Սրբազան Պապը հակամանրէնային դեղեր ուղարկած է Կազա եւ պարենային օգնութիւն՝ Ուքրանիա
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Պատերազմէն տուժած ժողովուրդներու հետ զօրակցութեան գործնական արարքներով, Սրբազան Քահանայապետ Լևոն ԺԴ-ը 5000 հակաբիոտիկ ուղարկած է Կազայի հատուածի մանուկներուն, որոնք շարունակուող հակամարտութեան ամենախոցելի զոհերն են: Նախաձեռնութիւնը հնարաւոր դարձաւ Առաքելական Ողորմաբաշխութեան գրասենեակի շնորհիւ և մարդասիրական օգնութեան անցակէտերու բացման հետեւանքով: Դեղորայքը արդեն բաշխուած է Երուսաղեմի Լատին Պատրիարքութեան միջոցաւ:
Բարեգործութեան ծառայութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչ` Կարդինալ Քոնրատ Քրայեւսքին ընդգծեց, որ այս ժեստը կը հետեւի «Dilexi te» յորդորագիրին, յիշեցնելով, որ Եկեղեցին հաւաստի է միայն այն ժամանակ, երբ կը քարոզէ Աւետարանը մօտիկութեան շօշափելի արարքներով։
Միևնոյն ժամանակ, Քահանայապետը սնունդի ծանրոցներ ուղարկած է Ուքրանիա, որոնք կը պարունակեն հիմնական անհրաժեշտ պարագաներ, որոնք ժամանած են Խարքիւ:
Օգնութիւնը, որ մեկնած է Հռոմի Սուրբ Սոֆիայի տաճարէն՝ ուքրանական համայնքի կենտրոնական վայր, մխիթարութիւն կը տանի անոնց, որոնք տարիներ շարունակ ապրած են ռմբակոծումներու տակ: Քահանայապետին բարեգործութիւնը կը շարունակէ յոյսի կամուրջ ըլլալ պատերազմէն տուժած վայրերուն մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
