Քահանայապետին ցաւը ԱՄՆ-ի կաթողիկէ դպրոցի մը մէջ կրակոցի եւ երկու մանուկներու մահուան ի լուր
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Լեւոն ԺԴ մեծ տխրութեամբ ստացաւ Մինէափոլիսի Annunciation Church-ին մէջ տեղի ունեցած կրակոցին լուրը. Կը կարդանք Սուրբ Աթոռի Պետական քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող հեռագիրի մը մէջ զոր Սրբազան Պապը ուղարկեց Saint Paul եւ Minneapolis-ի Արքեպիսկոպոս Պերնարտ Էպտայի։ Առաջին տուեալներու համաձայն կան երկու զոհ` 8 եւ 10 տարեկան մանուկներ, ապա 17 այլ վիրաւոր որոնցմէ 14 մանուկներ են եւ անոնցմէ եօթն ծանր վիճակի մէջ։
Կրակը բացող անհատը ապա անձնասպան եղած է։
Սրբազան Քահանայապետը «իր խորին ցաւակցութիւնը կը յայտնէ և կը հաւաստիացնէ իր հոգևոր մօտիկութիւնը այս սարսափելի ողբերգութիւնէն տուժած բոլոր անձերուն», յատկապէս այն ընտանիքներուն, «որոնք այժմ կը սգան իրենց զաւկին կորուստը» գրուած է հեռագիրին մէջ, ուր ապա Լևոն ԺԴ-ը «մահացած երեխաներու հոգիները կը վստահի Ամենակարող Աստուծոյ սիրուն» և իր աղօթքները կը հաւաստիացնէ «վիրաւորներուն, ինչպէս նաև փրկարարներուն, առողջապահութեան գործիչներուն և կղերի անդամներուն համար, որոնք հոգ կը տանին անոնց եւ անոնց սիրելիներուն»։
Հեռագիրը կ՛աւարտի Լեւոն ԺԴ Քահանայապետին առաքելական օրհնութամեաբ ջամբուած Annunciation Catholic School եւ Saint Paul եւ Minneapolis-ի Աւագ Թեմի հասարակութիւններուն ու և «Twin Cities» քաղաքներու տարածքի բոլոր բնակիչներուն՝ որպէս «խաղաղութեան, ուժի և մխիթարութեան գրաւական Տէր Յիսուսին մէջ»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
