Որոնել

Սուտան, բնական աղէտ Սուտան, բնական աղէտ  (AFP or licensors)

Քահանայապետը ցաւակցութիւն կը յայտնէ Տարֆուրի մէջ տեղի ունեցած ողբերգութեան կապակցութեամբ։

Վատիկանի Պետական քարտուղարը Քահանայապետին անունով ցաւակցական գիր յղեց Սուտանի մէջ սողանքի հետեւանքով արձանագրուած հազարէ աւելի զոհերուն համար

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Վատիկանի Պետական քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը, Լեւոն ԺԴ. Պապին անունով ցաւակցական գիր մը յղեց Սուտանի մէջ սողանքի հետեւանքով  հազարէ աւելի զոհերուն համար։

Քահանայապետը խորապէս տխրած է Սուտանի Տարֆուր մարզի Թարասին շրջանի մէջ սողանքի հետեւանքով զոհուած անձերուն համար ու իր մօտիկութիւնը կ՝ապահովէ այդ աղէտէն տուժածներուն ինչպէս նեաւ  իր աղօթքը սգաւորներուն եւ փրկարարներուն։

Քահանայապետը կը քաջալերէ քաղաքացիական իշխանութիւնները եւ շտապ օգնութեան մարմինները իրենց փրկարարական աշխատանքներուն մէջ
հայցելով Ազգին վրայ Աստուածային սփոփանքն ու օրհնութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/09/2025, 14:28