Յիսուսին յարութիւնը եւ մահը. Հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի` 10 դեկտեմբերին Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորեց դեկտեմբեր ամսուայ չորեքշաբթի օրուայ առաջին հրապարակային ունկնդրութիւնը, որուն առիթով շարունակեց խորհրդածել «Յիսուս Քրիստոս մեր Յոյսը» յոբելենական տարուան համար ընտրուած նիւթի մասին, յատուկէն շեշտը դնելով «Քրիստոսին յարութիւնը եւ ժամանակակից աշխարհին մարտահրաւէրները» նիւթին վրայ ու մասնաւորապէս Յիսուս Քրիստոսի Զատիկին վրայ, որպէս մեր մահուան համար վերջին պատասխան։
Մահուան խորհուրդը
«Մահուան խորհուրդը միշտ խոր հարցեր յառաջացուցած է մարդկութեան համար։ Ան կը ներկայանայ որպէս ամենաբնական և միևնոյն ժամանակ ամենագերբնական իրադարձութիւն» ըսաւ Սրբազան Պապը խորհրդածութեան սկիզբը եւ ակնարկեց բազմաթիւ հին ժողովուրդներու աւանդութիւններուն, որոնք զարգացուցին մեռեալներու պաշտամունքին հայող ծէսեր եւ սովորոյթներ՝ ընկերանալու եւ յիշելու անոնք, որոնք քալեցին դէպի գերագոյն խորհուրդը։
«Այսօր սակայն կայ այլ միտում մը։ Մահը կը ներկայանայ որպէս «թապու» (արգիլուած բան)։ Իրադարձութիւն, որ պէտք է հեռու պահել, բան մը, որուն մասին պէտք է խօսիլ ցած ձայնով՝ մեր զգացողութիւններն ու հանգստութիւնը չխախտելու համար» նշեց ի միջի այլոց Սրբազան Քահանայապետը ապա հարց տուաւ. «Ի՞նչ է մահը։ Անիկայ իսկապէ՞ս վերջին խօսքը ունի մեր կեանքին մէջ»։
Մահը կեանքի ուսուցիչ
«Միայն մարդ անհատն է` որ այս հարցումը կ՛ուղղէ, որովհետեւ միայն ինք գիտէ թէ պիտի մեռնի։ Թէեւ այս գիտակցութիւնը չազատեր մահէն այլ տեսակէտով մը կը ծանրացնէ հարցը» դիտել տուաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը, բացատրելով` թէ այս մէկը կարող մեզ մղել մենք զմեզ համարելու «դժբախտ արարածներ, ոչ միայն այն պատճառով, որ կը մահանանք, այլեւ որ վստահ ենք, որ այդ իրադարձութիւնը տեղի պիտի ունենայ, նոյնիսկ եթէ չենք չգիտեր ինչպէս կամ երբ։ Հաւանաբար, այստեղէն է, որ կը ծագին մահուան հարցէն յաճախակի գոյաբանական փախուստները» նշեց Սրբազան Պապը ու ակնարկեց Սուրբ Ալֆոնսոս Մարի Տէ Լիկուորին յայտնի «Մահուան նախապատրաստութիւն» աշխատութեան, որուն մէջ սուրբը կը խորհրդածէ մահուան կրթական արժէքի մասին՝ ցոյց տալով, թէ ինչպէս ան կեանքի ուսուցիչ է։ «Մահուան գոյութեան գիտակցումը մեզի կը սորվեցնէ ընտրել, թէ ի՞նչ կ՛ ուզենք ընել մեր կեանքին մէջ։ Աղօթել՝ հասկանալու համար, թէ ի՜նչը օգտակար է երկնքի արքայութեան համար, և թողուլ աւելորդը, որ մեզ կը կապէ անցողիկ բաներու, այս է գաղտնիքը իսկական ապրումին, գիտակցելով, որ մեր երկրային ճանապարհը մեզ կը պատրաստէ յաւերժութեան համար» ըսաւ Լեւոն ԺԴ.։
Մահը չի հակառակիր կեանքին, այլ մաս կը կազմէ անոր
Ան ապա անդրադարձաւ Ներկայի մշակոյթին` որ հակուած է վախնալու մահէն եւ կը ձգտի խուսափիլ անոր մասին մտածելէ, նոյնիսկ դիմելով բժշկութեան ու գիտութեան՝ անմահութիւն փնտռելու համար։
«Քրիստոսի Յարութեան իրադարձութիւնը սակայն կը բացայայտէ, որ մահը չի հակառակիր կեանքին, այլ մաս կը կազմէ անոր` որպէս անցք դէպի յաւիտենական կեանք։ Յիսուսին Զատիկը մեզի նախաճաշակել կու տայ մահէն յետոյ գալիքը» հաստատեց Սրբազան Պապը ու աւելցուց. «Միայն Յիսուսի Յարութեան իրադարձութիւնը կարող է լուսաւորել մահուան խորհուրդը։ Միայն այդ լոյսին մէջ է, որ կ՛իրականանայ այն ինչ, որ մեր սիրտը կը բաղձայ եւ կը յուսայ, այսինքն թէ մահը վերջը չէ, այլ անցում դէպի լիակատար լոյս, դէպի օրհնեալ յաւերժութիւն» եղան Նորին Սրբութեան շեշտադրումները։
Մահը հրաւէր քննելու մեր կեանքը
«Մահը առ այդ վախի առիթ չէ այլ պատրաստուելու պահ։ Հրաւէր է քննելու մեր կեանքը և ապրելու այնպէս, որ օր մը կարողանանք կիսել ոչ միայն Քրիստոսին մահը, այլեւ յաւերժական կեանքի ուրախութիւնը։ Զայն սպասելը յարութեան անսասան Յոյսով մեզ կը պահպանէ յաւերժ անհետանալու վախէն եւ կը պատրաստէ անվերջ կեանքի ուրախութեան» ըսաւ Լեւոն ԺԴ. աւարտելով խորհրդածութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
