Քահանայապետը ցաւակցութիւն կը յայտնէ Տարֆուրի մէջ տեղի ունեցած ողբերգութեան կապակցութեամբ։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Վատիկանի Պետական քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը, Լեւոն ԺԴ. Պապին անունով ցաւակցական գիր մը յղեց Սուտանի մէջ սողանքի հետեւանքով հազարէ աւելի զոհերուն համար։
Քահանայապետը խորապէս տխրած է Սուտանի Տարֆուր մարզի Թարասին շրջանի մէջ սողանքի հետեւանքով զոհուած անձերուն համար ու իր մօտիկութիւնը կ՝ապահովէ այդ աղէտէն տուժածներուն ինչպէս նեաւ իր աղօթքը սգաւորներուն եւ փրկարարներուն։
Քահանայապետը կը քաջալերէ քաղաքացիական իշխանութիւնները եւ շտապ օգնութեան մարմինները իրենց փրկարարական աշխատանքներուն մէջ
հայցելով Ազգին վրայ Աստուածային սփոփանքն ու օրհնութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
