Որոնել

Ucraina: colpito settore residenziale della citt� di Sumy

Կ՛աղօթեմ Աստուծոյ` որպէսզի Ուքրանիոյ մէջ լռեն զէնքերը ու բացուի երկխօսութեան ուղին. Լեւոն ԺԴ.

Ուքրանիոյ ազգային տօնին առիթով նախագահ Վոլոտիմիր Զենելնսքիին ուղղած պատգամի մը մէջ Քահանայապետը իր մօտիկութիւնը կը յայտնէ Ուքրանիոյ ժողովուրդին Ամենակալէն հայցելով որ մխիթարէ բոլոր անոնք\ որոնք կը տառապին պատերազմի հետեւանքով
Ունկնդրէ այս եւ օրուան այլ լուրերը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Կիրակի 24 օգոստոս 2025-ին Ուքրանիոյ ազգային տօնին առիթով, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը պատգամ մը յղած է Ուքրանիոյ նախագահ` Վոլոտոմիր Զենելսքիին. Անոր ապահովեցնելով իր աղօթքները «Ուքրանիոյ ժողովուրդին համար` որ կը տառապի պատերազմի պատճառաւ, յատկապէս բոլոր անոնց համար, որոնք վիրաւոր են, անոնց, որոնք կորսնցուցին իրենց հարազատները եւ անոնց, որոնք զրկուած են իրենց տուներէն»

«Ձեր երկիրը աւերող բռնութիւնէն վիրաւոր սրտով ձեզի կը դիմեմ», - գրած է Քահանայապետը Աստուծմէ խնդրելով մխիթարել հակամարտութեան հետևանքներէն տուժածները, զօրացնել «վիրաւորները» և «յաւերժական հանգիստ պարգևէ մահացածներուն»։

Նորին Սրբութիւնը ապա Ամենակարողէն հայցած է «շարժեցնել բարի կամքի տէր մարդոց սրտերը» և «լռեցնել զէնքի աղաղակը՝ տեղ տալով «երկխօսութեան» և բանալով «բոլորի բարօրութեան ի սպաս «խաղաղութեան ճանապարհը»։

«Ես ձեր ազգը կը վստահիմ Սուրբ Կոյս Մարիամին՝ Խաղաղութեան Թագուհիին», - գրած է պատգամի աւարտին Լեւոն ԺԴ.

Ուքրանիոյ նախագահ Զելենսքին իր X ընկերային ցանցին վրայ հրատարակելով Վերոնշեալ Քահանայապետական պատգամը շնորհակալութիւն յայտնեց Լեւոն ԺԴ. անոր ուքրանիոյ ժողովուրդին ցուցաբերած մօտիկութեան եւ ուշադրութեան համար, ինչպէս նաեւ «Բարոյական առաջնորդութեան և առաքելական աջակցութեան»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/08/2025, 11:54