Որոնել

Քահանայապետական Եկեղեցական Ակադեմիայի 325 ամեակի նշում Քահանայապետական Եկեղեցական Ակադեմիայի 325 ամեակի նշում  (@Vatican Media)

Դիւանագիտական ծառայութիւնը մասնագիտութիւն չէ, այլ հովուական կոչում. Լեւոն ԺԴ

Սրբազան Պապը պատգամ մը յղեց Քահանայապետական ​​Եկեղեցական Ակադեմիայի անդամներուն Ակադեմիայի հիմնադրման 325-ամեակին առիթով։ Ան հաստատեց. «Պապին դիւանագէտները կոչուած են ըլլալու կամուրջներ․ անտեսանելի կամուրջներ՝ զօրակցելու համար, ամուր կամուրջներ, երբ դէպքերը կը թուին դժուար կառավարելի, եւ յոյսի կամուրջներ, երբ բարին կը տատանի»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Շաբաթ` 17 Յունուար 2025-ի առաւօտեան ժամը 11-ին Առաքելական Պալատի «Sala Ducale» դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ «Սուրբ Աթոռի դիւանագիտական​​գործողութիւնները նոր համաշխարհային մարտահրաւէրներուն առջև» թեմայով համաժողով, որ կազմակերպուած էր Քահանայապետական ​​Եկեղեցական Ակադեմիայի (ՊԵԿ) հիմնադրման 325-ամեակի առիթով։

Համաժողովի Յայտագիրը

Յայտագիրը կը նախատեսէր Ակադեմիայի նախագահ Գերապ. Սալվաթորէ Փեննաքիոյի ողջոյնի խօսքը, Լևոն ԺԴ. Պապին պատգամի ընթերցումը, Ակադեմիայի մեծ կանցլեր եւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուպար` կարդինալ Փիեթրօ Փրոլինի զեկոյցը, փրոֆ. Սիլվանօ Ճորտանոյի (OCD) պատմական նշումը, Ակադեմիայի գիտական ​​տնօրէն` փրոֆ Վինչենցօ Պոնոմոյի «Ակադեմիայի բարեփոխումը» թեմայով զեկոյցը, ինչպէս նաև Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած Դիւանագիտական ​​Մարմնի Աւագերեց Կիպրոսի Դեպան Տիար Ճորճ Փուլիտէսի ելոյթը։  

Սրբազան Պապին պատգամը

Այս առիթով ժողովականներուն եւ Եկեղեցական Ակադեմիայի հասարակութեան ուղղած իր գրաւոր պատգամին մէջ, Լեւոն ԺԴ. Պապը նախ գոհութիւն յայտնեց Տիրոջ «Սուրբ Պետրոսի յաջորդի ծառայութեան դրուած այս արժանաւոր հաստատութեան երկար և բեղուն պատմութեան համար», նշելով թէ ինչպէս Ան ստեղծուեցաւ 1701 թուականին Կղէմէս ԺԱ. Քահանայապետի կամքով ու թէ դարերու ընթացքին ան աճեցաւ եւ զարգացաւ Եկեղեցւոյ եւ դիւանագիտութեան պահանջներուն համեմատ։

Ֆրանչիսկոս Պապին բարեփոխումները

Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապի ներմուծած բարեփոխումներուն որ «վերջին տարիներուն իր Praedicate Evangelium, առաքելական սահմանադրութեամբ հաստատեց Ակադեմիայի տեղադրութիւնը Պետական Քարտուղարութեան կառուցուածքի մէջ՝ զայն կապելով Սուրբ Աթոռի Դիւանագիտական Ծառայութեան Անձնակազմի Բաժնին» ։

