Այսօր Դաւթի քաղաքէն ձեզի համար ծնաւ Փրկիչը, որ Քրիստոս Տէրն է. Լեւոն ԺԴ Պապին Սուրբ Ծննդեան ճրագալոյցի պատարագը

Քահանայապետը խորհրդածեց Յիսուսի Ծննդեան տօնի մասին որպէս փրկութեան եւ մարդկութեան համար լոյսի իրադարձութիւն։ Ան ընդգծեց թէ Աստուած մարդեղացաւ բացայայտելու համար իւրաքանչիւր մարդ անհատի անսահման արժանապատւութիւնը ու մեզ ազատելու ստրկութենէն։ Յիսուսին Ծնունդը սիրոյ եւ խաղաղութեան իրողութիւն մըն է, որ կարող է փոխել մեր պատմութիւնը եւ մղել աշխարհին վկայելու Ծննդեան ուրախութիւնը, հռչակելով հաւատք, սէր եւ յոյս։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի` 24 դեկտեմբեր 2025-ի երեկոյեան ժամը տասին, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը Վատիկանի Սուրբ Պետրոս մայր տաճարին մէջ մեծ հանդիսութեամբ գլխաւորեց Սուրբ Ծննդեան ճրագալոյցի Պատարագը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին կղերական դասի անդամները` կարդինալներ, եպիսկոպոսներ ու քահանաներ, ու մեծ թիւով ուխտաւոր հաւատացեալներ։

Ողջոյնի խօսք հրապարակէն արարողութեան հետեւող հաւատացեալներուն

Պատարագէն առաջ Սրբազան Պապը ողջունեց տաճարէն դուրս Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գտնուող հինգ հազարէ աւելի հաւատացեալները տրուած ըլլալով որ Սուրբ Պետրոս Պազիլիքային կարող է հիւրընկալել միայն վեց հազար անձ։ Սրբազան Պապը արդարեւ նշեց` թէ «Սուրբ Պետրոսի տաճարը շատ մեծ է, բայց, ցաւօք, բաւականաչափ մեծ չէ ձեզ բոլորիդ ընդունելու համար»։

«Ես կը հիանամ, կը յարգեմ և շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեր քաջութեան և այսօր երեկոյեան այստեղ գտնուելու ձեր պատրաստակամութեան համար» ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնելով բոլորին ու յայտնելով, որ «Յիսուս Քրիստոս` որ ծնաւ մեզի համար մեզի կը բերէ Խաղաղութիւնը ու Աստուծոյ սէրը»։

Ան ապա շնորհաւորեց բոլորը ու հրաւիրեց զանոնք պաստառներու վրայ հետեւելու արարողութեան բոլորին վրայ հայցելով Աստուծոյ հովանին եւ օրհնութիւնը եւ անոնց շնորհեց իր օրհնութիւնը։

«Այսօր Դաւիթի քաղաքին մէջ ձեզի Փրկիչ մը ծնաւ, որ Օծեալ Տէրն է»

Իսկ Սուրբ զոհի ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ Սրբազան Պապը խօսքը կեդրոնացուց օրուան Խորհուրդին եւ անոր խոր նշանակութեան վրայ։ Ան յիշեց թէ ինչպէս դարերու ընթացքին ժողովուրդները աստղերուն մէջ որոնեցին ապագայի նշանները ու թէ իսկական լոյսը յայտնուեցաւ Բեթղեհէմի գիշերուան մէջ, Յիսուսին, Փրկիչին ծնունդով։ «Այսօր Դաւիթի քաղաքին մէջ ձեզի Փրկիչ մը ծնաւ, որ Օծեալ Տէրն է» (Ղուկաս 2,11)։

Աստուծոյ զօրութիւնը կը յայտնուի տկարութեան, խնամքի եւ տաքութեան կարօտ նորածինի մը մէջ

«Չկայ խաւար, որ այս աստղը չի լուսաւորէ, քանի որ իր լոյսին մէջ ամբողջ մարդկութիւնը կը տեսնէ նոր և յաւերժական գոյութեան արշալոյսը։ Անիկա Յիսուսի՝ Էմմանուէլի ծնունդն է» ըսաւ Սրբազան Պապը հաստատելով որ այս աստղը կը լուսաւորէ համայն մարդկութիւնը ու կը բացայայտէ թէ Աստուած կը յայտնուի խանձարուրներով պատուած մսուրի մը մէջ, որ խորհրդանիշն է խոնարհութեան եւ մօտիկութեան։

Աստուծոյ իսկական զօրութիւնը կը յայտնուի տկարութեան, խնամքի եւ տաքութեան կարօտը ունեցող նորածինի մը մէջ, որուն առաջին ճիչը կը հնչէ որպէս յոյսի եւ փրկութեան խօսք մը։

