2025.09.29 Sua Altezza Reale il Principe Salman bin Hamad Al Khalifa, Principe e Primo Ministro del Regno del Bahrein

Սրբազան Պապը հանդիպում ունեցաւ Պահրէյնի Թագաւորութեան թագաժառանգ վարչապետին հետ

Պետական ​​քարտուղարութեան մէջ տեղի ունեցած ջերմ քննարկումներու ընթացքին գոհունակութիւն յայտնուեցաւ երկկողմ լաւ յարաբերութիւններուն համար եւ համաձայն գտնուելով զանոնք աւելիով ամրապնդելու ցանկութեան վերաբերեալ: Այնուհետև քննարկումը կենտրոնացաւ Պահրէյնի Թագաւորութեան կողմէ Թագաւորութեան տարբեր կրօններու միջև միջկրօնական երկխօսութեան և խաղաղ համակեցութեան խթանման քաղաքականութեան վրայ:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Այսօր, Վատիկանի Առաքելական պալատէն ներս Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը ունկնդրութիւն շնորհեց Պահրէյնի Թագաւորութեան Թագաժառանգ և Վարչապետ` Նորին Վսեմութիւն Իշխան Սալման պին Համատ Ալ Խալիֆային, որ ապա հանդիպում ունեցաւ Պետական Քատուղար` Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ, որուն կ՛ընկերանար Գերապ. Միրոզլաւ Սթանիզլաւ Վաչովսքին» լուրը կը կարդանք Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին կողմէ հրատարակուած հաղորդագրութեան մէջ ու նաեւ նշուած է. Պետական​​քարտուղարութեան մէջ տեղի ունեցած ջերմ քննարկումներու ընթացքին գոհունակութիւն յայտնուեցաւ երկկողմ լաւ յարաբերութիւններուն համար եւ համաձայն գտնուելով զանոնք աւելիով ամրապնդելու ցանկութեան վերաբերեալ: Այնուհետև քննարկումը կենտրոնացաւ Պահրէյնի Թագաւորութեան կողմէ Թագաւորութեան տարբեր կրօններու միջև միջկրօնական երկխօսութեան և խաղաղ համակեցութեան խթանման քաղաքականութեան վրայ:

Հաղորդագրութեան մէջ  կը նշուի նաեւ` որ «անդրադարձ կատարուեցաւ ընդհանուր հետաքրքրութիւն ներկայացնող որոշ հարցերու, ինչպիսիք են Մերձաւոր Արևելքի պատերազմը դադրեցնելու հրատապ անհրաժեշտութիւնը և ազգերու միջև խաղաղութեան հաստատման յանձնառութիւնը»։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/09/2025, 13:11