Սրբազան Պապը հանդիպում ունեցաւ Պահրէյնի Թագաւորութեան թագաժառանգ վարչապետին հետ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Այսօր, Վատիկանի Առաքելական պալատէն ներս Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը ունկնդրութիւն շնորհեց Պահրէյնի Թագաւորութեան Թագաժառանգ և Վարչապետ` Նորին Վսեմութիւն Իշխան Սալման պին Համատ Ալ Խալիֆային, որ ապա հանդիպում ունեցաւ Պետական Քատուղար` Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ, որուն կ՛ընկերանար Գերապ. Միրոզլաւ Սթանիզլաւ Վաչովսքին» լուրը կը կարդանք Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին կողմէ հրատարակուած հաղորդագրութեան մէջ ու նաեւ նշուած է. Պետականքարտուղարութեան մէջ տեղի ունեցած ջերմ քննարկումներու ընթացքին գոհունակութիւն յայտնուեցաւ երկկողմ լաւ յարաբերութիւններուն համար եւ համաձայն գտնուելով զանոնք աւելիով ամրապնդելու ցանկութեան վերաբերեալ: Այնուհետև քննարկումը կենտրոնացաւ Պահրէյնի Թագաւորութեան կողմէ Թագաւորութեան տարբեր կրօններու միջև միջկրօնական երկխօսութեան և խաղաղ համակեցութեան խթանման քաղաքականութեան վրայ:
Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի նաեւ` որ «անդրադարձ կատարուեցաւ ընդհանուր հետաքրքրութիւն ներկայացնող որոշ հարցերու, ինչպիսիք են Մերձաւոր Արևելքի պատերազմը դադրեցնելու հրատապ անհրաժեշտութիւնը և ազգերու միջև խաղաղութեան հաստատման յանձնառութիւնը»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
