Լեւոն ԺԴ. կոչերը ի նպաստ զինադադարի ու մարդկային արժանապատւութեան յարգանքին
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
«Սիրտս մօտիկ է բոլոր անոնց, որոնք կը տառապին աշխարհի մէջ հակամարտութիւններու ու բռնութիւններու պատճառաւ։ Յատուկէն կ՜աղօթեմ այն անձերուն համար, որոնք ներգրաւուած են Թայլընտի եւ Քամպոճայի սահմանին վրայ բախումներու մէջ, մասնաւորապէս մանուկներուն եւ տեղահան ընտանիքներուն։ Թող` որ խաղաղութեան իշխանը ներշնչէ բոլորը, որպէսզի փնտռեն երկխօսութիւնն ու հաշտութիւնը». Այս եղաւ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին ուղղած կոչերէն մին, կիրակի` 27 Յուլիս 2025-ի կէսօրին արտասանած Մարեմեան աղօթքէն ետքը։
Տարեցներու ու Պապիկ Մամիկներու հինգերորդ համաշխարհային օր
Կոչէն առաջ Քահանայապետը յիշած էր` նոյն օրը յիշատակուող Տարեցներու ու Պապիկ Մամիկներու հինգերորդ համաշխարհային օրը, որուն այս տարուայ բնաբանն է «Երանի անոր` որ յոյսը չէ կորսնցուցած»։
«Նայինք մեծ հայրերուն, մեծ մայրերուն ու տարեցներուն, որպէս յոյսի վկաներ, կարող լուսաւորելու նոր սերունդներուն ճանապարհը։ Զանոնք միայնակ չթողունք, այլ անոնց հետ կնքենք սիրոյ եւ աղօթքի դաշինք մը» ըսաւ Քահանայապետը։
Կոչ` հրադադարի, պատանդներու ազատ արձակման և մարդասիրական իրաւունքի լիակատար յարգանքին
Ան ապա յատուկ աղօթքներ ապահովեց Սուրիոյ հարաւի մէջ տեղի ունեցած բռնութիւններու զոհերուն ապա նշեց, որ «մեծ մտահոգութեամբ կը հետեւի Կազայի մէջ տիրող մարդասիրական ծանր իրավիճակին, ուր քաղաքացիական բնակչութիւնը ճնշուած է սովէն և կը շարունակուի ենթարկուիլ բռնութեան ու մահուան»։
«Կը նորոգեմ իմ սրտաբուխ կոչս` հրադադարի, պատանդներու ազատ արձակման և մարդասիրական իրաւունքի լիակատար յարգանքին» յարեց Սրբազան Պապը հաստատելով, որ «Իւրաքանչիւր մարդ ունի ներքին արժանապատուութիւն, որ շնորհուած է Աստուծմէ։ Ես կոչ կ՛ընեմ բոլոր հակամարտութիւններու մէջ ներգրաւուած կողմերուն ճանչնալու այս արժանապատուութիւնը և դադրեցնելու անոր հակասող ցանկացած գործողութիւն։ Կը խրախուսեմ բանակցիլ բոլոր ժողովուրդներու համար խաղաղ ապագայի շուրջ և մերժել այն ամէն բաները, որոնք կարող են վտանգել անոր» եղան Լեւոն ԺԴ.ին արտասանած խօսքերը որմէ ետքը` «Խաղաղութեան Թագուհի Սուրբ Կոյս Մարիամին յանձնեց հակամարտութիւններու անմեղ զոհերը ու կառավարիչները, որոնք իշխանութիւնն ունին անոնց վերջ դնելու»։
Երիտասարդներու Յոբելեանը
Ան առ այդ ողջունեց Ռատիօ Վատիկան – Վատիկան Նիուզի նոր կայանը ապա Իտալիոյ, Եւրոպայի ու աշխարհի տարբեր քաղաքներէն ժամանած ուխտաւորները. յատուկէն ողջունելով հազարաւոր երիտասարդները. որոնք արդեն Հռոմ ժամանած են մասնակցելու համար վաղը սկիզբ առնող Երիտասարդներու Յոբելեանին։
«Կը մաղթեմ` որ անիկա իւրաքանչիւրդ համար ըլլայ առիթ` հանդիպելու Քրիստոսին ու անոր հետ ամրապնդուելու հաւատքի մէջ ու առիթ` անոր հետեւելու հետեւողական յանձնառութեամբ» ըսաւ Լեւոն ԺԴ. այս նոյն հրաւէրը ուղղելով անգլերէն եւ սպաներէն լեզուներով ։
Ան ապա խօսքը աւարտեց յիշեցնելով, որ այսօր երեկոյեան Թեվերէ գետին վրայ տեղի պիտի ունենայ «ֆիումարոլա» Տիրամօր թափօրը, մաղթելով որ` այս մարեմեան գեղեցիկ աւանդութեան բոլոր մասնակցողները կարողանան Յիսուսի Մօրմէն սորվիլ Աւետարանը ապրիլ առօրեայ կեանքին մէջ։
«Բոլորիդ կը մաղթեմ բարի կիրակի» ըսաւ հուսկ Լեւոն ԺԴ հրաժեշտ առնելով ներկաներէն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
