Սրբազան Պապը ողջունեց Ռատիօ Վատիկան - Վատիկան նիուզի նոր կայանը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Կիրակի` 27 Յուլիս 2025ի կէսօրին Առաքելական Պալատի գրասենեակէն արտասանած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի աւարտին Լեւոն ԺԴ. ողջունելով աղօթքին առիթով հրապարակ համախմբուած հազարաւոր հաւատացեալները յատուկ ողջոյնի խօսք մը ուղղեց Վատիկանի ձայնասփիւռին եւ Vatican News-ին, որ, ըսաւ Ան, «Յոբելեանի ընթացքին հաւատացեալներուն և ուխտաւորներուն աւելի մօտ ըլլալու համար, Osservatore Romano-ի հետ միասին Պերնինիի սիւնաշարի տակ բացած է փոքրիկ կայան մը»։
«Շնորհակալութիւն ձեր բազմալեզու ծառայութեան համար, որ Սրբազան Պապին ձայնը կը հասցնէ աշխարհին, և շնորհակալութիւն բոլոր լրագրողներուն, որոնք կը նպաստեն խաղաղութեան և ճշմարտութեան հաղորդակցութեան» ըսաւ ի միջի այլոց Նորին Սրբութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
