Լեւոն ԺԴ ստորագրեց դաստիարակութեան հայող փաստաթուղթ մը` «Գծել յոյսի նոր քարտէզներ»
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Երկուշաբթի 27 Հոկտեմբերի կէսօրէն ետքը ժամը 17,15-ին Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը Սուրբ Պետրոս պազիլիքայի մէջ Քահանայապետական համալսարաններու աշակերտներուն հետ կատարուած Կրթութեան նուիրուած Յոբելենական շաբաթուայ բացման պատարագէն անմիջապէս առաջ, Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ ստորագրեց Առաքելական Նամակ մը` որուն պարունակութիւնը կը հրատարակուի վաղը` 28 հոկտեմբերին Պօղոս Զ Պապի "Gravissimum educationis" վատիկանեան տիեզերական Բ. ժողովի յայտարարութեան վաթսուն ամեակին առիթով։
Առաքելական նամակի բնաբանն է «Գծել յոյսի նոր քարտէզներ»
Ստորագրութեան պահուն Քահանայապետի մօտ կը գտնուէր Կարդինալ Խօսէ Թոլենթինօ Տէ Մենտոնսան` Մշակոյթի եւ Դաստիարակութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչը։
Ստորագրութենէն ետքը Սրբազան Պապը գլխաւորեց վերոնշեալ սուրբ պատարագը։
«Gravissimum educationis» փաստաթուղթը նուիրուած էր իւրաքանչիւր մարդ անհատի «կրթութեան» իրաւունքին ու նաեւ քրիստոնէական դաստիարակութեան որուն մէջ կ՛ընդգծուի նաեւ ծնողներուն դերը որպէս առաջին դաստիարակներ, ապա դպրոցը ըլլայ կաթողիկէ ըլլայ ոչ կաթողիկէ յատուկէն անդրադառնալով նաեւ կաթողիկէ դպրոցներու միջեւ համադրումի կարեւորութեան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
