Որոնել

2025.10.27 Logo per viaggio in Turchia e Libano Papa Leone XIV.

Թուրքիա եւ Լիբանան Առաքելական Ճամբորդութիւններու նշանաբաններն ու կարգախօսերը

«Միակ Տէր, միակ հաւատք, միակ մկրտութիւն» եւ «Երանի խաղարարներուն», ասոնք են Լեւոն ԺԴ. Պապին Թուրքիա եւ Լիբանան կատարելիք առաքելական ճամբորդութիւններուն կարգախօսը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի` 27 հոկտեմբերին Հրատարակուեցան Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին Թուրքիա եւ Լիբանան կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան նշանաբաններն ու կարգախօսները, ճամբորդութեան պաշտօնական յայտագիրին հետ միասին։

Թուրքիա

Թուրքիոյ ճամբորդութեան կարգախօսն է «Միակ Տէր, միակ հաւատք, միակ մկրտութիւն», քաղուած Սուրբ Պօղոսի Եփեսացիներուն ուղղուած նամակէն (Եփեսաց. 4,5) մինչ նշանաբանը, որ նուիրուած է այցելութեան նպատակին, այն է յիշատակել Նիկիոյ Տիեզերական Ժողովին 1700 ամեակը, կը պատկերացնէ Տարտանելիի կամուրջը, որ կը խորհրդանշէ Ասիայի և Եւրոպայի հանդիպումը և Քրիստոս` որպէս Աստուծոյ և մարդկութեան միջև կամուրջ։

Կամուրջին տակ կը հոսին ալիքները որոնք կը յիշեցնեն մկրտութեան ջուրը եւ Իզնիքի լիճը։  Աջին կայ 2025-ի Յոբելենական տարուան Խաչը, մինչ նշանաբանի վերին մասը, ձախին, զետեղուած են երեք շրջանակներ որոնք կը ներկայացնեն Սուրբ Երրորդութիւնը։

Ամբողջութիւնը կ՜արտայայտէ ճամբորդութեան կարգախօսը` շրջանակը խորհրդանիշն է Աստուծոյ եզակիութեան, կամուրջը միակ հաւատքը, որ կը միացնէ ժողովուրդները, ալիքները` մկրտութիւնը, որ կը վերածնի Աստուծոյ զաւակները, զանոնք հրաւիրելով կառուցելու եղբայրութիւն եւ երկխօսութիւն, ընդմէջ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի։

Լիբանան

«Երանի խաղարարներուն» այս է Լիբանանի ճամբորդութեան կարգախօսը, որ քաղուած է Մատթէոս Աւետարանիչէն, եւ կը պարունակէ այցելութեան կեդրոնական պատգամը` «մխիթարել լիբանանցի ժողովուրդը՝ խրախուսելով երկխօսութիւնը, հաշտեցումը և ներդաշնակութիւնը բոլոր համայնքներու միջև»։

Նշանաբանին մէջ պատկերացուած է Սրբազան Պապը, որ իր աջ ձեռքը բարձրացուցած է օրհնելու համար, որուն մօտ կայ աղաւնի մը, որ կը խորհրդանշէ խաղաղութիւնը եւ մայրի մը, որ կը ներկայացնէ Լիբանանը, անոր հարուստ պատմութեամբ, հաւատքով եւ միջկրօնական ներդաշնակութեամբ։

Նշանաբանին աջ կողմը զետեղուած է 2025 թուականի Յոբելեանի խաչ-խարիսխը, որ կը խորհրդանշէ Քրիստոսի հանդէպ հաւատքի վրայ ամուր հիմնուած յոյսը: Մուգ կապոյտը և բաց վարդագոյնը, կանաչը և բաց կապոյտը կ՛ արտայայտեն հանգստութիւն, միացած սպիտակի հետ, որ կ՛ արտացոլայ Լիբանանի խաղաղութեան կարօտը:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/10/2025, 12:59