Որոնել

Քոնկոյի մէջ պատերազմ Քոնկոյի մէջ պատերազմ  (AFP or licensors)

Մարեմեան աղօթք. Քահանայապետին կոչը Քոնկոյի մէջ դադրեցնելու բռնութիւնները ու ձգտելու կառուցողական երկխօսութեան

«Գովաբանենք Տէրը այն նահատակներուն համար, որոնք Աւետարանի քաջարի վկաներ են, հալածուած և սպաննուած իրենց ժողովրդին մօտ մնալու և Եկեղեցւոյն հաւատարիմ մնալու համար» ըսաւ Լեւոն ԺԴ.։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 14 դեկտեմբերի կէսօրին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի աւրատին, Սրբազան Քահանայապետը խօսքը ուղղելով աղօթքին մասնակցող հաւատացեալներուն, յիշեց երէկ սպանիայի մէջ Երանելի հռչակուած` Քահանայ Emanuele Izquierdo եւ անոր յիսուն ութ ընկերները, հայր Antonio Montañés Chiquero-ն եւ անոր վաթսուն չորս ընկերները որոնք սպաննուեցան իրենց հաւատքին հաւատարիմ մնացած ըլլալուն համար, 1936-38 կրօնական հալածանքներու ընթացին։ Նորին Սրբութիւնը յիշեց նաեւ երէկ Փարիզի մէջ Երանելի հռչակուած` Քահանայ Raymond Cayré, կրօնաւոր Gérard-Martin Cendrier, նորընծայ Roger Vallé-ն աշխարհական Jean Mestre եւ անոնց քառասուն վեց ընկերները, որոնք իրենց կարգին սպաննուեցան իրենց հաւատքին համար` 1944-45 տարիներու Նացիական տիրապետութեան ընթացքին։

«Գովաբանենք Տէրը այս նահատակներուն համար, որոնք Աւետարանի քաջարի վկաներ են, հալածուած և սպաննուած իրենց ժողովրդին մօտ մնալու և Եկեղեցւոյն հաւատարիմ մնալու համար» ըսաւ Լեւոն ԺԴ.։

Ան ապա նշեց թէ «խոր մտահոգութեամբ կը հետևի Քոնկոյի Ժողովրդավարական ​​Հանրապետութեան արևելեան շրջանին մէջ վերսկսած մարտական​​գործողութիւններուն», որոնց առնչութեամբ իր մօտիկութիւնը արտայայտեց բնակչութեան ապա կոչ ուղղեց «հակամարտութեան մէջ ներգրաւուած կողմերուն դադարեցնելու բռնութեան բոլոր ձևերը և ձգտելու կառուցողական երկխօսութեան՝ յարգելով ընթացող խաղաղութեան գործընթացները»։

Քահանայապետը առ այդ ողջունեց հրապարակ ժամանած իտալիայէն եւ այլ երկիներէն ժամանած ուխտաւորներու խումբերը բոլորին մաղթելով բարի Կիրակի։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/12/2025, 12:20