Աղօթենք Քափօ Տելկատոյի եւ Ուքրանիոյ մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն համար. Սրբազան Պապին կոչերը
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
24 օգոստոսի Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքէն ետքը Լեւոն ԺԴ Սրբազան Պապը ողջունելով աղօթքին առիթով սուրբ Պետրոս հրապարակ ժամանած ուխտաւորները իր մօտիկութիւնը արտայայտեց Մոզամպիքի Քափօ Տելկատոյի բնակչութեան, որ «զոհ է անապահովութեան և բռնութեան իրավիճակի մը, որ կը շարունակէ պատճառ դառնալ մահերու և տեղահանումներու» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու կոչ ուղղեց «չմոռնալու այդ մեր քոյրերն ու եղբայրները» ապա հրաւիրեց «աղօթել անոնց համար, յոյս յայտնելով` որ երկրի ղեկավարներու ջանքերը յաջողութեամբ վերականգնեն անվտանգութիւնն ու խաղաղութիւնը»։
Նորին Սրբութիւնը ապա հրաւիրեց միանալ Ուքրանացիներու խաղաղութեան նուիրուած աղօթքին, յիշելով` թէ ինչպէս անցեալ Ուրբաթ 22 օգոստոսին, «աղօթքով եւ պահքով ընկերացանք պատերազմէ տառապող եղբայրներուն եւ քոյրերուն» ու աւլեցնելով` որ «Այսօր կը միանանք մեր ուքրանացի եղբայրներուն որոնք «Ուքրանիոյ ի սպաս համաշխարհային Աղօթք» հոգեւոր ձեռնարկով Տիրոջմէ կը հայցեն որ խաղաղութիւն պարգեւէ իրենց նահատակ Երկրին» ըսաւ ի միջի այլոց Սրբազան Պապը, ապա ողջունեց հրապարակ ժամանած ուխտաւորներու զանազան խումբերը հուսկ հրաժեշտ առաւ անոնցմէ մաղթելով բարի Կիրակի։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
