Palestinians' grief continues to grow as more loved ones are killed during the two years of war

Սրբազան Պապը հակամանրէնային դեղեր ուղարկած է Կազա եւ պարենային օգնութիւն՝ Ուքրանիա

Բարեգործութեան ծառայութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչ կարդինալ Քոնրատ Քրայեւսքին ընդգծեց, որ այս ժեստը կը հետեւի «Dilexi te» յորդորագիրին, յիշեցնելով, որ Եկեղեցին հաւաստի է միայն այն ժամանակ, երբ կը քարոզէ Աւետարանը մօտիկութեան շօշափելի արարքներով։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Պատերազմէն տուժած ժողովուրդներու հետ զօրակցութեան գործնական  արարքներով, Սրբազան Քահանայապետ Լևոն ԺԴ-ը 5000 հակաբիոտիկ ուղարկած է Կազայի հատուածի մանուկներուն, որոնք շարունակուող հակամարտութեան ամենախոցելի զոհերն են: Նախաձեռնութիւնը հնարաւոր դարձաւ Առաքելական Ողորմաբաշխութեան գրասենեակի  շնորհիւ և մարդասիրական օգնութեան անցակէտերու բացման հետեւանքով: Դեղորայքը արդեն բաշխուած  է Երուսաղեմի Լատին  Պատրիարքութեան միջոցաւ:

Բարեգործութեան ծառայութեան Վերատեսչութեան  Վերատեսուչ` Կարդինալ Քոնրատ Քրայեւսքին ընդգծեց, որ այս ժեստը կը հետեւի «Dilexi te» յորդորագիրին, յիշեցնելով, որ Եկեղեցին հաւաստի է միայն այն ժամանակ, երբ կը քարոզէ Աւետարանը մօտիկութեան շօշափելի արարքներով։

Միևնոյն ժամանակ, Քահանայապետը սնունդի ծանրոցներ ուղարկած է Ուքրանիա, որոնք կը պարունակեն հիմնական անհրաժեշտ պարագաներ, որոնք  ժամանած են Խարքիւ: 

Օգնութիւնը, որ մեկնած է Հռոմի Սուրբ Սոֆիայի տաճարէն՝ ուքրանական համայնքի կենտրոնական վայր, մխիթարութիւն կը տանի անոնց, որոնք տարիներ շարունակ ապրած են ռմբակոծումներու տակ: Քահանայապետին բարեգործութիւնը կը շարունակէ յոյսի կամուրջ ըլլալ պատերազմէն տուժած  վայրերուն մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/10/2025, 10:26