Սիրոյ ծրագիր

«Աստուածային լոյսը կը ճառագայթէ այս Մանուկին մէջ ու մեզի կ՛օգնէ տեսնելու մարդը իւրաքանչիւր նոր ծնող կեանքին մէջ» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը հաստատելով` որ «մեր կուրութիւնը լուսաւորելու համար Տէրը որոշեց ինքզինք մարդուն բացայայտել որպէս մարդ, իր իսկական պատկերով՝ աշխարհի արարչագործութեամբ սկսած սիրող ծրագրին համաձայն»։

Երկրի վրայ տեղ չկայ Աստուծոյ եթէ տեղ չկայ իւրաքանչիւր մարդու

Նորին Սրբութիւնը ապա յղում կատարեց Պենետիկտոս ԺԶ. Քահանայապետի 2012 թուականին Ծննդեան ճրագալոյցի քարոզին, դիտել տալով, թէ երկրի վրայ տեղ չկայ Աստուծոյ եթէ տեղ չկայ իւրաքանչիւր մարդու...իսկ այնտեղ` ուր տեղ կայ մարդուն տեղ կայ նաեւ Աստուծոյ, ուստի մսուրը կարող է դառնալ աւելի սուրբ քան տաճար մը եւ Սուրբ Կոյսին արգանդը նոր ուխտի տապանակը», հաստատեց Լեւոն ԺԴ. նշելով` որ Սուրբ Ծնունդը մեզ կը հրաւիրէ գիտակցելու, որ «Յիսուսին մէջ կը տրուի նոր կեանք մը, ոչ որպէս տիեզերական լուծում, այլ որպէս սիրոյ պատմութիւն մը` որ կը ներգրաւէ իւրաքանչիւր անձ»։

Աստուած կ՛ուզէ մարդ դառնալ մեզ ստրկութենէն ազատելու համար

«Ժողովուրդներու սպասումներուն առջև Աստուած կ՛ ուղարկէ մանուկ մը՝ որպէս յոյսի խօսք, դժբախտներու ցաւին առջև Ան կ՛ ուղարկէ անպաշտպան մարդ մը՝ որպէս կրկին ոտքի կանգնելու ուժ, բռնութեան և ճնշումներու առջև Ան կը վառէ նուրբ լոյս մը, որ փրկութեամբ կը լուսաւորէ այս աշխարհի բոլոր զաւակները» ըսաւ Լեւոն ԺԴ նկատել տալով թէ «Մինչ մարդս կ՛ուզէ աստուած դառնալ միւսին վրայ գերիշխելու համար, Աստուած կ՛ուզէ մարդ դառնալ մեզ ստրկութենէն ազատելու համար»։

Ծնունդը ժամանակ է նաեւ երախտագիտութեան եւ յանձնառումի

Բեթղեհէմի տեսարանը՝ հովիւներով և աստեղազարդ երկինքով, մեզի կը յիշեցնէ Աստուծոյ խաղաղութիւնն ու փառքը, որ կը միացնէ երկինքն ու երկիրը, նկատել տուաւ ապա Քահանայապետը յիշելով անցեալ տարուայ 24 դեկտեմբերին հանգուցեալ Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքերը Յոյսի յոբելենական սուրբ տարուան բացման առիթով, որոնցմէ մեկնելով նշեց` որ Ծնունդը ժամանակ է նաեւ երախտագիտութեան եւ յանձնառումի։ «Երախտագիտութիւն ընկալուած պարգեւին համար, ու յանձնառում զայն աշխարհին վկայելու համար» յարեց Սրբազան Պապը հաստատելով` որ Սուրբ Ծննդեան ուրախութիւնը հաւատքի, սիրոյ եւ յոյսի տօնակատարութիւն է։

Սուրբ Ծննդեան ուրախութիւնը տօն է հաւատքի, սիրոյ եւ յոյսի

«Հաւատքի տօն, քանի` որ Աստուած մարդ դարձաւ՝ ծնելով Կոյսէն։ Սիրոյ տօն է, քանի որ փրկագործ Որդիի պարգևը կ՛իրականանայ եղբայրական նուիրումին մէջ։ Յոյսի տօն է, քանի որ մանուկ Յիսուսը զայն կը վառէ մեր մէջ՝ մեզ դարձնելով խաղաղութեան պատգամաբերներ։ Մեր սրտին մէջ այս առաքինութիւններով, առանց վախենալու գիշերէն, կարող ենք դիմաւորել նոր օրուայ արշալոյսը» ըսաւ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը եզրափակելով Սուրբ Ծննդեան ճրագալոյցի պատարագին քարոզը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/12/2025, 22:53