Թուրքիա եւ Լիբանան Առաքելական Ճամբորդութիւններու նշանաբաններն ու կարգախօսերը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Երկուշաբթի` 27 հոկտեմբերին Հրատարակուեցան Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին Թուրքիա եւ Լիբանան կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան նշանաբաններն ու կարգախօսները, ճամբորդութեան պաշտօնական յայտագիրին հետ միասին։
Թուրքիա
Թուրքիոյ ճամբորդութեան կարգախօսն է «Միակ Տէր, միակ հաւատք, միակ մկրտութիւն», քաղուած Սուրբ Պօղոսի Եփեսացիներուն ուղղուած նամակէն (Եփեսաց. 4,5) մինչ նշանաբանը, որ նուիրուած է այցելութեան նպատակին, այն է յիշատակել Նիկիոյ Տիեզերական Ժողովին 1700 ամեակը, կը պատկերացնէ Տարտանելիի կամուրջը, որ կը խորհրդանշէ Ասիայի և Եւրոպայի հանդիպումը և Քրիստոս` որպէս Աստուծոյ և մարդկութեան միջև կամուրջ։
Կամուրջին տակ կը հոսին ալիքները որոնք կը յիշեցնեն մկրտութեան ջուրը եւ Իզնիքի լիճը։ Աջին կայ 2025-ի Յոբելենական տարուան Խաչը, մինչ նշանաբանի վերին մասը, ձախին, զետեղուած են երեք շրջանակներ որոնք կը ներկայացնեն Սուրբ Երրորդութիւնը։
Ամբողջութիւնը կ՜արտայայտէ ճամբորդութեան կարգախօսը` շրջանակը խորհրդանիշն է Աստուծոյ եզակիութեան, կամուրջը միակ հաւատքը, որ կը միացնէ ժողովուրդները, ալիքները` մկրտութիւնը, որ կը վերածնի Աստուծոյ զաւակները, զանոնք հրաւիրելով կառուցելու եղբայրութիւն եւ երկխօսութիւն, ընդմէջ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի։
Լիբանան
«Երանի խաղարարներուն» այս է Լիբանանի ճամբորդութեան կարգախօսը, որ քաղուած է Մատթէոս Աւետարանիչէն, եւ կը պարունակէ այցելութեան կեդրոնական պատգամը` «մխիթարել լիբանանցի ժողովուրդը՝ խրախուսելով երկխօսութիւնը, հաշտեցումը և ներդաշնակութիւնը բոլոր համայնքներու միջև»։
Նշանաբանին մէջ պատկերացուած է Սրբազան Պապը, որ իր աջ ձեռքը բարձրացուցած է օրհնելու համար, որուն մօտ կայ աղաւնի մը, որ կը խորհրդանշէ խաղաղութիւնը եւ մայրի մը, որ կը ներկայացնէ Լիբանանը, անոր հարուստ պատմութեամբ, հաւատքով եւ միջկրօնական ներդաշնակութեամբ։
Նշանաբանին աջ կողմը զետեղուած է 2025 թուականի Յոբելեանի խաչ-խարիսխը, որ կը խորհրդանշէ Քրիստոսի հանդէպ հաւատքի վրայ ամուր հիմնուած յոյսը: Մուգ կապոյտը և բաց վարդագոյնը, կանաչը և բաց կապոյտը կ՛ արտայայտեն հանգստութիւն, միացած սպիտակի հետ, որ կ՛ արտացոլայ Լիբանանի խաղաղութեան կարօտը:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
