Որոնել

2025.01.17 Card. Parolin Lectio Magistralis - Sala Regia

Փարոլին.․ Այսօր ուժի գործադրութիւնը կը գերադասէ իրաւունքը անհրաժեշտ է վերադառնալ բազմակողմանիութեան

Վատիկանի Պետական Քարտուղարը դասախօսական ելոյթ մը ունեցաւ՝ «Սուրբ Աթոռի դիւանագիտական գործունէութիւնը նոր համաշխարհային մարտահրաւէրներու առջեւ» խորագիրով համաժողովին, որ կազմակերպուած էր Քահանայապետական Դիւանագիտական Ակադեմիայի կողմէ։ Տիրապետող բազմաբեւեռ աշխարհակարգը կը մղէ դէպի «զինուած խաղաղութիւն» կամ պետութիւններու միջեւ «փոխադարձ անվստահութեան մթնոլորտի հաստատում», հաստատեց Ան, ընդգծելով թէ Խաղաղութեան «գործիչներ» ըլլալու համար անհրաժեշտ են հեռատեսութիւն եւ առողջ իրապաշտութիւն։

Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք

Շաբաթ` 17 Յունուարի առաւօտեան Առաքելական Պալատի «Sala Ducale» դահլիճին մէջ տեղի ունեցած «Սուրբ Աթոռի դիւանագիտական​​գործողութիւնները նոր համաշխարհային մարտահրաւէրներուն առջև» խորագիրով համաժողովին ելողթ ունեցաւ նեաւ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը, Վատիկանի Պետական Քարտուղարը, որ դատապարտեց ուժի գործադրումը որպէս հակամարտութիւններ լուծելու միջոց եւ կոչ ուղղեց վերադառնալու բազմակողմանիութեան։

Իր ելոյթին մէջ՝ Ան, յիշեց Քահանայապետական Եկեղեցական Ակադեմիայի 325 ամեակը որուն առիթով է որ կազմակերպուած էր համաժողովը եւ ընդգծեց միջազգային յարաբերութիւններու բազմակողմանի համակարգի խոր ճգնաժամը եւ այն բազմաբեւեռ աշխարհակարգի առաջացումը, որ կը բնորոշուի զինուորական, տնտեսական եւ գաղափարախօսական բախումներով։

Զինուորական, տնտեսական եւ գաղափարական հակամարտութիւններով յատկանշուած բազմաբեւեռ աշխարհի մը մէջ, ան հրաւէր ուղղեց վերադառնալու արդարութեան, միջազգային իրաւունքի եւ համագործակցութեան վրայ հիմնուած դիւանագիտական գործունէութեան։

Փարոլին հաստատեց, որ խաղաղութիւնն ու արդարութիւնը միջազգային կարգի հիմնասիւներն են եւ կոչ ուղղեց փնտռելու լուծումներ, որոնք կը հրաժարին ուժի գործածութենէն եւ իշխանութեան կամքէն։

Ան նաեւ շեշտեց դիւանագիտութեան եւ հեռատեսութեան կարեւորութիւնը՝ խաղաղութեան եւ արդարութեան պայմաններ ապահովելու համար։

Այս առնչութեամբ Ան հաստատեց թէ Սուրբ Աթոռը, իր դիւանագիտութեան միջոցաւ, կոչուած է ըլլալու «խաղաղութեան գործիչ», խթանելով կրթական եւ համատեղ լուծումներ, նորոգելով բազմակողմանի հաստատութիւնները եւ հակազդելով այն գաղափարին, թէ պատերազմը կրնայ լուծել խնդիրները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/01/2026, 12:25