Որոնել

2025.12.15 Inaugurazione del presepe e accensione dell'albero di Natale a Piazza S. Pietro

Սուրբ Ծննդեան արարողութիւնները Վատիկանի մէջ Լեւոն ԺԴ. Պապի գլխաւորութեամբ

Ճրագալոյցի Սուրբ Զոհին ընթացքին կը կարդացուի Ղուկաս Աւետարանիչէն քաղուած ( 2,1-4 ) Յիսուսին ծնունդը պատմող հատուածը մինչ պատարագի աւարտին մի քանի մանուկներ Քահանայապետի հետ միասին կ՛ուղղուին դէպի տաճարին մէջ կառուցուած սուրբ մսուրը այնտեղ զետեղելու համար Յիսուս Մանուկին արձանը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 24 դեկտեմբեր 2025-ին մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան տօնի նախօրէին` Վատիկանի Սուրբ Պետրոս պազիլիքաի մէջ երեկոյեան ժամը տասին` Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը կը նախագահէ ճրագալոյցի Սուրբ պատարագը, որուն սկիզբը կը կարդացուին Յիսուսի Ծննդեան մասին Աստուածաշնչական մարգարէութիւնները եւ կ՛երգեցուի «Kalenda»ն որ հին և հանդիսաւոր ծիսական հռչակագիր մըն է, որ կը նշէ Յիսուսին ծնունդը՝ զայն պատմականօրէն և տիեզերական առումով տեղադրելով ժամանակի մէջ։

Սուրբ Զոհի ընթացքին կը կարդացուի Ղուկաս Աւետարանիչէն քաղուած ( 2,1-4 ) Յիսուսին ծնունդը պատմող հատուածը մինչ պատարագի աւարտին մի քանի մանուկներ Քահանայապետի հետ միասին կ՛ուղղուին դէպի տաճարին մէջ կառուցուած սուրբ մսուրը այնտեղ զետեղելու համար Յիսուս Մանուկին արձանը։

Յաջորդ օրը՝ հինգշաբթի 25 դեկտեմբերի առաւօտեան ժամը տասին Նորին Սրբութիւնը Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ կը մատուցէ Սուրբ Ծննդեան պատարագը, ապա կէսօրին Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի կեդրոնական պատշգամէն Հռոմի Քաղաքին ու Համայն աշխարհին կ՛ ուղղէ Սուրբ Ծննդեան «Ուրպի Էթ Օրպի» պատգամը եւ առաքելական օրհնութիւնը։ Այս մէկը  կը հանդիսանայ Լեւոն ԺԴ. Պապին Ծննդեան օրուան առաջին պատարագը եւ «Ուրպի էթ Օրպի» օրհնութիւնը։

Ուրբաթ` 26 դեկտեմբերին, տօնն է Սուրբ Ստեփանոս նախավկային, որուն առիթով Լեւոն ԺԴ. Պապը առաքելական պալատի իր գրասենեակէն կ՛արտասանէ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը ներկայացնելով օրուան խորհրդածութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/12/2025, 07:25