւնը կը կառուցուի ժողովուրդներու նկատմամբ յարգանքով» հաստատեց Ան։
Քրիստոնեաներու Միութեան համար Աղօթքի Շաբաթը
«Այսօր կ՛ աւարտի նաեւ Քրիստոնեաներու Միութեան համար Աղօթքի Շաբաթը։ Կէսօրէն ետքը, ըստ աւանդութեան, Սուրբ Պօղոս Տաճարին մէջ կը գլխաւորեմ Երեկոյեան Ժամերգութիւնը՝ միւս քրիստոնեայ դաւանանքներու ներկայացուցիչներուն հետ միասին։ Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլոր անոնց, որոնք պիտի մասնակցին աղօթքին, նաեւ լրատուամիջոցներու միջոցաւ, եւ բոլորիդ կը մաղթեմ օրհնեալ կիրակի» ըսաւ ապա Լեւոն ԺԴ. եզրափակելով Մարեմեան աղօթքը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
