Որոնել

2025.10.27 Celebrazione Eucaristica con gli Studenti delle Università Pontificie

«Գծել յոյսի նոր քարտէզներ». Լեւոն ԺԴ. կը վերագործարկէ Եկեղեցւոյ կրթական առաքելութիւնը

Յոյսի նոր քարտէզներ գծելը, կը նշանակէ կրթել նրբանկատօրէն, բարձրացնել մեր հայեացքը և պաշտպանել մեր սրտերը։ Միայն այս կերպով է` որ Եկեղեցին կարող է շարունակել ըլլալ յոյսի փարոս և արհեստանոց նոր սերունդներուն համար։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Պօղոս Զ. Պապի "Gravissimum educationis" Վատիկանեան Բ.Տիեզերական ժողովի յայտարարութեան վաթսուն ամեակին առիթով, այսօր` 28 հոկտեմբերին հրատարակուեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապին ստորագրութիւնը կրող «Գծել յոյսի նոր քարտէզներ» վերտառութեամբ Եկեղեցւոյ կրթական առաքելութեան նուիրուած նոր առաքելական նամակ մը, զոր Սրբազան Պապը ստորագրեց երէկ երեկոյեան, Սուրբ Պետրոս պազիլիքային մէջ նախ քան Կրթական աշխարհի յոբելեանի բացման պատարագը մատուցելը, մասնակցութեամբ Քահանայապետական համալսարաններու ուսանողներուն։

«Gravissimum educationis» փաստաթուղթը

«Gravissimum educationis» փաստաթուղթը նուիրուած էր իւրաքանչիւր մարդ անհատի «կրթութեան» իրաւունքին ու նաեւ քրիստոնէական դաստիարակութեան, որուն մէջ կ՛ընդգծուի ծնողներուն դերը` որպէս առաջին դաստիարակներ, ապա դպրոցը` ըլլայ կաթողիկէ ըլլայ ոչ կաթողիկէ, յատուկէն անդրադառնալով նաեւ կաթողիկէ դպրոցներու միջեւ համադրումի կարեւորութեան։

Եւ ահա այս փաստաթուղթի վաթսուն ամեակին առիթով` ի լոյս ընծայուեցաւ խիտ և ծրագրային առաքելական նամակ մը, որ կը նորոգէ Եկեղեցւոյ յանձնառումը համապարփակ և ներառական կրթութեան ի սպաս, որ կարող է միացնել հաւատքը, մշակոյթը և կեանքը։

Կրթութիւնը քրիստոնէական բարեգործութեան բարձրագոյն դրսևորում

Սրբազան Պապը կը հաստատէ` որ կրթութիւնը «քրիստոնէական բարեգործութեան բարձրագոյն դրսևորումներէն մէկն է» և կոչ կ՛ընէ «քաջաբար վերակենդանացնելու» Վատիկանի Երկրորդ Տիեզերական ժողովի ժառանգութիւնը` թուային մասնատումով, անհաւասարութեամբ և յարաբերութիւններու ճգնաժամերով յատկանշուած այսօրուայ համաշխարհային իրականութեան մէջ։

Հետևելով հուսկ կաթողիկէ կրթութեան պատմութեան՝ Անապատի հայրերէն մինչև Տոն Պոսկոն եւ Մարիա Մոնթեսսորին, Լևոն ԺԴ. այդ մէկը կը սահմանէ` «գործող Հոգիի պատմութիւն», որ հիմնուած է այն համոզմունքին վրայ, որ իւրաքանչիւր մարդ Աստուծոյ պատկերն է և արժանի է կրթական ուղիներու, որոնք կը խթանեն արժանապատուութիւնը, ազատութիւնը և պատասխանատուութիւնը:

Մարդ անհատի կեդրոնականութիւնը եւ ընտանիքը` մարդկայնութեան առաջին դպրոց

Առաքելական նամակի կեդրոնական նիւթերու շարքին Սրբազան Պապը շեշտը կը դնէ մարդ անհատի կեդրոնականութեան վրայ եւ ընտանիքի վրայ, որպէս մարդկայնութեան առաջին դպրոց, ապա կ՛ ընդգծէ համապարփակ կրթութեան կարեւորութիւնը, որ պէտք է միացնէ գիտութիւնը, բարոյականութիւնը եւ հոգեւորականութիւնը։

Ան ապա կը խօսի դաստիարակող հասարակութեան արժէքի մասին, ուր բոլորը` ուսանողները, ծնողները ու հաստատութիւնները, միասին կը համագործակցին որպէս ստեղծիչ «մենք» մը։

Կաթողիկէ դպրոցներու և համալսարաններու ցանց

Սրբազան Պապին Առաքելական Նամակին մէջ շօշափած այլ նիւթերէն եղան` կրթական բնապահպանութեան մը հրատապութիւնը, որ կարողանայ միահիւսել ընկերային եւ բնապահպանական արդարութիւնը, ինչպէս նաեւ նոր արհեստագիտութիւններու եւ արհեստական բանականութեան մարդկային եւ պատասխանատու գործածութիւնը, հուսկ «Ընդհանրական կրթական համատեղութեան» կառուցումը, որ կաթողիկէ դպրոցներու և համալսարաններու ցանց է, որոնք իրար հետ կը համագործակցին սահմաններէն և մշակոյթներէն անկախ։