«Ապա, 2025 թուականի մարտի 25-ին ստորագրուած Il Ministero Petrino ինքնագիր նամակով, ան զայն բնորոշեց որպէս դիւանագիտական գիտութիւններու ոլորտին մէջ բարձրագոյն ակադեմիական կրթութեան եւ հետազօտութեան առաջատար կեդրոն, իբրեւ Սուրբ Աթոռի դիւանագիտական գործունէութեան ուղղակի գործիք» նշեց ապա Լեւոն ԺԴ. պատգամին մէջ հաստատելով, որ «այս վերջին բարեփոխումները կը յայտնեն այն նպատակն, որուն համար կ՛ առաջարկուի կրթական ծրագիր մը, որ՝ ունենալով ամուր գիտական հիմք, ի վիճակի ըլլայ միաւորելու իրաւաբանական, պատմական, քաղաքական, տնտեսական եւ լեզուական կարողութիւններ, եւ զանոնք համադրելու երիտասարդ քահանաներու մարդկային եւ քահանայական արժանիքներուն հետ»։

Ընկալել նորութիւնները առանց մոռնալու արմատները

Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը շնորհակալութիւն յայտնեց հուսկ Քահանայապետական Եկեղեցական Ակադեմիայի մեծաւորներուն ու աշակերտներուն, իրենց «ստանձնած բարենորոգումի եւ հաղորդութեան ուղեւորութեան` հաւատքի եւ տրամադրութեան հոգիով, ընկալելով նորութիւնները առանց սակայն մոռնալու արմատները»։

Դիւանագիտական ծառայութիւնը մասնագիտութիւն չէ, այլ հովուական կոչում

Ասկէ մեկնելով Ան մաղթեց` որ այս տարեդարձը ըլլայ առիթ\ նոր յանձնառումի մը, «շարունակելու կազմաւորման ընթացքը», յիշելով նաեւ, թէ «դիւանագիտական ծառայութիւնը մասնագիտութիւն չէ, այլ հովուական կոչում. հանդիպումի աւետարանական արուեստ, որ հաշտութեան ուղիներ կը փնտռէ այնտեղ, ուր մարդիկ պատեր կը բարձրացնեն և անվստահութիւն կը սերմանեն»։

Աւետարանէն ծնող դիւանագիտութիւն

«Մեր դիւանագիտութիւնը արդարեւ կը ծնի Աւետարանէն` անիկայ մարտավարութիւն չէ, այլ՝ մտածող սէր, ան ոչ յաղթողներ եւ ոչ ալ պարտուողներ կը փնտռէ, ան պատնէշներ չի կառուցեր, այլ կը վերահիւսէ իսկական կապեր», հաստատեց ապա Քահանայապետը, բացատրելով, թէ «այս հաղորդակցութիւնը կերտելու համար, արտասանուած իւրաքանչիւր խօսք կը պահանջէ, որ նախորդուի ունկնդրութեամբ՝ Աստուծոյ ունկնդրում եւ փոքրերու ունկնդրում, անոնց, որոնց ձայնը յաճախ չի լսուիր»։

Կամուրջ ըլլալու կոչումը

«Պապին դիւանագէտները կոչուած են ըլլալու կամուրջներ անտեսանելի կամուրջներ՝ զօրակցելու համար, ամուր կամուրջներ, երբ դէպքերը կը թուին դժուար կառավարելի, եւ յոյսի կամուրջներ, երբ բարին կը տատանի»։

Եղէք խոր հոգեւորականութեամբ քահանաներ

Լեւոն ԺԴ. Պապը հուսկ հրաւիրեց նմանիլ Սուրբ Անտոն անապատականին, որ իրենց պաշտպան սուրբն է, որ «գիտցաւ անապատին լռութիւնը վերածել Աստուծոյ հետ պտղաբեր երկխօսութեան։ Եղէք խոր հոգեւորականութեամբ քահանաներ, որպէսզի աղօթքէն քաղէք միւսներուն հետ հանդիպելու ուժը» եղաւ Նորին Սրբութեան թելադրանքը նախ քան որ զանոնք յանձնէր Եկեղեցւոյ Մայր` Սուրբ Կոյս Մարիամի հովանիին, «որպէսզի հսկէ ձեր վրայ ու ձեզ հլու եւ հնազանդ դարձնէ Աստուծոյ կամքին` ձեր Պետրոսեան Աթոռին ծառայութեան մէջ», գրեց ապա Սրբազան Քահանայապետը իր պատգամին մէջ զոր  աւարտեց բոլորին շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/01/2026, 11:19