Մինէափոլիսի  Annunciation Church Եկեղեցին Մինէափոլիսի Annunciation Church Եկեղեցին  

Քահանայապետին ցաւը ԱՄՆ-ի կաթողիկէ դպրոցի մը մէջ կրակոցի եւ երկու մանուկներու մահուան ի լուր

Կարդինալ Փարոլինի կողմէ ստորագրուած հեռագիրի մը մէջ Լևոն ԺԴ-ը ցաւակցութիւն յայտնած է ԱՄՆ-ի Մինէափոլիս քաղաքին մէջ տեղի ունեցած «սարսափելի ողբերգութեան» համար: Յարձակումը տեղի ունեցաւ դպրոցական համալիրի տարածքին մէջ գտնուող եկեղեցւոյ մէջ այնտեղ մատուցուած պատարագի ժամանակ: Պատուհաններէն արձակուած կրակոցներու հետևանքով զոհուեցան երկու մանուկներ և վիրաւորուած այլ 17 անձեր:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Լեւոն ԺԴ մեծ տխրութեամբ ստացաւ Մինէափոլիսի Annunciation Church-ին մէջ տեղի ունեցած կրակոցին լուրը. Կը կարդանք Սուրբ Աթոռի Պետական քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող հեռագիրի մը մէջ զոր Սրբազան Պապը ուղարկեց Saint Paul եւ Minneapolis-ի Արքեպիսկոպոս Պերնարտ Էպտայի։ Առաջին տուեալներու համաձայն կան երկու զոհ` 8 եւ 10 տարեկան մանուկներ, ապա 17 այլ վիրաւոր որոնցմէ 14 մանուկներ են եւ անոնցմէ եօթն ծանր վիճակի մէջ։

Կրակը բացող անհատը ապա անձնասպան եղած է։

Սրբազան Քահանայապետը «իր խորին ցաւակցութիւնը կը յայտնէ և կը հաւաստիացնէ իր հոգևոր մօտիկութիւնը  այս սարսափելի ողբերգութիւնէն տուժած բոլոր անձերուն», յատկապէս այն ընտանիքներուն, «որոնք այժմ կը սգան իրենց զաւկին կորուստը» գրուած է հեռագիրին մէջ, ուր ապա Լևոն ԺԴ-ը «մահացած երեխաներու հոգիները կը վստահի Ամենակարող Աստուծոյ սիրուն» և իր աղօթքները կը հաւաստիացնէ «վիրաւորներուն, ինչպէս նաև փրկարարներուն, առողջապահութեան գործիչներուն և կղերի անդամներուն համար, որոնք հոգ կը տանին անոնց եւ անոնց սիրելիներուն»։

Հեռագիրը կ՛աւարտի Լեւոն ԺԴ Քահանայապետին առաքելական օրհնութամեաբ ջամբուած Annunciation Catholic School եւ Saint Paul եւ Minneapolis-ի Աւագ Թեմի հասարակութիւններուն ու և «Twin Cities» քաղաքներու տարածքի բոլոր բնակիչներուն՝ որպէս «խաղաղութեան, ուժի և մխիթարութեան գրաւական Տէր Յիսուսին մէջ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/08/2025, 06:02