Ֆրանչիսկոս Պապին Համաշխարհային Կրթական Պայմանագիրի եօթը ուղիները

Լեւոն ԺԴ ապա յղում կը կատարէ Ֆրանչիսկոս Պապի «Համաշխարհային Կրթական Պայմանագիրի» եօթը ուղեւորութիւններուն` որոնք են մարդ անհատը ընտրել` որպէս կեդրոն, ունկնդրել մանուկներն ու երիտասարդները, խթանել արժանապատւութիւնը եւ կիներուն լիարժէք մասնակցութիւնը, ճանչնալ ընտանիքը` որպէս առաջին դաստիարակ, բացուիլ հիւրընկալութեան եւ ներառումին, նորոգել մարդու ծառայութեան ի սպաս տնտեսութիւնն ու քաղաքականութիւնը, ապա պաշտպանել հասարակաց բարիքը։ Ուղեւորութիւններ զոր Քահանայապետը կը նկատէ «աստղեր»` որոնք ներշնչում եղան աշխարհի մէջ դպրոցներու, համալսարաններու ու դաստիարակչական հասարակութիւններու, ստեղծելով մարդկայնացումի գործնական գործընթացքներ։

Նոր եղանակ` որ խօսի նոր սերունդներու սրտին

«Gravissimum educationis»-էն վաթսուն տարիներ ետք եւ Կրթական Պայմանագիրէն հինգ տարիներ ետքը պատմութիւնը մեզ դարձեալ կը հարցաքննէ հրատապ կերպով» կը գրէ Լեւոն ԺԴ.ը բոլոր կրթական իրականութիւններէն խնդրելով, որ սկիզբ տան նոր եղանակի մը` որ «խօսի նոր սերունդներու սրտին» եւ ասկէ մեկնելով Ֆրանչիսկոս Պապին վերոնշեալ եօթը ուղիներուն կ՛աւելցնէ երեք նոր առաջնահերթութիւններ։

Ներքին կեանք

«Առաջինը կը վերաբերի ներքին կեանքին. երիտասարդները կը պահանջեն խորութիւն, անոնց անհրաժեշտ են լռութեան, զանազանութեան և իրենց խղճի և Աստուծոյ հետ երկխօսութեան տարածքներ»:

Մարդկային թուայնացում

«Երկրորդը կը վերաբերի մարդկային թուայնացումին. կազմաւորենք արհեստագիտութեան և արհեստական ​​բանականութեան իմաստուն օգտագործում՝ մարդս դնելով ալկորիթմէն վեր և ներդաշնակեցնելով տեխնիքական, յուզական, սոցիալական, հոգևոր և բնապահպանական բանականութիւնը»:

Զինաթափ եւ զինաթափող խաղաղութիւն

«Եւ երրորդը կը վերաբերի զինաթափուած և զինաթափող խաղաղութեանը. կրթենք ոչ բռնի լեզուներով, հաշտեցմամբ, կամուրջներով, եւ ոչ թէ պատերով. «Երանի՛ խաղաղարարներուն» (Մատթ. 5։9) արտայայտութիւնը թոյ դառնայ ուսուցման մեթոդ և բովանդակութիւն» կը կարդանք «Գծել Յոյսի նոր ուղիներ» առաքելական նամակին մէջ որուն աւարտին Սրբազան Պապը կրթական համայնքներէն՝ կը խնդրէ զինաթափել խօսքերը, բարձրացնել հայեացքները, պահպանել սրտերը»։

Կրթութիւնը կը զարգանայ ունկնդրող հեզութեան միջոցաւ

Ասկէ մեկնելով նորին Սրբութիւնը կը հրաւիրէ «զինաթափեցնելու խօսքերը, քանի որ կրթութիւնը չի զարգանար բանավէճերու միջոցաւ, այլ լսող հեզութեան միջոցաւ։ «Բարձրացուցէք ձեր հայեացքը» կը գրէ Լեւոն ԺԴ. ակնարկելով Աստուծոյ Աբրահամին ուղղած խօսքերուն. «Նայիր դէպի երկինք և հաշուէ աստղերը» (Ծննդ. 15։5)։ «Պահպանեցէք ձեր սրտերը» կը շարունակէ Ան հաստատելով որ` «յարաբերութիւնները աւելի առաջնահերթ են քան կարծիքները, մարդիկը՝ ծրագիրներէն»։ «Մի՛ վատնէք ժամանակն ու հնարաւորութիւնները» կը գրէ հուսկ ի միջի այլոց Սրբազան Պապը, որ ապա իրը կ՛ ընէ Պօղոս առաքեալի յորդորը. «Դուք պէտք է փայլիք ինչպէս աստղերը աշխարհին մէջ՝ ամուր բռնած կեանքի խօսքը» (Փիլիպ. 2։15-16)։

Յոյսի նոր քարտէզներ գծելը, կը նշանակէ կրթել նրբանկատօրէն, բարձրացնել մեր հայեացքը և պաշտպանել մեր սրտերը։ Միայն այս կերպով է` որ Եկեղեցին կարող է շարունակել ըլլալ յոյսի փարոս և արհեստանոց նոր սերունդներուն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/10/2025, 12:00